ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Փրկութիւնը կարելի է

Եթէ ոչ փոխազդեցութեամբ, հապա ինչով բացատ­րել Թուրքիոյ եւ անոր մէջ հայ հա­մայնքի են­թարկուած հսկայ ալե­կոծու­մը։

Եր­կի­րը նա­խագահ Էր­տո­ղանի մե­նատի­րու­թեան սի­րոյն մատ­նուած է իր պատ­մութեան եւս մէկ ճգնա­ժամա­յին փու­լին։ Օրէնսդրա­կան զօ­րու­թիւնը կորսնցու­ցած խորհրդա­րանը ամ­բողջո­վին անձնա­տուր եղած է կա­ռավա­րու­թեան։ Իսկ կա­ռավա­րու­թիւնը իր կազ­մութեան օրէն սկսեալ անձնա­տուր եղած է Էր­տո­ղանին։ Էր­տո­ղան ալ իր կար­գին են­թա­կայ է հա­մաշ­խարհա­յին դե­րակա­տար­նե­րու յա­րատե­ւօրէն փո­փոխա­կի ռազ­մա­վարու­թիւննե­րուն։

Ըստ երե­ւոյ­թի դիւ­րին էր բա­նակին «Ան­ցիր Սու­րիոյ սահ­մա­նը եւ այն տեղ որոշ տա­րած­քի մը վրայ ապա­հովէ մեր իշ­խա­նու­թիւնը» հրա­մայել։ Բայց նոյնքան դիւ­րին չէ յայ­տա­րարուած խոս­տումնե­րը առանց իրա­կանաց­նե­լու «ալ կը բա­ւէ, ետ եկէք» ըսել։ ահա այս իրո­ղու­թիւնն է որ շատ ան­գամ կը բա­ցատ­րուի ճախ­ճա­խու­տի փոր­ձանքով։ Իրաւ ալ ճախ­ճա­խուտ մխրճուիլը դիւ­րի­ն է՛ բայց հոն­կէ դուրս գա­լը բա­ւական դժուար։ Ցա­ւօք այստեղ նշուած ճախ­ճա­խու­տը սահ­մա­նուած չէ միայն Սու­րիոյ պա­տերազ­մի պատ­ճա­ռած սար­սա­փով։ Եր­կի­րը մատ­նուած է նաեւ տնտե­սական ծանր ճգնա­ժամին, որուն մա­սին ընդհան­րա­պէս չեն խօ­սիր երկրի իշ­խա­նու­թիւննե­րը։ Անոնք տա­կաւին կը հո­լովեն «Եւ­րո­պացի­ները մեր օդա­կայա­նը կը նա­խան­ձին կամ կա­մուրջը կը նա­խան­ձին»ի նման անի­մաստ խօս­քե­րով։ Հա­սարա­կու­թեան ազ­գա­յին զգա­ցումնե­րը շո­յելով այսպէս յե­րիւ­րա­ծոյ պատ­մութիւններ հիւ­սե­լը թե­րեւս պա­հի տե­ւողու­թեամբ հմա­յեն զան­գուած­նե­րը, բայց վերջ ի վեր­ջոյ մար­դիկ կ՚անդրա­դառ­նան իրենց քսա­կի սնան­կացման։ Այդ պա­հէն ետք բնաւ դիւ­րին չէ նման ան­միտ խօս­քե­րով հա­սարա­կու­թիւնը հա­մոզել։ Բո­լորս գի­տենք որ երկրի հաշ­ւոյն բա­ւակա­ն սուղ ար­ժած է ռու­սա­կան ռազ­մա­կան սա­ւառ­նա­կի խոր­տա­կու­մը թրքա­կան բա­նակի ձեռ­քով։ Առա­ջին հեր­թին «ինչ որ պէտք էր ան ըրինք, եթէ հարկ ըլ­լայ դար­ձեալ կ՚ընենք» յայ­տա­րարու­թիւննե­րը շու­տով ետ քայլ ըրին ներ­կա­յաց­նե­լով ծի­ծաղե­լի պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն մը՝ «բա­նակի մէջ թաք­նուած Կիւ­լե­նական­նե­րը կոր­ծա­նած էին ռու­սա­կան ինքնա­թիռը»՝ պար­զե­լու հա­մար թէ իրենք ան­մեղ են եւ օդա­նաւը խոր­տա­կուած է Կիւ­լե­նի հա­ւատա­րիմ բա­նակա­յին­նե­րու դա­ւադ­րութեամբ։

Զար­մա­նալի երե­ւոյթ է որ երկրին այս տե­սակի մե­նատի­րական վար­չութեան մը թե­քուե­լու պա­հուն պոլ­սա­հայոց Պատ­րիար­քա­րանն ալ կը ներշնչուի նա­խագա­հի կա­մայա­կան վար­չութե­նէն եւ կը փոր­ձէ պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւննե­րը շրջան­ցե­լով գա­հակա­լով օժտել Թուրքիոյ պատ­րիար­քա­կան աթո­ռը։ Այստեղ եւս ան­լուծե­լի բար­դութիւններ մէ­կը միւ­սին վրայ աւել­նա­լով կը գո­յաց­նեն հան­գոյց մը։

13 Փետ­րուար թուակիր Կրօ­նական Ժո­ղովի նիս­տին Սա­հակ Ար­քեպիսկո­պոս Մա­շալեան փոր­ձեց իր սրա­ծայր թու­րի հա­րուա­ծով լու­ծել հան­գոյցը։ Ար­դեօք կա­րելի՞ է։ Սրբա­զանի թու­րի հա­րուա­ծը բա­ւական ու­շա­ցած մի­ջամ­տութիւն մըն է։ Մի­ջամ­տութիւն մը՝ որ ըստ իր յայ­տա­րարու­թեան, ծա­գած է Կրօ­նական Ժո­ղովի ըն­թացքին իր առա­ջար­կին մեր­ժուելով։ Ան չի բա­ւարա­րուիր «տհաճ հոտ» բա­ցատ­րութեամբ եւ կո­յու­ղիի հո­տով կը ներ­կա­յաց­նէ իր ալ որ­պէս Բ. նա­խագահ պաշ­տօ­նավա­րած «Յո­վակիմ 1461» հիմ­նադրա­մը։ Ծանր մե­ղադ­րանքներ կը տե­ղաց­նէ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­նե­րու հաս­ցէին։ Կրնանք հա­մաձայ­նիլ այս մե­ղադ­րանքնե­րուն ալ, քա­նի որ մենք նոյն բա­ները կ՚աղա­ղակենք տա­րինե­րէ ի վեր։ Հար­ցումը կը մնայ նոյ­նը՝ «եթէ Սա­հակ Սրբա­զան յա­ջողէր իր առա­ջարկնե­րը ըն­դունե­լի դարձնել Կրօ­նական Ժո­ղովին, պի­տի փոր­ձէ՞ր նման յայ­տա­րարու­թիւնով մը հան­րութեան ներ­կա­յանալ»։ Չէ որ կո­յու­ղիի հո­տը առա­ջին օրէն իսկ առ­կայ էր եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վա­րիչ­ներն ալ, միշտ բա­ցառու­թիւննե­րը յար­գե­լով, տա­րինե­րէ ի վեր հե­ղինա­կու­թե­նէ զուրկ դի­մագիծ մը կը պար­զեն։

Թուրքիոյ հայ հա­մայնքը զար­մա­նալիօրէն փո­խադարձ ազ­դե­ցու­թեան մէջ է երկրի վար­չա­կար­գին հետ։ Բայց մենք յոյ­սով ենք, շու­տով կը փո­խուի թէ՛ երկրի, թէ հա­մայնքի այս տխուր ճա­կատա­գիրը։