Անշուշտ որ իւրաքանչիւր տարի վերջակէտ մըն է ոմանց համար։ Չէ որ ամէն ծնունդ ալ իր կարգին սկզբնակէտ մը եղած է։ Աշխարհին բնական կարգն է այս։ Կու գանք ու կ՚երթանք։ Կ՚ապրինք մեզի վիճակած ժամանակի տեւողութիւնը եւ կը հասնինք վերջակէտի։ «Հող էիր ի հող դարձիր» կ՚ըսէ Աստուածաշունչի պատգամը։ Պատմութեան դէմ շատեր փորձեցին այդ պատգամին չհնազանդելու միջոցներ բնտռել, բայց գիտենք որ բոլորն ալ ապարդիւն մնացին։ Այս է բնութեան թելադրածը, որուն բոլորս պիտի ենթարկուինք առանց քննութեան։ Այս հրահանգին դէմ ոչինչ կը նշանակէ կեանքի տեւողութեան մէջ կուտակած հարստութիւնը։ Այն ինչ որ ունեցար պիտի յօժարիս ետդ թողելու եւ եկած պահութ մերկութեամբ պիտի երթաս ետ։ Ուրեմն ինչո՞ւ ցաւինք, ինչո՞ւ դիմադրենք, ինչո՞ւ ընդվզինք այսքան պարզ իրողութեան դէմ։ Անշուշտ որ չէինք առարկէր։ Կը համակերպէինք կատարուածին։ Բաւ էր որ յարգուէր մեր միակ խնդրանքը՝ այն ինչ որ պիտի կատարուէր մնար արդարութեան, բայց ո՛չ։ Այդ միակն ալ սակարկութեան նիւթ չէ։ Ի զուր կը պաղատենք։ Հասկցանք մահը Աստուծոյ հրամանն է, բայց գոնէ սա կարօտը չըլլար։ Ո՛չ, եւ բացարձակ ո՛չ։ Պիտի ճաշակենք կարօտն ալ զրկանքի բոլոր ձեւերուն հետ միասին։ Եւ պիտի ցնդի մեր բոլոր յոյսերը։ Մեծագոյն զոհողութեամբ նաւ մը պիտի ճարենք եւ այդ նաւով պիտի փորձենք խոյս տալ մեր մատնուած փորձանքէն, բայց աւա՜ղ այդ յոյսն ալ պիտի մարի ծովու մը յատակը։ Ո՛չ, պիտի ըսեն մեզի «դուք դեռ տառապանքի օրեր ունիք, գացէք եւ լրացուցէք այդ օրերը»։ Վերջապէս պիտի հասնի օրը ժամը յոգնած ու հիւծած պիտի ուզենք հրաժարիլ, բայց ինչ կարելի։ «Ան ալ մենք կը ճշդենք» պիտի գոռայ հզօրը ու պիտի համակերպինք այս հրահանգին ալ։ Այս բոլորը կ՚ըսենք որպէսզի զգուշացնենք մեզմէ վերջ եկողներուն։ «Մի՛ գաք» պիտի ըսենք անոնց։ «Մենք եկանք ու տեսանք հետաքրքրական ոչինչ կայ այստեղ։ Հեռու մնացէք մի՛ գաք»։ Բայց պիտի գիտնանք թէ մեզ լսող պիտի չըլլայ։ Ամէն ոք պիտի ճաշակէ իրեն վիճակած տառապանքը եւ ուրիշներու այլ չի պիտի յաջողի զգուշացնելու։ Ահա ճիշդ այս է, որ կ՚երգենք Սուրբ Պատարագի միջոցին «Ճաշակեցէք եւ տեսէք զի քաղցրէ Տէր…» մրմնջալով։ Այո ճիշդ ալ այսպէս «Զի քաղցրէ Տէր» կը սովորեցնենք, փորձառութեամբ կը տեսնենք թէ որքան դառն է մեզի մատուցուածը։
Եթէ մինչեւ հոս գրուածները ի զօրու են բոլոր տարիներուն համար ափսոս որ 2016 թուականը ունեցաւ շատ աւելի ծանր կսկիծի պատճառներ։ Նոյնիսկ կրնանք ըսել որ չարիքն է որ տիրեց բոլոր երկիրներէ ներս։ Մէկ կողմէն ահաբեկչութիւնը իր պետական եւ ոչ պետական երեսակներով, միւս կողմէն անհանդուրժողականութիւնը, այլամերժութիւնը օտար համարուած ամէն ինչի հանդէպ։ Յոյսի նշոյլ մը իսկ չթողեցին աշխարհի երեսին։ Յաճախակի կերպով ցնցուեցանք անմեղներու զոհման լուրերով։ Այդ ցնցումներէն վերջինը ապրեցանք այս շաբթու վերջ, երբ աշխարհասփիւռ քրիստոնեաներ կը տօնէին Սուրբ Ծնունդը։ Ռուսաստանի աշխարհահռչակ երգչախումբը ինքնաթիռի արկածի զոհը կը դառնայ խոր սուգի մատնելով իր աշխարհասփիւռ համակիրները։
Ուրեմն դարձեալ իրաւունք չունինք հիասթափուելու, իրաւունք չունինք յուսալքուելու մանաւանդ անարդարութեան դէմ պայքարի շարքերը լքելու։ Չէ՛ որ այս տարի եւս ունեցանք նորածիններ Հալէպի, Պոլսոյ, Երեւանի, Ամիտայի եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ։ Ուրեմն յանուն իրենց մենք պիտի մնանք մեր հաւատալիքներուն, մեր սրբութիւններուն հաւատարիմ եւ պիտի չուրախացնենք բոլոր այն չարերը, որոնք յոյսը դրած են մեր պարտութեան վրայ։