Մեղեդիներու աշխարհին ձօնուած փայլուն գործ մը

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Լոյս տեսաւ Մարալ Աթամանի սպասուած ալ­պո­մը։ Եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր ան­համբեր եւ քիչ մը յու­սալքուած կը սպա­սէի այս ալ­պո­մը։ Ալ­պո­մը ինչքան որ ու­շա­ցաւ յոյ­սերս ալ նուազե­ցան եւ ափ­սո­սան­քի նա­խադա­սու­թիւններս շա­րուիլ սկսան շրթնե­րուս եզեր­քը։ «Հա­յերէն հրա­շալի ալ­պոմ մը պատ­րաստեր է Մա­րալը, բայց ափ­սոս որ չէ կրցած տպել» կ՚ըսէի։

Հա­յերէն լաւ գործ մը դուրս բե­րելը դժուար է այս օրե­րուն։ Ֆի­նան­սա­ւորու­մը հարց կը դառ­նայ բո­լորին հա­մար։ Երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րը իբր թէ շատ կը հաւ­նին այս գոր­ծե­րը, բայց հաւ­նի­լը օգուտ մը չու­նի, եթէ ալ­պո­մը պի­տի չտպես։ Այս ան­գամ Մա­րալը կը պտը­տէր երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րը, ընդմիշտ լսե­լով իր­մէ առաջ նոյն փոր­ձը ապ­րողնե­րուն են­թարկուած «ին­չո՞ւ հա­յերէն ալ­պոմ մը տպել կ՚ու­զես» հարցումը, Մա­րալը գի­տեր թէ ի՞նչու կ՚ու­զէ։ Այս ան­գամ ու­րիշ հար­ցում մը կար մտքին մէջ՝ «Ին­չո՞ւ հա­յերէն ալ­պոմ մը տպե­լը այսքան դժուար է»։ Նոյն բա­ռերը կը լսէր միշտ։ «Մա­րալ ափ­սոս որ ալ­պոմդ հա­յերէն է, շատ կ՚ու­զէինք թրքե­րէնի թարգմա­նէս, այն ատեն շտապ կը տպենք» կ՚ըսէին։ Բնաւ յու­սա­հատ չէր ըն­կե­րու­հիս։ Ըրած աշ­խա­տու­թեան ար­ժէ­քը ար­դէն յայտնի էր, ադա­ման­դի մը նման ցոլ­քեր կու տար գոր­ծը իր սե­նեակի դա­րանէն։ Դռնե­րի ետին լսուած նո­թանե­րը շշնջա­լով կը մեծ­նա­յին սե­նեակի ետե­ւի մարդկանց հա­մար։ Գոր­ծը աւե­լի շատ հե­տաքրքիր կը դարձնէր ինձ հա­մար, երբ կը լսէի այլ մարդկանց անոր գոր­ծի մա­սին բա­րեհաճ խօս­քե­րը։

Ահա Չո­րեք­շաբթի օր մը Մա­րալը եկաւ ալ­պո­մը իր ձեռ­քին ու մենք միասին կը խօ­սէինք վեր­ջա­պէս այս գե­ղագոյն ալ­պո­մի մա­սին։

Դեռ գոր­ծը մտիկ ըրած չէի։ Երբ կը մրմնջար իր գե­ղեցիկ ձայ­նով մօ­տիկս նստած կարգ մը եր­գե­րը ար­դէն հրա­պու­րեց սիրտս։ Բայց բան մը չը­սի անոր։ Մտիկ չը­րած ալ­պո­մի մը մա­սին ի՞նչ ըսեմ։ Չգիտ­ցա­ծի վրայ խօ­սիլը ստա­խօսու­թեան տե­սակ մըն է ին­ծի հա­մար։

Ինք ճամ­բորդե­լէ ետք բա­ժակ մը թէ­յի ըն­կե­րակ­ցութեամբ սկսայ մտիկ ընել սի­րելի Մա­րալին ալ­պո­մը։

Ալ­պո­մի անու­նը «Երազ» էր։ Կը սի­րեմ երա­զել։ Միշտ ալ սի­րած եմ։ Սէր կ՚երա­զեմ, աշ­խարհի վրայ խա­ղաղու­թիւն, լոյս կ՚երա­զեմ, եր­ջանկու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն կ՚երա­զեմ։ Եւ այս ալ­պո­մին մէջ բո­լորը գտայ։ Պար­թեւ Կա­րեան եւ Մա­րալ Աթա­ման միասին գրած են «Երա­զանք»ը։ Մաղ­թանք մը՝ «Երա­զանք» անու­նով։ Երգ մը որ ամէն մէկ բա­ռէն սէր կը յոր­դի։

«Սի­րենք մենք ամ­բողջ աշ­խարհում

Սէ­րը միշտ մեզ բե­րէ ոյժ ան­հուն

Սէ­րը կեանք է, սէ­րը շունչ է

Եւ ու­րա­խու­թիւն

Ժո­ղովուրդնե­րի եր­ջանկու­թիւն

Ժո­ղովուրդնե­րի ողջ հաշ­տութիւն»

Միշտ կ՚ըսեմ պէտք է աշ­խարհը արուես­տա­գէտ­նե­րը ղե­կավա­րեն… աւե­լի սէ­րով լե­ցուն, աւե­լի գու­նա­ւոր եւ աւե­լի ճոխ կ՚ըլ­լայ։

Դու­ռէ դուռ պտը­տիլը յայտնի դար­ձաւ Մա­րալին։ Այս ինչ գո՛րծ, ինչ աշ­խա­տա՛նք։ Ով­քե՞ր չկան այս ալ­պո­մին մէջ։ Պար­թեւ Կա­րեան, Պեր­ճուհի Պեր­պէ­րեան, Արի Ալի­ճիեան, Սա­րօ Սե­չիքեան, Արաս Սա­րըչո­պան, Անի Պա­րոնեան, Փոլ Պաղ­տա­տեան, Մա­ժակ Թո­շիկեան եւ դեռ շա­տեր… Ամէն մէ­կը մէկ կող­մէն բռնած են «հա­յերէն» բա­ռը լսե­լով։ Ամէն մէ­կը գի­տէ լաւ գործ մը դուրս բե­րելը ինչ պար­տա­ճանաչ աշ­խա­տու­թիւն կ՚ու­զէ։ Այս գի­տակից ան­ձինք, միաս­նա­բար ման­րակրկի­տօրէն աշ­խա­տած են հա­մայն հա­յու­թեան, հա­մայն ազ­գութեան հա­մար։ Մե­ղեդի­ներու աշ­խարհի այս փայ­լուն գոր­ծը, անոնց օգ­նութեամբ գո­հարի մը նման կը փայ­լի խա­նութնե­րու ցու­ցա­փեղ­կե­րուն։

Ես ան­ձամբ կը շնոր­հա­ւորեմ Մա­րալին այս հմա­յիչ գոր­ծին հա­մար։ Բա­զում ան­գամ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ իր հե­ղինա­կած հա­յերէն յօ­րինումնե­րուն հա­մար։ Ճո­խացու­ցիր մեր Պոլ­սա­հայե­րու եր­գա­ցան­կը, ձայնդ անսպառ սի­րելի ընկերուհիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ