Պրուքսէլի հայ համայնքին նոր ձայնը՝ ՊելժէՀայ

ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Լրագրող Արիս Նալճըի նախաձեռնութեամբ Պրուքսէլի մէջ 7 Յունուար Շաբաթ օր մեկնարկեց Պէլժիոյ առաջին հայերէն ձայնասփիւռը։ Բացի Արիս Նալճըի արեւմտահայերէն հաղորդումներէն, նոր ռատիօկայանին կ՚աշխատակցին Լինտա Եալման ֆրանսերէնով եւ Աշխէն Ֆիխովան ալ արեւելահայերէնով։ «Եռալեզու հաղորդումը պիտի նպաստէ ունկնդրողնե­րու աւե­լի լայն շրջա­նակի մը հաս­նե­լու հա­մար։ Ժա­մանա­կակից հայ­կա­կան երաժշտու­թեան նո­րագոյն օրի­նակ­նե­րը պի­տի հնչեն մեր հա­ղորդման ժա­մերուն», կ՚ըսէ Արիս Նալ­ճը։

Երի­տասարդ լրագ­րո­ղը դի­տել կու տայ, որ Պէլ­ժիոյ մէջ հայ հա­մայնքը հա­ղոր­դակցու­թեան որե­ւէ մի­ջոց չու­նի։ «Մօ­տաւո­րապէս պոլ­սա­հայու­թեան հա­ւասար բնակ­չութիւն մը կայ Պէլ­ժիոյ մէջ եւ մին­չեւ օրս ո՛չ թերթ մը, ո՛չ պար­բե­րական մը եւ ո՛չ ալ հե­ռուստա­կայն կամ ռա­տիօկա­յան մը գոր­ծած է։ Հա­մոզուած եմ որ հա­սարա­կու­թեան մը հա­մար շատ կա­րեւոր է հա­ղոր­դակցու­թիւնը։ Մա­նաւանդ հա­յոց տար­բեր խա­ւեր որ գո­յու­թիւն ու­նին, անոնց մի­ջեւ հա­ղոր­դակցա­կան կապ մը անհրա­ժեշ­տութիւն է։ Կան խորհրդա­յին տա­րինե­րուն Հա­յաս­տա­նէն եկած­ներ, կան ան­կա­խու­թե­նէ ետք եկած­ներ, կան նաեւ Թուրքիոյ քրտաբ­նակ տա­րածքնե­րէն եկած եւ մայ­րե­նի լե­զուն քրտե­րէն եղող զան­գուածը։ Բա­ցի այս բո­լորէն մեծ թի­ւով հա­յեր ալ Մի­ջին Արե­ւել­քի եր­կիրնե­րէն գա­լով Պէլ­ժիոյ մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են։ Մեր նա­խաձեռ­նութեամբ թէ այս խա­ւերու մի­ջեւ հա­ղոր­դակցու­թիւն մը պի­տի ապա­հովուի եւ թէ հայ հա­մայնքը աւե­լի տե­սանե­լի պի­տի ըլ­լայ Պէլ­ժիոյ մէջ»։

Առա­ջին հեր­թին շա­բաթը միայն մէկ օր եւ եր­կու ժամ հա­ղոր­դումով սահ­մա­նուած ռա­տիօկա­յանի հա­մար Արիս Նալ­ճը կը մշա­կէ 24 ժամ տե­ւողու­թեամբ հա­ղոր­դում։ «Թուրքիոյ մէջ ռա­տիոյի հա­ղոր­դումը շատ լուրջ գու­մարնե­րու կը կա­րօտի։ ՖՄ ալի­քի վրայ ազատ ֆրէ­քանս մը ապա­հովե­լը շատ սուղ է։ Իսկ Եւ­րո­պայի մէջ այդ վճա­րու­մը տա­րեկան 650 Եւ­րո­յով սահ­մա­նուած է։ Բա­ցի այդ պե­տու­թիւնն ալ շատ ան­գամ իբ­րեւ օժան­դա­կու­թիւն կը հրա­ժարի այդ գու­մա­րը պա­հան­ջե­լէ։ Միւս կող­մէ ռա­տիոյի ունկնդրու­մը շատ ծա­ւալուն սո­վորու­թիւն մըն է Պէլ­ժիոյ մէջ։ Այժմ կը նպա­տակադ­րենք շա­րու­նա­կուող տա­րին իբ­րեւ փոր­ձի եւ նա­խապատ­րաստու­թեան շրջան հա­մարել եւ 2018-ին 24 ժա­մուայ հա­ղոր­դումի սկսիլ։ Ար­դէն առա­ջին հա­ղոր­դումով իսկ Պրուքսէ­լի հայ հա­մայնքէն խրա­խու­սիչ ար­ձա­գանգներ լսած ենք։ Երկրի օրէնքնե­րը կը պա­հան­ջեն որ հա­ղոր­դումնե­րուն կէ­սը կա­տարուի տե­ղական լե­զուով։ Ճա­րը գտնե­լը շատ դիւ­րին եղաւ, իմ արեւմտա­հայե­րէն հար­ցումնե­րուս Լին­տան կը պա­տաս­խա­նէ Ֆրան­սե­րէն։ Իսկ Աշ­խէն կու գայ այս զրոյ­ցը արե­ւելա­հայե­րէնով լրաց­նե­լու։ Այսպէ­սով կա­տարած կ՚ըլ­լանք պաշ­տօ­նական պա­հան­ջը։ Պէլ­ժիոյ հա­յոց հո­գեւոր առաջ­նորդ Հայր Զա­տիկ Աւե­տիքեան այս տա­րուայ Սուրբ Ծնունդի պատ­գա­մը կա­տարեց մեր ռա­տիոյի մի­ջոցաւ։ Կը հա­ւատամ թէ լաւ գոր­ծի մը ձեռ­նարկած ենք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ