Վերաշինութիւն՝ անբնակիչ Սուրի մէջ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

Երբ տակաւին կը շարունակուի Տիյարպէքիրի Սուր թա­ղամա­սի եկե­ղեցի­ներու թաղային խորհուրդներուն, մայր քա­ղաքա­պետա­րանի, ճար­տա­րապետ­նե­րու սե­նեակի, փաս­տա­բան­նե­րու կա­ճառի յա­րու­ցած դա­տերը, ար­դէն կեան­քի կո­չուած են երեք նա­խագիծ­ներ։ Վեր­ջերս ՔԻՓ­ԹԱՇ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ հիմ­նադրու­թիւնը կա­յացաւ երեք նա­­խագիծ­­նե­­­րու։ Միւս կող­­մէ ԹՕ­­ՔԻ ըն­­կե­­­րու­­թիւնը Սու­­րի մէջ տու­­ներնին փլած­­նե­­­րու ծա­­խելու հա­­մար քա­­ղաքի կեդ­­րո­­­նէն բա­­ւական հե­­ռու տա­­րած­­քի մը վրայ կը ձեռ­­նարկէ 5 հա­­զար 637 բնա­­կարան­­նե­­­րու շի­­նու­­թեան։

Քա­­ղաքի պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին խորհրդան­­շա­­­նը հա­­մարուy8 Սուր թա­­ղամա­­սը ամ­­բողջո­­վին աւե­­րուած է։ Գո­­յու­­թիւն չու­­նին թա­­ղամա­­սի հա­­րազատ բնոյ­­թը նկա­­րագ­­րող նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րը։ Տա­­րած­­քաշրջա­­նը ամ­­բողջո­­վին զուրկ է բնակ­­չութե­­նէ։ Բնապահպանութեան եւ քա­­ղաքա­­շինու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թիւնը կը պատ­­րաստուի թա­­ղամա­­սը լայն պո­­ղոտա­­ներով եւ նո­­րակա­­ռոյց ոս­­տի­­­կանա­­տու­­նե­­­րով օժ­­տել։

Քրտա­­կան հար­­ցի բռնու­­թեամբ լու­­ծուելու ծանր շրջան մըն է որ կ՚ապ­­րինք։ Քա­­ղաք­­ներ եր­­կա­­­րատեւ բա­­խումնե­­րու են­­թարկուեցան, որոնց ըն­­թացքին բազ­­մա­­­թիւ զո­­հեր ար­­ձա­­­նագ­­րուեցան։ Հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու տուեալ­­նե­­­րով մօտ կէս մի­­լիոն բնա­­կիչ­­ներ ան­­տուն մնա­­ցին։

Սուր թա­­ղամա­­սին մէջ առա­­ջին ան­­գամ 6 Սեպ­­տեմբեր 2015-ին փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելք յայ­­տա­­­րարուեցաւ։ Եթէ նկա­­տի չու­­նե­­­նանք մէկ կամ եր­­կու օրուայ ընդհա­­տումնե­­րը, այդ ար­­գելքը մին­­չեւ օրս կը շա­­րու­­նա­­­կուի։ 27 Օգոս­­տոս 2016-ին բա­­ցի երեք թա­­ղամա­­սերէ, վե­­րացուած էր փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքը։ Սա­­կայն ըստ երե­­ւոյ­­թին ար­­դէն ել­­լե­­­լիք փո­­ղոց մըն ալ չէ մնա­­ցած։ Ձե­­ւակա­­նօրէն ար­­գելքը որ­­քան ալ վե­­րացած յայ­­տա­­­րարուի, գործնա­­կան գետ­­նի վրայ կը շա­­րու­­նա­­­կուի ամ­­բողջ սաստկու­­թեամբ։ Փո­­ղոց­­նե­­­րու ան­­կիւննե­­րը փա­­կուած են պէ­­թոն պլոք­­նե­­­րով իսկ լրագ­­րողներ միայն կու­­սա­­­կալու­­թե­­­նէ յա­­տուկ թոյլտուու­­թիւն ստա­­նալով է որ կրնան մտնել այդ տա­­րած­­քը։ Նաեւ նշենք որ Տի­­յար­­պէ­­­քիրի Սուր թա­­ղամա­­սը ՈՒ­­ՆԷՍՔՕ-ի Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Մշա­­կու­­թա­­­յին Ժա­­ռան­­գի ցան­­կին մաս կը կազ­­մէ։

Վե­­րեւ նշուած նա­­խագիծ­­ե­­­րու հիմ­­նադրու­­թիւնը կա­­յացաւ 4 Յու­­նուարին, ուր տե­­սահա­­ղոր­­դակցու­­թեամբ մաս­­նակցե­­ցաւ նաեւ վար­­չա­­­պետ Պի­­նալի Եըլ­­տը­­­րըմ։ Վար­­չա­­­պետը նշեց, թէ նա­­խագիծ­­նե­­­րը պի­­տի աւար­­տին այս տա­­րուայ ըն­­թացքին, որոնց հա­­մար պի­­տի ծախ­­սուի 60 մի­­լիոն ԹԼ։

Տի­­յար­­պէ­­­քիրի ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու միութեան վար­­չութեան ան­­դամնե­­րէն Հեր­­տէմ Տող­­րուլ «Ակօս»ին տուաւ հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւննե­­րը. «Նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն քա­­ղաքա­­պետա­­րանը պահ­­պանման նպա­­տակով շի­­նու­­թեան նա­­խագիծ մը պատ­­րաստած էր։ Նա­­խարա­­րու­­թիւնը այդ նա­­խագծին վրայ կարգ մը փո­­փոխու­­թիւններ ըրաւ։ Սա պա­­հուն Սու­­րի տա­­րած­­քին մէջ չորս թա­­ղամաս ամ­­բողջո­­վին փլած է։ Այդտեղ կը ծրագ­­րեն վեց ոս­­տի­­­կանա­­տան շի­­նու­­թիւնը։ Նա­­խագի­­ծի մէջ այստե­­ղին յա­­տուկ նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րուն տեղ չէ տրուած։ Մենք պատ­­մա­­­կան ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող ու­­թը շի­­նու­­թիւններ ճշդած էինք, որոնք այ­­սօր գո­­յու­­թիւն չու­­նին եւ նոր նա­­խագծին մէջ ալ անոնց մա­­սին ոչ մէկ նշում կայ։ Թա­­ղամա­­սի հիմ­­նա­­­կան մուտքը -Ենի­­քափը- փո­­ղոցն է, ուր կը գտնուի չորս ոտ­­քով աշ­­տա­­­րակը, որուն ներ­­քեւ սպան­­նուած էր մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան, փաս­­տա­­­բան Թա­­հիր Էլ­­չի։ Դէ­­պի եկե­­ղեցի­­ներ գա­­ցող նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րուն ալ մուտքը այդ նոյն վայ­­րէն կը սկսէր։ Այժմ նա­­խագ­­ծի վրայ Ենի­­քափը փո­­ղոցը վե­­րածուած է -Ենի­քափը- պո­ղոտա­յի»։

Եկե­ղեցի­ները պի­տի նո­րոգուին Վա­քըֆ­նե­րու Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ

Բա­խումնե­րու ըն­թացքին ծանր վնաս կրեց հայ կա­թողի­կէ Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեցին։ Սուրբ Կի­րակոս եկե­ղեցին հա­մեմա­տաբար աւե­լի քիչ վնա­սուած է։ Եր­կու եկե­ղեցի­ներուն ալ նո­րոգու­թիւնը ստանձնած է Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը։ Որ­քան ալ Ս. Կի­րակո­սը վնա­սուած չըլ­լայ, եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակի կա­լուած­նե­րը ամ­բողջո­վին փլած են։ Հի­մա թա­ղական խոր­հուրդը կ՚աշ­խա­տի որ այդ շի­նու­թիւններն ալ նո­րոգուին տնօ­րէնու­թեան կող­մէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ