ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սխալ հաշիւը մինչեւ ե՞րբ



Ամբողջ երկրով հազիւ տասնօրեայ ժամանակահատուածի մէջ ապրեցանք երեք շատ կարեւոր դէպքեր։ 10 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն ահաբեկչական յար­ձա­կու­մով մը քա­նի մը վայրկեան­նե­րու մէջ մա­հացան 44 ան­ձեր՝ որոնցմէ 37 ոս­տի­կան­ներ էին։ Տա­կաւին այդ պայ­թումին սար­սա­փը կը շա­րու­նա­կուէր, երբ այս ան­գամ վրայ հա­սաւ Կե­սարիոյ մէջ զին­ծա­ռայող­նե­րու դէմ նոր յար­ձա­կում մը։ Այս ան­գամ ալ զո­հուած էին 14 զի­նուոր­ներ։ Եր­կու դէպ­քե­րը առիթ դար­ձան որ կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րը ան­գամ մը եւս հա­լածեն ՀՏՓ-ի քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը, յար­ձա­կումնե­րը վե­րագ­րե­լով քրտա­կան ազա­տագ­րա­կան շար­ժումին։ Շատ կարճ ժա­մանա­կի մէջ նա­խապէս ալ նման գոր­ծե­րով հրա­պարակ իջած Քուրտիս­տա­նի Բա­զէնե­րը անուն կազ­մա­կեր­պութիւ­նը ստանձնեց ոճի­րի հե­ղինա­կու­թիւնը հրա­պարա­կելով նաեւ գոր­ծա­դիր­նե­րու անուննե­րը։ Սա­կայն այդ հանգրո­ւանին ոչ ոք մտա­դիր էր ու­րիշ տե­սակ պատ­մութիւն մը լսե­լու։ Չէ որ երկրի նա­խագա­հը վա­ղուց յայ­տա­րարած էր՝ «անու­նը ինչ որ ըլ­լայ նշա­նակու­թիւն չու­նի, բո­լորն ալ նոյն են»։

Մարդ ակա­մայ կը մտա­ծէ, իրաւ այսքան դիւ­րին կրնայ ըլ­լալ։ Կրնայ ըլ­լալ որ մարդ իր ու­զա­ծը լսե­լու հա­մար ան­տե­սէ այլ տե­սակի բո­լոր յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։ Ըստ երե­ւոյ­թի կրնայ ըլ­լալ։ Եթէ ան­գամ մը յա­ջողած ես երկրի մա­մու­լը ամ­բողջո­վին չէ­զոքաց­նել, եթէ յա­ջողած ես բո­լոր պայ­մաննե­րու տակ հլու հնա­զանդ մա­մուլ մը ապա­հովել, եթէ ամե­նաան­հա­ւատա­լի գայ­թակղու­թիւննե­րը իսկ յանձն առ­նող երկրպա­գու­նե­րու զան­գո­ւած մը ու­նիս քու ետին, ամէն ինչ կա­րելի է։ Ոչ ոք կրնայ առար­կել կա­տարած­նե­րուդ։ Դուն ես եւ վերջ։ Մնա­ցեալ ամէն ինչ պատ­մութիւն է պար­զա­պէս։ Ո՞վ, ինչ կրնայ ըսել որ։ Բո­լոր հե­ռուստա­կայան­ներդ, բո­լոր գրա­ւոր մա­մուլդ օր­նի­բուն պի­տի կրկնեն նոյն յան­կերգը։ Այդ յան­կերգին ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը տա­լու ի վի­ճակի բո­լոր ընդդի­մադիր­նե­րը ար­դէն բան­տարկած ես բան­տախցիկ­նե­րուն մէջ։ Վերջ տո­ւած ես ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած գոր­ծիչնե­րու աշ­խա­տու­թեան։ Ամէն ինչ քու տնօ­րինու­թեամբ պի­տի ըն­թա­նայ յե­տայ­սու։ Այդպէս կար­ծե­լու հա­մար բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը ու­նէր Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը։ Ահա­ւասիկ իր կու­սակցու­թեան կար­գադրու­թեամբ ամ­բոխնե­րը փո­ղոց իջած էին եւ սկսած էին մար­դորսու­թեան։ Ամէն ինչ ձեռնտու էր նա­խագա­հին իր իշ­խա­նու­թիւնը ալ աւե­լի հզօ­րաց­նե­լու հա­մար։ Աս­կէ ետք ո՞վ կրնար յանդգնիլ որե­ւէ կեր­պով առար­կութիւն մը ներ­կա­յաց­նե­լու։

Սա­կայն 19 Դեկ­տեմբե­րին եկաւ եր­րորդ հա­րուա­ծը, որ ամ­բողջո­վին կը տար­բե­րէր նա­խորդնե­րէն։ Երի­տասարդ ոս­տի­կան մը թի­կունքէն կրա­կած էր Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան աւագ դես­պա­նին վրայ։ Դէպ­քը պա­տահած էր «Թուրք Լու­սանկա­րիչ­նե­րու Աչ­քով Ռու­սաստան» անու­նով ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման պա­հուն։ Յայտնի է որ Էր­տո­ղան եւ իր գոր­ծընկեր­նե­րը այս ան­գամ անակնկա­լի մը հետ դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւէին։ Քար լռու­թիւն տի­րեց այս շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Պա­պան­ձե­ցան մին­չեւ Ռու­սիայէն եկած առա­ջին հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րու լսու­մը։ Փու­թին մեղ­մա­ցուց իրենց վրայ ճնշող ծան­րութիւ­նը, երբ յայ­տա­րարեց թէ ոճի­րը թուրք-ռուս բա­րեկա­մու­թեան ուղղուած դա­ւադ­րութիւն մըն է։ Այդ պա­հուն ոչ ոք յի­շել կ՚ու­զէր մէկ կամ եր­կու օր առաջ Ռու­սաստա­նի դես­պա­նատան առ­ջեւ կա­տարո­ւած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը։ Աւան­դական խորամանկ դիւանագիտութեան հնարած նախադասութիւնները կը լսէինք իբրեւ թէ վերլուծաբաններու բերնէն։ Գիւտը կատարուած էր եւ ոճիրը վերագրուած Կիւլենի աղանդին։ Իսկ այդ ոճիրի տեղի տալիք զարգացումները տեսնելու համար տակաւին շատ կանուխ է։ Այժմէն տեսանք որ 20 Դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացած ժողովէն ետք կը յայտարարուէր՝ «Թուրքիա, Իրան եւ Ռուսաստան չեն վիճիր Սուրիոյ իշխանութեան մասին»։