Ոգեկոչում ամենուրէք

Fotoğraf: Antoine Agoudjian

Ինչպէս անցնող ինը տարիներու ընթաց­քին, այս տա­րի ալ Հրանդ Տին­քի սպան­նութեան 10-ամեակի առ­թիւ զա­նազան մի­ջոցա­ռումներ կը կա­յանան բազ­մա­թիւ կեդ­րոննե­րու մէջ։ Հիմ­նա­կան ոգեկոչու­մը կը կա­տարուի 19 Յու­նուար Հինգշաբ­թի օր Հրան­դի նա­հատա­կուած վայ­րի վրայ, նա­խոր­դող եւ յա­ջոր­դող օրե­րուն ալ Պոլ­սոյ զա­նազան թա­ղերուն, Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րուն եւ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններ մի­ջոցա­ռումներ կը կա­տարեն։

Ան­շուշտ որ անցնող տա­սը տա­րինե­րու ըն­թացքին երկրին քա­ղաքա­կանու­թիւնը են­թարկուած էր շատ մեծ վե­րիվայ­րումնե­րու։ Նա­խորդ տա­րինե­րուն բազ­մա­թիւ հա­մալ­սա­րան­նե­րէ ներս կը կա­տարուէին Հրան­դի յի­շատա­կին ձօ­նուած բա­նախօ­սու­թիւններ կամ ասու­լիսներ։ Իսկ ներ­կայ դրու­թեան մէջ այդ հա­մալ­սա­րան­նե­րէ շա­տերուն տե­սուչնե­րը թի­րախը եղած են պե­տական հա­լածան­քի եւ իրենց տե­ղերը զի­ջած նո­րան­շա­նակ իշ­խա­նամետ ակա­դեմա­կան­նե­րու։ Օրի­նակի հա­մար Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանը 2008 թուակա­նէն այս կողմ ամէն տա­րի բա­նախօ­սու­թեան կը հրա­ւիրէր հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ համ­բաւ վա­յելող մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան այ­լա­խոհ մտա­ւորա­կան մը։ Ցարդ լսում մը չէ ստա­ցուած թէ այդ սո­վորու­թիւնը այս տա­րի ալ պի­տի շա­րու­նա­կուի՞, թէ ոչ։ Միայն Զմիւռնիոյ «Էկէ» հա­մալ­սա­րանի հա­ղոր­դակցութեան բա­ժինն է որ կը շա­րու­նա­կէ նոյն աւան­դոյթը։ Իսկ ար­տա­սահ­մա­նի մէջ թուրքիացի­ներու սփիւռք ու­նե­ցող կեդ­րոններ եւս կը պա­հեն նա­խորդ տա­րինե­րու աւան­դը։

Անա­տոլուի Մշա­կու­թա­յին Հե­տազօ­տու­թիւննե­րու Կեդ­րոն -ԱՔԱ­ՏԷՐ- իր Ան­գա­րայի եւ Պոլ­սոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ մի­ջոցա­ռումներ։ Նմա­նապէս «Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ խտրա­կանու­թեան դէմ» պար­քա­րող -ՏուրՏԷ- հար­թա­կը «Ճէ­զայիր» շէն­քի մէջ պի­տի միանայ յի­շատակ­ման հա­ւաքոյթնե­րուն։

Հրանդ Տինք իր գոր­ծով եւ խօս­քով Թուրքիոյ մէջ ու­նե­ցաւ շատ կա­րեւոր հե­ղինա­կու­թիւն, որ մին­չեւ օրս կը մնայ հա­սարա­կու­թեան յի­շողու­թեան մէջ։ Ան իբրեւ հայ դատի պաշտպան գործիչ, յաջողեցաւ իր միտքը արտայայտել համամարդկային սկզբունքներու մէջ, հեռու մնալով որեւէ ատելութեան պատգամէ։ Անզիջող էր իր պահանջատիրութեան մէջ, սակայն խիստ զգոյշ ուրիշներու արժանապատուութեան հանդէպ։ Այս է որ անցնող տասը տարիներու ընթացքին իր յիշատակը թարմ կը պահէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ