ՀՏՓ-ի համանախագահ Սելահատտին Տէմիրթաշի պատգամը, Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցի առթիւ

ՍԵԼԱՀԱՏՏԻՆ ՏԷՄԻՐԹԱՇ

Կը նշենք Հրանդ Տինքէն զրկուելու տասնամեակը։ Անցնող տասը տաիներուն դժբախտաբար չենք յա­ջողած մեր հայ­րե­նիքը ապ­րե­լու ար­ժա­նի երկրի մը վե­րածե­լու։ Այս պատ­ճա­ռաւ ամօ­թով ենք Հրան­դին դի­մաց։ Բայձ չենք ծնկա­չոքած։

Որ­քան ալա պաղտպա­նուին կամ խնա­յուին Հրան­դին ոճ­րա­գործնե­րը, մենք զի­րենք կը ճանչնանք։ Ինչպէս կը ճանչնանք Սու­րուչի, Ան­գա­րայի, Ռո­պոս­քիի ոճ­րա­գործնե­րը։ «Մա­նու­կը ոճ­րա­գոր­ծի վե­րածող մտայ­նութիւն» ըսած էր սի­րելի Ռա­քէլ։ Այդ մտայ­նութեան դէմ մեր պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ յա­ւիտեանս։ Կ՚ու­զեմ որ լսէք այս։

Կը ցա­ւիմ որ ազա­տազրկման պայ­մաննե­րու բեր­մամբ պի­տի բա­ցակա­յիմ այս տա­րուայ ոգե­կոչ­ման հան­րա­հաւա­գէն։ Բայց հոս ալ կը շա­րու­նա­կեմ Հրան­դի հա­մար ար­դա­րու­թեան պայ­քա­րին։ Այս ոճի­րը ուղղո­ւած է ժո­ղովուրդնե­րու միաս­նութեան եւ հա­մատեղ ապ­րե­լու կամ­քին։ Հրան­դի ան­ձին մէջ մեր բո­լորին ու­ղո­ւած է։ Մենք ալ Հրան­դի ան­ձին մէջ բո­լորին ար­դա­րու­թեան հա­մար պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ։

Ախ­բա­րիկ՝ կա­րօտած ենք, բայց ճա­կատա­բաց կը ներ­կա­յանանք քեց, ինչպէս որ դուն տես­նել պի­տի ու­զէիր։

Հոգ­ւոյթ լու­սա­ւորու­թեան մաղ­թանքով ու սի­րով՝

Էտիր­նէի բանտ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ