ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Մամուլի հին սովորութիւն է տարուայ վերջին օրերուն վերաքաղ մը ընել անցնող տարուայ ընթացքին պատահած դէպքերու մասին։ Այս տարի ափսոս որ այդ դէպքերը շատ ծանր կշռեցին մեր երկրի ժողովուրդներուն վրայ։ Յաճախակիօրէն ցնցուեցանք ահաբեկչական յարձակումներով, որոնք բազմաթիւ կեանքեր խլեցին։ Թէեւ ահաբեկչական յարձակումները աշխարհի բոլոր երկիրներու համար կրնան ի զօրու ըլլալ սակայն մեր մօտ նոյն ինքն երկրի կառավարութիւնը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր որդեգրած էր իշխանութիւնը պահել բռնութեան անհամեմատ եղանակներով։ Նախորդ տարիէն փոխանցուած բռնութեան հոսանք մը կը տիրէր ամբողջ երկրի մէջ։ Բազմաթիւ լրագրողներ ձերբակալուած էին, խօսքի ազատութիւնը վերացած էր եւ կառավարութիւնը այս բոլորը կը մերժէր կամ կ՚արդարացնէր միայն իր եւ իր համակիրներուն համար ընդունելի պատճառաբանութիւններով։ Իրականութեան մէջ մտահոգութեան աղբիւրը բոլորովին տարբեր էր։ Անցեալ տարի 17 եւ 25 Դեկտեմբեր թուականներուն գայթակղութեան շատ ծանր մեղադրանքներ ուղղուած էին նախագահ Էրտողանին, անոր ընտանեկան շրջանակներուն եւ նախարարներուն դէմ։ Մեծ գումարներու հասնող զեղծարարութիւնով կը մեղադրուէին, բայց անոնք փոխանակ այս զեղծարարութեան հաշիւը տալու կը պնդէին որ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի աղանդին կառավարութեան դէմ ծրագրած դաւադրութիւն մըն է եղածը։ Այդ հանգրուանէն ետք երկիրը բոլորովին մատնուեցաւ ահաբեկչական միջավայրի, ուր ամբողջ տարուայ ընթացքին դէմ առ դէմ մնացինք զանազան յարձակումներու։ Կառավարութիւնը իրաւ ալ սարսափի մատնուած էր եւ իրեն դէմ եղած ամէն քննադատութիւնը կը դիտէր փարանոյայի մը հոգեվիճակին մէջ։
11 Յունուարին Թուրքիոյ 89 համալսարաններուն մէջ պաշտօնավարող 1.128 ակադեմականներ «Այս յանցագործութեան մասնակից չենք ըլլար» խորագիրով յայտարարութիւնով մը ասպարէզ կարդացին կառավարութեան։ Այդ արտայայտութիւնով կը մատնանշուէր քրտաբնակ քաղաքներու մէջ պետութեան ուժերու կիրարկած բռնութիւնը։ Սակայն իշխանութիւնները ինչպէս նախորդ անգամներ ալ ըրած էին, դէպքը ընդունեցին իբրեւ կառավարութեան դէմ ապստամբութիւն։ Անմիջապէս դատարաններ շարժման անցան եւ կարճ ժամանակի մէջ ձերբակալեցին այդ յայտարարութիւնը ստորագրող ակադեմականերէն ոմանք։
Հասարակութիւնը տակաւին չէր կրցած թափանցել այս պատահարին, երբ անմիջապէս յաջորդ օր ռումբ մը կը պայթէր քաղաքի զբօսաշրջական կեդրոններէն Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ եւ կը խլէր 10 կեանքեր։ Յաջորդող ամիսներուն երկիրը յաճախակի կերպով թատերաբեմը կը դառնար ահաբեկչական զանազան գործողութիւններուն։
17 Փետրուարին եւ 13 Մարտին Անգարայի մէջ մահապարտներու ձեռքով կայացած յարձակումները կը խլէին 55 կեանքեր։ Նման բնոյթով յարձակում մը կատարուեցաւ այս անգամ Փերայի մէջ, որուն զոհ գացին 5 գերմանացի զբօսաշրջիկներ։
Ահաբեկչութիւնը իր ճիրաններուն մէջ առած էր Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներու կողքին աշխարհի զանազան երկիրները։ Արդարեւ 20 Մարտին այս անգամ Պրիւքսէլն էր որ 34 զոհեր կու տար քաղաքի օդակայանին մուտքին կատարուած մահապարտի յարձակումի հետեւանքով։
Արտերկիրի յարձակումները սահմաններ չէին ճանչնար եւ կ՚երկարէին ովկիանոսէն ալ հեռու։ 12 Յունիսին Օռլանտոյի մէջ գիշերային ակումբ մըն էր յարձակումի թիրախը, ուր զոհուեցան 50 երիտասարդներ։
28 Յունիսին Իսթանպուլի Օդակայանի դէմ կատարուած յարձակումի արձագանգը եկաւ Ֆրանսայի Նիս քաղաքէն։ Ահաբեկիչները նոր դրութիւններ կը կիրարկէին եւ այս անգամ բեռնատար ինքնաշարժ մըն էր որ արագօրէն կը մտնէր 14 Յուլիսի տօնակատարութիւններուն համար հաւաքուած բազմութեան մէջ։ Աշխարհ ճարահատութեամբ կը հետեւէր պատահածներուն եւ Եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ կը պարզուէր աննախադէպ պատկերներ։ Անվտանգութիւնը հաստատելու համար ռազմական զէնքերով զինուած ոստիկանները կը շրջէին քաղաքի կեդրոններուն։
Ի դէմ այս բոլորին Թուրքիա իր պատմութեան ամենամութ էջերէն մէկը կ՚ապրէր 15 Յուլիսի գիշերը, երբ հրասայլեր փողոց կ՚իջնէին կառավարութիւնը տապալելու համար։ Բարեբախտութիւն է որ ժողովուրդական դիմադրութիւնը կասեցուց այդ ապստամբութիւնը, բայց ապա ամբողջ երկիրով ճաշակեցինք պետական ահաբեկչութեան ծանր հետեւանքները։ Տասնեակ հազարաւոր ուսուցիչներ, բազմահազար դատաւոր եւ դատախազ, բանակային եւ ոստիկան հեռացուեցան իրենց պաշտօններէն։ Կառավարութիւնը ստիպուեցաւ յանցագործներուն ներում շնորհել, որպէսզի տեղ բացուի այս նոր ձերբակալուածներուն։ Այսպէսով նախագահ Էրտողանի մենատիրութիւնը վերածուեցաւ բռնատիրութեան, իր հետ բերելով նաեւ տնտեսական ծանր ճգնաժամ, որուն հետեւանքները պիտի քաղենք նաեւ յառաջիկայ տարիներուն։