ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Ամանորի մաղթանքները ձանձրացուցիչ ըլլալու սպառնալիք մը կը կրեն իրենց մէջ։ Եւ այս սպառնալիքը մէջտեղէն վերցնելու համար տարբեր ճամբաներու կը դիմենք շատ անգամ՝ նոր բառ մը կ՚աւելցնենք սովորական մաղթանքներուն, ծամածռութիւն մը աւելի կ՚ընենք զայն արտասանած պահուն, մեր ձեռքը ո՛չ թէ խօսակցին թեւին այլ ուսին կը դնենք, օրինակ։ Ինչ որ ալ ընենք, սակայն, բաւական դժուար է խուսափիլ մաղթանքի մը ձանձրացուցչութենէն։ Ամէնէն իւրօրինակ անձն անգամ հասարակ մէկու մը վերածելու ատակ է Նոր տարին՝ իր կաղապար մաղթանքներով, իր անխուսափելի ծէսերով։
2016-ի վերջին օրերն են։ Ամէն ոք իր հաշուոյն կը դնէ-կը վերցնէ, ելքն ու մուտքը կը կշռէ, շահու կամ վնասի նժարները գոնէ իրարու հաւասարեցնել կը փորձէ, ըստ այդմ գործելու համար յաջորդ տարուան ընթացքին։ Կը կատարուի խիստ անհատական աշխատանք մը այսինքն, որմէ այսպէս կամ այնպէս կ՚ազդուի անշուշտ հանրային կեանքը։
Դիտելով անցնող տարին՝ անկարելի է դրական որեւէ բան ըսել. արդեօք ո՞վ, ի՞նչ հաշուեկշիռ մը ըրած ըլլալու էր 2015-ին հրաժեշտ տալու ժամանակ որ 2016-ը դժոխքի մը վերածուեցաւ գոնէ մեր երկրին մէջ։ Պատերազմներ, սպանութիւններ, ահաբեկչական արարքներ, մարդկային իրաւանց ոտնահարումներ, հետզհետէ աւելի բռնացող քաղաքական իշխանութիւններ, հարիւրաւոր բանտարկեալ լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ, գրողներ, աւերեալ բնակավայրեր դարձան սովորական առօրեայ մը։
Աւելի փոքրիկ մեր հաւաքականութիւնն ալ տարբեր պատկեր մը չ՚ուրուագրեր դժբախտաբար։ Պատրիարքական ընտրութիւն մը չկարենալ իրականացնելու, այլ՝ նիւթը աւելի խճճելու ապիկարութիւնը որպէս խարան անցեալ տարուան ընթացքին եւս շարունակեց մնալ համայնքի եկեղեցական ու աշխարհիկ վարիչներու ճակտին, վարժարաններու պիւտճէներ շարունակեցին չփակուիլ, ոմանք յամառեցան բարերարութիւնը շփոթել ամբարտաւանութեան հետ...
Աղուոր բանե՞ր… Շա՜տ։ Մրցանքի մը աւարտին 1000 տոլար շահած մանուկ մը այդ գումարը նուիրեց արեան քաղցկեղէ տառապող ուրիշ մանուկի մը, Յունաստանի մէջ սրճարան մը գիշերը իր դռները կը բանայ փողոցը մսող շունիկներուն առջեւ, անցորդ մը իր քինտըլը կը նուիրէ անտուն ընթերցասէրի մը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» ամառնային ճամբարներ կը կազմակերպէ արեւմտահայերէնի համար, Եոզղաթի մէջ իմամ մը տարիներէ ի վեր մաքուր կը պահէ թաղի եկեղեցին, ձեռքն ու ոտքը հաշմուած երիտասարդ մը իր քիթը գործածելով գրեց գիրք մը, գրասէր նպարավաճառ մը իր խանութը վերածեց գրադարանի...
Խաղաղութեան, արդարութեան, երջանկութեան մաղթանքներ անպակաս են այս օրերուն մեր շրթներուն վրայ, սակայն մաղթանքը պարապ խօսք է եթէ արարքի չի վերածուիր։ Արդարութիւն մաղթել սակայն անարդարութեան հանդուրժել, խաղաղութիւն մաղթել սակայն չմաքառիլ այդ խաղաղութեան համար՝ հաւասար է ոչինչի։ Մաղթանքը՝ արարք, մաղթելն ալ արարել չէ, ուրեմն կը մաղթեմ որ արարքը գերիշխէ մեր կեանքերուն մէջ 2017-ի ընթացքին։
Շնորհաւոր Նոր Տարի։