Բանտեղբայրութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Լսած ըլլալու էք անպայման, Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանէն ետք, երկրի իշխանութիւնները որոշած են պատ մը կառուցել նաեւ Իրանի ու Հայաստանի սահմանին։ Դարաշրջան մը, որ սահմաններն իսկ անընդունելի կը գտնէ ու կ’ուզէ մոռնալ երկաթեայ վա­րագոյրնե­րը, վերստին վկան պի­տի դառ­նայ կրա­ձոյլ պա­տերու կա­ռու­ցումին։ Դոյզն յոյ­սը, զոր ու­նէին ոմանք Հա­յաս­տան-Թուրքիա սահ­մա­նի վե­րաբաց­ման հա­մար, պի­տի ճզմուի ան­խուսա­փելիօրէն այդ պա­տին հի­մերուն տակ։ Սա­կայն խնդի­րը պէտք չէ միայն դի­տար­կել այդ տե­սան­կիւնէն, նոյ­նիսկ աւե­լի լաւ ալ կրնայ ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի հա­մար, որ այս կեր­պով ինքզինք պաշտպա­նած կ’ըլ­լայ ահա­բեկ­չա­կան արարքնե­րու ոս­տան մը դար­ձած իր դրա­ցիէն։

Սահ­մաննե­րուն կա­ռու­ցե­լի այս պա­տերը աւե­լի կ’ամ­րացնեն ա՛յն պա­տերը, զորս իշ­խա­նու­թիւննե­րը եր­կար ժա­մանա­կէ մը ի վեր կը կա­ռու­ցեն բո­լորիս հո­գինե­րուն մէջ։ Պա­տեր՝ ո՛չ թէ պաշտպա­նուե­լու, այլ առանձնա­նալու, մե­կու­սա­նալու հա­մար ու­րիշնե­րէ, ապ­րե­լու վա­խով, զգու­շութեամբ։ Այնպէս ինչպէս մար­դիկ պի­տի ապ­րէին բան­տի մը մէջ, ուր տի­րապե­տողը կաս­կա­ծի իշ­խա­նու­թիւնն է։ «Թուրքիոյ մէջ բա՞նտ։ Բան­տի մէջ բանտ», գրեր է Յա­կոբ Պա­րոնեան աւե­լի քան հա­րիւ­րա­մեակ մը առաջ։ Մեծ եր­գի­ծաբա­նին երե­ւակա­յու­թեան սահ­մաններն իսկ կը դժուարա­նային պատ­կե­րաց­նե­լու այ­սօ­րուան կա­ցու­թիւնը, երբ իրա­պէս բան­տի մը նման բարձր պա­րիսպներ կը կա­ռու­ցուին երկրի սահ­մաննե­րուն վրայ։

Քա­նի որ բան­տէն խօսք բա­ցուե­ցաւ, հա­միտեան տա­րինե­րուն (այն Հա­միտի զոր շատ կը սի­րեն այ­սօ­րուան իշ­խա­նաւոր­նե­րը) Պոլ­սոյ բան­տե­րուն համն ու հո­տը ճա­շակած բա­նաս­տեղծ Վա­հան Թէ­քէեանին յու­շե­րը յի­շեց­նել ու­զե­ցի։ Ինչպէս այ­սօր, Հա­միտի ժա­մանակ ալ, յան­կարծ կրնա­յիք բան­տին մէջ յայտնուիլ՝ առանց գիտ­նա­լու ձե­զի առա­ջադ­րուած մե­ղադ­րանքը։

1902-ին, Թէ­քէեան, Մար­սէյլէն Պո­լիս վե­րադար­ձին, ան­ցա­գիրի հար­ցի մը պատ­ճա­ռով կը ձեր­բա­կալուի նա­ւէն իջ­նե­լուն պէս, Ղա­լաթիոյ քա­րափին վրայ, եւ ոս­տի­կանա­տուն կը տա­րուի, հոն­կէ ալ՝ բանտ։ «Բան­տեղբայրներս» խո­րագ­րեալ յու­շագրա­կան այդ էջե­րով Թէ­քէեան կը ներ­կա­յաց­նէ իր քա­նի մը նոր ծա­նօթ­նե­րը, որոնցմէ Լե­ւոնին ու Ահ­մետ աղա­յին պատ­մութիւ­նը տպա­ւորած ըլ­լալ կը թուի հե­ղինա­կը։

Խաս­գիւղցի Լե­ւոն «քո­միթա­ճի» մըն է, ոճ­րա­գործնե­րու յար­կա­բաժ­նին «օտա­պաշին» դար­ձած է նաեւ բան­տին մէջ։ «Բարձրա­հասակ երի­տասարդ մըն էր, 28-30 տա­րու, սեւ թաւ պե­խերով եւ տժգոյն դէմ­քով, բա­րեձեւ եւ կշռա­ւոր քա­լուած­քով, ար­հեստա­ւոր վար­պե­տի մը պէս լայն կտա­ւէ տա­փատին վրայ բրդեայ ճեր­մակ գօ­տի կա­պած եւ դի­մագի­ծերուն մէջ հա­մակ­րե­լի լրջու­թեան ար­տա­յայ­տութեամբ մը։ Լե­ւոն շատ մը բա­ներ հար­ցուց ին­ծի իբ­րեւ հա­յու մը, որ Եւ­րո­պայէն կու գար։ Յե­ղափո­խական գոր­ծին առա­ջաց­ման, կու­սակցու­թեանց վէ­ճերուն մա­սին…»:

Իսկ Ահ­մետ աղան անգլիական «Քոպ­րա» շո­գենա­ւին առա­ջին մե­քենա­վարն էր: «Շո­գենա­ւը նո­րոգու­թեան հա­մար թերսհա­նէ գտնուած պա­հուն, գի­շեր մը թերսհա­նեցի եր­կու զի­նուոր պա­րանէն մագլցե­լով շո­գենա­ւին վրայ կ՚ել­լեն. Ահ­մետ աղան կը տես­նէ իր նա­ւուն բռնա­բարու­մը եւ ըստ սո­վորու­թեան երեք ան­գամ կ՚ազ­դա­րարէ… երբ զի­նուոր­նե­րը մտիկ չեն ըներ՝ դա­նակը բա­ցած անոնց վրայ կը յար­ձա­կի, մէ­կը կը սպան­նէ եւ միւ­սը՝ կը վի­րաւո­րէ…»։ Թէ­քէեան առանց տես­նե­լու իսկ կը հա­մակ­րի Ահ­մե­տին, կ’ու­զէ ան­պատճառ ճանչնալ այդ «գե­ղեցիկ հրէ­շը», որ «պար­տա­կանու­թեանը զգա­ցու­մէն դրդուած՝ չէր խնա­յած իր կրօ­նակից­նե­րուն ան­գամ,- որ այնքա՛ն քաջ էր, այնքա՛ն անձնուէր, այնքա՛ն բա­րի»։

Ահ­մե­տի ու Լե­ւոնի բա­րեկա­մու­թեան վե­րաբե­րեալ հե­տաքրքրա­կան դի­տար­կում մը կ’ընէ Թէ­քէեան։ Խօ­սելով Լե­ւոնի մա­սին ան կ’ըսէ, որ «թուրքե­րու հետ հինգ տա­րուան իր կե­նակ­ցութիւ­նը զինք բա­ւական փո­խած ըլ­լա­լու էր. իր հայ­րե­նասի­րու­թիւնը, առաջ, այ­լա­պէս տա­րածուն, թռչուն էր ան­շուշտ. բայց ճնշուելով մե­նու­թեան մէջ ու­ժովցած խորհրդա­ծու­թե­նէն՝ ինչպէս աւա­զը, վե­րածուած էր խոր ու ան­սա­սան ժայ­ռի մը՝ ան­տարբե­րու­թեան բա­րակ խա­ւի մը տակ ծած­կուած։ Զար­գա­ցու­մը մեծ բան մը չէր, բայց փոր­ձա­ռու­թեան գի­տու­թիւնը ու­նէր եւ ան էր որ իրեն ըսել կու տար.

«-Եր­բոր բան­տէն ել­լեմ՝ գի­տեմ թէ ի՛նչպէս, ի՛նչ ճամ­բով պի­տի աշ­խա­տիմ այս ան­գամ։ Մենք կը կար­ծենք թէ բո­լոր թուրքերն ալ միեւ­նոյն են, բայց այնպէս չէ. ես հոս շա­տերը տե­սայ որոնք սիր­տերնին բա­ցին ին­ծի՝ հայ եւ քո­միթա­ճի մը ըլ­լա­լուս հա­մար. ամէնքն ալ տո­կուն չեն, բայց մէ­ջեր­նէն շա­տերը կրնա­յին մե­զի օգ­տա­կար ըլ­լալ. փրկու­թիւնը ատոր մէջն է»։

Պա­տերուն մէջ ապ­րողնե­րուն եղ­բայրու­թիւնը, անոնց միաս­նութիւ­նը վաղ թէ ուշ կը յոր­դի ով­կէանի մը նման՝ փլցնե­լով բո­լոր պա­տերը։ Ո՞ր պա­տը կրցեր է դի­մադ­րել հո­գինե­րու պոռթկու­մին առ­ջեւ։ Փոր­ձուած մի­ջոց­նե­րը դար­ձեալ փոր­ձե­լը յի­մարու­թիւն է կ’ըսեն ար­դա­րեւ։ Եւ ինչպէս որ 1908-ի ազա­տու­թիւնը Լե­ւոնի ու Ահ­մե­տի բան­տեղբայ­րութեամբ ստա­ցուած էր, ինչպէս հա­մոզուած է Թէ­քէեան, այնպէս ալ հի­մա, հա­մոզուած ենք, որ նոյն ճա­կատագ­րին ար­ժա­նացած, ճա­կատագ­րա­կից մար­դիկն են որ պի­տի փո­խեն խեն­թուխե­լառ այս եր­թին ուղղու­թիւնը։

Նե­ցուկ ըլ­լալ Կա­րոյին

Այն մտայ­նութիւ­նը, որ ժո­ղովուրդին քուէնե­րով իսկ ընտրեալ երես­փո­խան­ներ կը բան­տարկէ, հի­մա ալ կը փոր­ձէ լռեց­նել մեր իսկ քուէնե­րով ընտրեալ Կա­րօ Փայ­լա­նը։ Այս խեն­թուխե­լառ եր­թը կա­սեց­նե­լու հա­մար աշ­խա­տող ծուռ մըն է Կա­րօն եւ խստօ­րէն կը դա­տապար­տենք զինք եւ իր ըն­կերնե­րը լռեց­նե­լու փոր­ձե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ