ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Սիրելի Հրանդ,
Դժուար է հաւատալ, թէ 10 տարիէ ի վեր կը բացակայիս մեզմէ։ Դժուար է՝ քանի որ տասը տարուայ ընթացքին միշտ կաս։ Որքան շատ խօսեցանք քու մասին, քու գաղափարներուդ, ըսածներուդ կամ չըսածներուդ մասին։ Տակաւին կը շարունակենք խօսիլ։ Դժուար է բացակայութեանդ հաւատալ։
Սպանութեանդ շուրջ շարունակուող դատավարութիւնն ալ պատճառ կ՚ըլլայ, որ խօսինք քու մասին։ Թէեւ ես այդ թատրերգութեան մօտէն չեմ հետեւիր, ներող կ՚ըլլաս։ Դատական այդ նիստերը արդարադատական գործողութենէ աւելի արեւելեան սերիալներու կը նմանին։ Գիտենք թէ ո՛վ է ոճրագործը։ Կարծեմ շատեր ալ համակարծիք են իմ համոզումին։ Ոճրագործը, Թուրքիոյ հաւատարիմ բայց ոչ հնազանդ, հայու ինքնութիւնը վեր պահող քեզ նման անհատի մը արիութեան չհանդուրժող Թուրքիոյ պետութիւնն է։
Կարող է որ որոշ քաղաքական նախընտրութիւններով հակադրուած ըլլանք իրարու։ Բայց քու քաջութիւնը, գաղափարներդ ներկայացնելու յստակութիւնը պատճառ դարձան, որ քեզի յարգեմ իբրեւ մարդ, իբրեւ հայ մարդ։
Վստահ եմ ուրիշներ ալ պատմած են քեզ թէ սա վերջին տասը տարիներուն Թուրքիոյ մէջ գործերը «քայլ մը առաջ, երկու քայլ նահանջ» կշռոյթով կ՚ընթանան։ Այս օրերուս Թուրքիոյ մէջ կենդանի ըլլալ պիտի ուզէի՞ր։ Վստահ չեմ։
Բայց ինչպէս ըսի, դուն կաս։ Կը գոյատեւես զանազաններու մէջ։ Ամէն մէկը տարբեր կը յիշէ քեզ։ Ինծի համար կարեւոր է այն որ թուրքիացի, յատկապէս պոլսեցի հայ երիտասարդութիւնը քեզ կը յիշէ։ Եւ թէ խոր յարգանքով, մտերիմ սէրով կը յիշէ։ Ազդուած են քու քաջութենէդ, ինքնավստահութենէդ։
2013-ին այցելեցի քու ինկած վայրը, աշխատասենեակդ, ապա շիրիմդ։ Բարկութիւնով լեցուեցայ կատարուած անարդարութեան դէմ։ Յաճախ կը նշէի թէ զիս Պոլիս հրաւիրող երկրորդ անձը եղած ես։
Առաջինը անցեալին ԱԶԿ կուսակցութեան պատգամաւոր մըն էր որ ապա պետութեան կողմէ երկրէն վտարուեցաւ։ Իսկ դուն պետութեան կողմէ սպաննուեցար։ Ինչ որ է, շատեր այդ երկրին մէջ քեզ նման ապրիլ կ՚ուզէին։
Հողդ թեթեւ, սիրելի՛ Հրանդ։