ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Բնութագրել հայրենի երկիրը

Իմ պապենական երկրի՝ Սեբաստիոյ աշխարհագրական դիրքը Թուրքիոյ տեսանկիւնով կը գնահատուի երկրի արեւելեան հատուա­ծի սկզբնա­կէտը։ Հայ­կա­կան տե­սան­կիւնով ան պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի արեւմտեան ծայ­րա­մասն է։

Հա­րուստ ու տխուր պատ­մութիւն մը կը ներ­կա­յաց­նէ այս քա­ղաքը։ Հա­րուստ է իր բազ­մե­րան­գութեամբ։ Ան զա­նազան ցե­ղերու բնօր­րա­նը եղած է։ Եթէ բազ­մե­րանգ պի­տի կո­չենք, գիտ­նա­լու ենք թէ այդ երանգնե­րը, թէ տոհ­մա­յին, ազ­գա­յին բնոյթ ու­նին եւ թէ կրօ­նական դա­ւանան­քա­յին։ Սխալ պի­տի չըլ­լայ ըսել, թէ այդ զա­նազա­նու­թիւնը միշտ ցաւ պատ­ճա­ռած է քա­ղաքի պատ­մութեան։ Վեր­ջա­պէս Լենք Թի­մուր հոն է որ կո­տորած է բազ­մա­թիւ ժո­ղովուրդ յար­գե­լով իր խոս­տումը, ըստ որու առանց կա­թիլ մը արիւն հո­սեց­նե­լու։ Հա­յոց աւա­գանին նկա­տելով Լենք Թի­մու­րի սար­սա­փազ­դու բա­նակի հզօ­րու­թեան դէմ իրենց ան­ճա­րու­թիւնը, անձնա­տուր եղած են առանց կռուելու, պայ­մա­նաւ որ ան ի զուր տեղ չհո­սեց­նէ ան­մեղնե­րու արիւ­նը։ Լենք Թի­մուր հա­մակեր­պած է իրեն կա­տարուած առա­ջար­կին եւ բանա­կին հրա­մայած թէ թու­րե­րը դուրս չել­լան իրենց պա­տեան­նե­րէն։ Այսպէս բիւ­րա­ւոր Սե­բաս­տա­ցիներ տան­ջա­մահ եղած են Թի­մու­րի բա­նակին ձիերու սմբա­կին տակ առանց իսկ կա­թիլ մը արիւն թա­փելու։ Ան­շուշտ որ այսքա­նը պի­տի չբա­ւէր դա­ժան կայսրին եւ ան դեռ մար­դոց վի­զը պի­տի պո­կէր առանց արիւն հե­ղելու։ Վեր­ջա­պէս չա­րագործ ար­քան յար­գած եղաւ իր խոս­տումը եւ թու­րե­րը դուրս չե­կան պա­տեանէն։ Հա­յոց աւա­գանին ժո­ղովուրդի կեան­քը խնա­յելու հա­մար պա­ղատած էր, իսկ հրէ­շը խոս­տա­ցած էր միայն ու միայն թու­րե­րը պա­տեանէն դուրս չհա­նել։

Սե­բաս­տիա հօրս կող­մէ իմ նախ­նեաց եր­կիրն է։ Եթէ ես խօ­սիմ հրէշ Լենք Թի­մու­րի ոճիր­նե­րու մա­սին գի­տեմ որ ան­դին կան ալէ­վիներ, որոնք եւս պատ­րաստ են պատ­մե­լու քա­ղաքի մի այլ սոս­կա­լի երե­ւոյ­թը։ Եւ այս պա­տումնե­րը յա­ջոր­դե­լով մէ­կը միւ­սին պի­տի հաս­նին մին­չեւ մեր օրե­րուն, ուր իս­լա­մի հաշ­ւոյն պայ­քա­րելու խոս­տումով աս­պա­րէզ իջ­նողներ քա­նի մը ժա­մերու մէջ պի­տի այ­րէին 32 ան­մեղ մտա­ւորա­կան­ներ։ Ու­րեմն դիւ­րաւ կրնանք ըսել որ քա­ղաքի պատ­մութիւ­նը չա­րիք­նե­րով լե­ցուն է ո՛չ միայն հա­յերուս հա­մար, այլ բո­լորին ու բո­լորին։ Սա­կայն կայ եւս մի ճշմար­տութիւն՝ հայրս որ Պո­լիս ծնած է, երբ հար­ցուէր «պոլ­սե­ցի եմ» կ՚ըսէր։ Իսկ ես շրջան­ցե­լով պոլ­սե­ցի հայ­րըս, միշտ սի­րած եմ նոյն հար­ցումին «սե­բաս­տա­ցի եմ» պա­տաս­խա­նել։ Խոս­տո­վանիմ որ վե­րեւ նշուած դէպ­քէն ետք կը դժուարա­նամ այդ նոյն պա­տաս­խա­նը տա­լու։ Կը նա­խընտրեմ «սու­շե­հիր­ցի եմ» կամ «ազպտեր­ցի եմ» ըսել։ Գի­տեմ որ սու­շե­հիր­ցի­ներ կամ ազպտեր­ցի­ներ ալ դիւ­րաւ մաս կազ­մած կրնա­յին ըլ­լալ այդ հրկի­զող խու­ժա­նին։ Թե­րեւս ալ այս է մեզ վի­ճակող հակասութիւնը հաւատարիմ մնալ պապենական հողին, երկրին։ Տառապիլ անոր ծանր պատմութիւնով եւ հրաժարիլ ուրանալէ։ Մինչդեռ ուրիշներ որքան հեշտութեամբ յայտարարեն «հայրս չերքէզ է, բայց ես թուրք»։ Ափսոս մենք չենք կրցած նման հանգստութիւն վայելել։ Չենք կրցած ամէն ինչ յետին թողելով աշխարհին շալակը ելլել։

Ամէն ինչ աւելի դիւրին կրնար ըլլալ, եթէ ի սկզբանէ ընդունէինք թէ Սեբաստիա Թուրքիոյ արեւելեան հատուածի սկզբնակէտն է։ Բայց ո՛չ մենք տակաւին կը յամառինք պնդելով որ Սեբաստիա Հայաստանի արեւմտեան հատուածի վերջակէտն է։