Լրացաւ Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան երեք տարին

ՌՈՒԲէՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

17 տա­րի ազա­տազրկման դա­տապար­տուած Սե­ւան Նշա­նեան ար­դէն բո­լորեց բան­տար­կու­թեան երեք տա­­րինե­­րը։ Անուանի մտա­­ւորա­­կանի իրա­­ւապաշտպան Կիւլչին Աւ­շար կ՚ընդվզի կա­տարուած անար­դա­րու­թեան դէմ, «Շի­րին­ճէ գիւ­ղին մա­տու­ցած ծա­ռայու­թեան գնա­հատու­մը այս պէտք չէ որ ըլ­լար։ Օրէնսդիր մար­մի­նը պար­տի դի­մել օրէն­քի փո­փոխու­թեան– կը­սէ Աւ­շար։

2 Յու­նուար 2014-էն այս կողմ, լման երեք տա­րիներ ան­ցան Սե­ւան Նշանեանի Շի­րին­ճէ գիւ­ղի մէջ եր­կու ան­գամ կնքուելով հան­դերձ շի­նու­թեան շա­րու­նա­կելու մե­ղադ­րանքով ձեր­բա­կալու­թե­նէն։ Մե­նեմէ­նի ար­գե­լանո­ցին մէջ բան­տարկուած Նշանեան այս պա­տիժ­նե­րուն դա­տապար­տուեցաւ կնի­քը քա­կելու եւ 2863 հա­մար Մշա­կոյ­թի եւ Բնու­թեան Ժա­ռան­գութեան մա­սին օրէն­քը ոտ­նա­կոխե­լու մե­ղադ­րանքով յա­րու­ցուած ինը ան­ջատ թղթած­րարնե­րու պատ­ճա­ռաւ։ Իր դէմ վճռուած ազատազրկման պա­տիժը այժմ կը հաս­նի 17 տա­րիի։ Սե­ւան Նշա­նեան Թուրքիոյ մէջ նման յան­ցա­գոր­ծութեան մե­ղադ­րանքով բան­տարկուած միակ անձն է։

Սե­ւան Նշա­նեան բան­տարկու­թե­նէ քա­նի մը օրեր առաջ այ­ցե­լած էր «Ակօ­ս»ի խմբագ­րա­տուն ու մտա­հոգու­թիւն յայտնած էր հե­տեւեալ տո­ղերով. «Քա­նի մը օրուայ հա­մար Գեր­մա­նիա պի­տի ճամ­բորդեմ։ Ճամ­բորդե­լուս դէմ ար­գելք մը չկայ։ Կրնամ ետ չդառ­նալ։ Դա­տախազն ալ հաս­տա­տեց այս վար­կա­ծը, բայց զգու­շա­ցուց թէ աւե­լի ետք եթէ բռնուիմ, չեմ կրնար օգ­տուիլ բաց բան­տի յար­մա­րու­թիւննե­րէն։ Սա պա­հուն եր­կու տա­րուայ ազա­տազրկման դա­տապարտուած եմ։ Միւս կող­մէ կը շա­րու­նա­կուին իմ դէմ յա­րու­ցուած բազ­մա­թիւ դա­տավա­րու­թիւնները։ Իմ բանտ մտնե­լէս ետք վախ­նամ թէ այդ դա­տերն ալ պա­տիժով աւար­տին։ Նման պայ­մաննե­րու մէջ մին­չեւ կեան­քիս վերջ կրնամ բան­տը մնալ» ըսած էր Նշանեան։

Ըստ երե­ւոյ­թին կ՚իրա­կանա­նայ իր կան­խա­տեսու­մը, քա­նի որ այժմէն ան ու­նի բան­տարկու­թեան յա­ւելեալ 14 տա­րիներ։

Բան­տարկու­թիւնը տա­նելի դարձնե­լու միակ մի­ջոցը պի­տի ըլ­լար իր լե­զուա­գիտա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը շա­րու­նա­կել ար­գե­լափակ­ման պայ­մաննե­րուն մէջ։ Սա­կայն այս կա­րելիու­թիւնն ալ կը զլա­նան իր­մէ, ար­գելք հան­դի­սանա­լով անոր ստեղ­ծա­գործման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ