ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պարարտ արտի հունձքը

Տրամաբանու­թեան կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րուն հա­մար դիւ­րաւ ըմբռնե­լի երե­ւոյթ է ցան­քի եւ հունձքի յա­րաբե­րու­թիւնը։ «Ինչ որ ցա­նես այն կը հնձես» կ՚ըսէ ժո­ղովրդա­կան առա­կը։ Երկրի մը մէջ ուր իշ­խա­նու­թիւնը իր բո­լոր կա­րողու­թեամբ չա­րիք կը ցա­նէ, ո՞վ կրնայ յու­սալ թէ բա­րիք պի­տի հնձէ։

Մարդ արա­րածը միամիտ է բայց։ Այդ միամ­տութեամբ հա­մատա­րած կ՚աղեր­սէինք «Սա 2016 թուակա­նը ալ վեր­ջա­նայ»։ 2015-ին ցա­նուած չա­րիքի բեր­քէն ձանձրա­ցած էինք, կ՚ու­զէինք որ տա­րիին հետ վեր­ջա­նայ նաեւ հունձքը։ Չէինք նկա­տած որ կա­ռավա­րու­թիւնը հունձքի պա­հուն իսկ շա­րու­նա­կած էր չա­րիքի սեր­մեր ցա­նելու։ Թշնա­մութեան, ատե­լու­թեան սեր­մեր ցա­նած էր բո­վան­դակ երկրի տա­րած­քին, նոյ­նիսկ երկրի սահ­մաննե­րէն ալ հե­ռու։ Փո­խարէ­նը կը ստա­նար առատ թշնա­մու­թիւն եւ ատե­լու­թիւն։ Հունձքը կը գո­յանար ահա­բեկ­չութեան տա­րազով։

Այս իմաս­տով եր­կու ու­շագրաւ դէպ­քեր իրար յա­ջոր­դե­ցին։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան եւ իր կա­ռավա­րու­թիւնը, տես­նե­լով իրենց զօ­րակ­ցած ընդդի­մադիր­նե­րու, յատ­կա­պէս ՏԱԻՇ-ի ան­խուսա­փելի պար­տութիւ­նը, սկսան մարդկա­յին ող­բերգութեան պատ­մութիւն մը քա­րոզել Հա­լէպի արե­ւելեան հա­տուա­ծին հա­մար։ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում կու­սակցու­թեան շրջա­նային գրասենեակ­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ամ­բոխներ բո­ղոքի ցոյ­ցեր կա­տարե­ցին Ռու­սա­կան Դաշ­նութեան Ան­գա­րայի դես­պա­նատան եւ Պոլ­սոյ հիւ­պա­տոսա­րանին առ­ջեւ։ Կու­սակցա­կան­նե­րը վեր­ջերս բա­ւական փորձ կու­տա­կած են շուրջ քա­նի մը տաս­նեակ շար­քա­յին­նե­րով բազ­մութիւն խու­ժան գո­յաց­նե­լով ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րու շէն­քե­րուն եւ ան­դամնե­րուն վրայ յար­ձա­կելու գոր­ծին մէջ։ Նա­խագահ Էր­տո­ղան իր պա­լատին մէջ ժո­ղով­ներ կը գու­մա­րէ գիւ­ղա­պետ­նե­րուն հետ եւ իրենց կը յոր­դո­րէ ի պա­հան­ջել հար­կին ինքնա­բերա­բար գոր­ծի լծուիլ ազ­գին ու հա­ւատ­քին ան­սա­սանու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար։ Կը խրա­տէ առ­կայ իրա­վիճա­կին դէմ կա­մաւոր պար­տա­կանու­թիւն վերցնել։ Ան­շուշտ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ իր հասկցած ձե­ւով կ՚ստանձնէ այդ «պար­տա­կանու­թիւն»ը։ Ար­դա­րեւ Ռու­սաստա­նի Դաշ­նութեան եւ Պարսկաս­տա­նի դէմ կա­տարուած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րէն ետք յա­տուկ ծա­ռայու­թիւննե­րու բաժ­նին մէջ պաշ­տօ­նավա­րող ոս­տի­կան մը ան­վա­րան կրա­կեց աւագ դես­պան Անտրէյ Քար­լո­վի վրայ։

Ամա­նորի նա­խաշե­մին իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը եւ պե­տական զա­նազան պաշ­տօ­նէու­թիւն հա­մագոր­ծակցե­լով ար­շաւ կա­տարե­ցին Կա­ղան­դի տօ­նակա­տարու­թիւննե­րուն դէմ։ Կրթա­կան տնօ­րէնու­թիւննե­րը հրա­հանգներ ու­ղարկե­լով զգու­շա­ցու­ցին դպրոց­նե­րու տնօ­րէնու­թիւննե­րը, նոր տա­րուայ հա­մար որե­ւէ նա­խաձեռ­նութիւն կազ­մա­կեր­պե­լու դէմ։ 30 Դեկ­տեմբեր Ուրբաթ օր երկրի բո­լոր մզկիթ­նե­րուն մէջ իմամ­ներ ժո­ղովուրդը կը խրա­տէին այս հա­կաիս­լամ տօ­նակա­տարու­թե­նէն հե­ռու մնա­լու հա­մար։ «Քրիս­տո­նէական այս տօ­նը մեր երկրին մէջ նշող­նե­րը ոչ թէ Քրիս­տո­նեայ են, այլ անաս­տուած» կ՚ըսէին իմամ­նե­րը իրենց քա­րոզ­նե­րուն մէջ։ Ու­րեմն զար­մա­նալի պի­տի չըլ­լար Ամա­նորի գի­շեր չար պա­տահա­րի մը հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Ժա­մանա­կը փո­խուած էր եւ շրջա­նային վար­չութիւննե­րը հրա­ժարած էին Արա Գէոր­գեանի երաժշտութեամբ հա­յաշատ թա­ղերու փո­ղոց­նե­րը շրջե­լով Կա­ղանդ շնոր­հա­ւորե­լու հա­ճելի սո­վորու­թե­նէն։ Հրա­պարա­կային հա­մերգներն ալ պատ­մութեան ան­ցած էին եր­կու տա­րիէ ի վեր։

Նոր Տա­րուայ առա­ջին ժա­մերուն կա­տարուած յար­ձա­կու­մը պատ­րաստուած բեր­րի ար­տի պա­րարտ հունձքն է միայն, ու­րիշ ոչ մէկ բան։