PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Միայն կանխատեսելին՝ դժուար գարուն

Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան ամե­նատա­րածուն զբօ­սավայ­րը սրճա­րան­ներն են։ Նոյ­նիսկ գոր­ծի տէր մար­դիկ շատ ան­գամ յա­տուկ ժա­մանակ կը ճա­րեն որե­ւէ կեր­պով սրճա­րանի մէջ ժա­մանակ անցնե­լու հա­մար։ Սա­կայն վեր­ջերս այդ սրճա­րան­նե­րը խոր մտմտու­մի մէջ են քա­նի որ կը դժուարա­նայ զրոյ­ցի սկսե­լու ամե­նաէական հար­ցումը իրա­րու փո­խանա­կելու։ Նա­խապէս մար­դիկ սո­վորա­բար խո­րունկ շունչ կը քա­շելէ ետք իրա­րու հարց կու տա­յին «էէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ այս երկրին վի­ճակը»։:Այսքա­նը բաւ էր որ սկիզբ առ­նէ շա­ղակ­րա­տելու ան­վերջա­նալի զրոյց մը։ Բնա­կանա­բար մարդկանց կար­ծիքնե­րը կը հա­կասէին մէկը միւ­սին եւ այսպէ­սով ալ զրոյցը կը դառ­նար ան­վերջա­նալի։ Իսկ այ­սօր քա­նի մը կա­րեւոր պատ­ճառներ կան նման խօ­սակ­ցութիւ­նը ան­կա­րելի դարձնե­լու հա­մար։ Նախ մար­դիկ ընդհան­րա­պէս չեն հա­մար­ձա­կիր քա­ղաքա­կանու­թեան վե­րաբե­րեալ նիւ­թե­րը հրա­պարա­կաւ խօ­սելու։Յան­կարծ չա­րամիտ մատ­նիչ մը մատ­նե­լու ար­ժա­նի բառ մը կրնայ գտնել այդ զրոյ­ցին մէջ եւ յե­տոյ եթէ կրնաս եկուր պատ­մէ որ դուն ահա­բեկիչ չես կամ ահա­բեկ­չա­կան խմբա­կի մը չեն ան­դա­մակ­ցիր եւայլն եւայլն։ Ար­դա­րաց­ման այդ փոր­ձե­րը բո­լորո­վին ապար­դիւն են ներ­կայ դրու­թեան մէջ։ Այ­սօր ամե­նադիւ­րին բա­նը դար­ձած է մէ­կուն զրպար­տել, ըսե­լով որ ան անար­գած է հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հը։ Այ­լեւս ոս­տի­կանու­թիւնը կամ դա­տախա­զը կա­րիք ան­գամ չի զգար այդ պնդու­մին որ­քան ճիշդ ըլ­լա­լը ստու­գե­լու։ Որով­հե­տեւ եթէ զանց առ­նէ նման պնդում մը, ինք դիւ­րաւ կրնայ մե­ղադ­րուիլ այս կամ այն ահա­բեկ­չա­կան խմբա­կի ի նպաստ աշ­խա­տելու ծանր մե­ղադ­րանքով։

Մին­չեւ երէկ մար­դիկ նման մատ­նութիւ­նով մին­չեւ 30 օր բեր­ման կրնա­յին են­թարկուիլ նոյ­նիսկ փաս­տա­բանի հետ տե­սակ­ցե­լու իրա­ւունքէն զրկուելով։ Այժմ այդ սահ­մա­նը կրճա­տուած է 7+7 օրե­րով եւ վե­րացած է փաս­տա­բանի հետ տե­սակ­ցե­լու ար­գելքը։

«Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ այս երկրին վի­ճակը» հար­ցումին ար­գելք կը հան­դի­սանայ նաեւ անստոյգ իրա­վիճա­կը։ Նոյ­նիսկ մաս­նա­գէտ վեր­լուծա­բան­ներ, կա­ռավա­րու­թեան վե­րին խա­ւերէն լսումներ ստա­ցող­ներ իսկ կը դժուարա­նան կան­խա­տեսում մը յայտնե­լու։ Իրա­կանու­թեան մէջ եր­կի­րը վա­ղուց մտած է մե­նատի­րական դրու­թեան, ուստի նոյ­նինքն կա­ռավա­րու­թեան վա­րիչի դե­րը ստանձնած վար­չա­պետն ան­գամ չի գի­տեր թէ Նա­խագահ Ռէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վա­ղը ո՞ր կող­մէն կ՚ել­լէ ան­կո­ղինէն եւ ըս­տայնմ ի՞նչ եղա­նակով կ՚ար­տա­յայ­տուի։

Քա­նի որ զրու­ցե­լու յար­մա­րու­թիւնը կորսնցու­ցած են սրճա­րան­նե­րը կամ սափ­րի­չի աթոռ­նե­րը, ու­րեմն լա­ւագոյնն է տու­նը նստիլ եւ հե­ռուստաէկ­րա­նի վրայ խորհրդա­րանի կին պատ­գա­մաւոր­նե­րուն կռի­ւը դի­տել։ Այս ալ իր կար­գին հրա­պու­րիչ պահ է։ Վեր­ջա­պէս երկրիս ժո­ղովուրդը կը սի­րէ կռիւ դի­տել։ Բաւ է որ կռի­ւը իր­մէ հե­ռու մնայ։ Ճիշդ ալ այս իրո­ղու­թիւնը ար­դա­րացու­ցին խորհրդա­րանի այ­րե­րը, որոնք փո­խանակ կա­տարուած խայ­տա­ռակու­թիւնը կան­խել փոր­ձե­լու, դէմ­քերնին ան­բարտա­ւան ժպի­տով դի­տեցին կա­նանց իրա­րու մա­զերը փե­տելու պատ­կե­րը։

Ահա այս տրա­մադ­րութեան մէջ եր­կի­րը պի­տի դի­մէ հան­րա­քուէի։ Եթէ ընտրող­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը «այո» ըսեն նա­խագա­հը պի­տի վե­րածուի սուլթա­նի, իսկ եթէ «ոչ» ըսող­նե­րը մե­նամաս­նութիւն կազ­մեն մի կար­ծէք որ Էր­տո­ղան դիւ­րաւ պի­տի հա­մակեր­պի այդ որո­շու­մին։ Ընդհա­կառա­կը, ան ինչ որ ըրաւ 7 Յու­նիս 2015-ի ընտրու­թիւննե­րէն ետք, աւե­լի ծան­րը պիտի գործադրէ հաւանական պարտութեան մը դիմաց։

Անստոյգ իրավիճակին մէջ միայն մէկ բան յստակ է, դժուար գարուն մը կը սպասէ մեզ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ