ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Վերջերս հրապարակուեցան PISA-ի՝ Աշակերտներու գնահատման միջազգային ծրագրի (Programme for International Student Assessment) 2015-ի զեկոյցին արդիւնքները։ Ըստ տուեալներու, Թուրքիա «Գիտութիւն, թուաբանութիւն եւ ընթերցում» դասակարգման մէջ 70 երկիրներու շարքին կը գրաւէ 49-րդ եւ 52-րդ աստիճանները (նախապէս 33-րդ եւ 35-րդ աստիճաններուն վրայ էր)։ Այս արդիւնքները, որոնք այնքան ալ փայլուն պատկեր մը չեն գծագրեր կրթական համակարգին վերաբերեալ, արդեօք արժանացա՞ն մեր վարժարաններու վարիչներուն կամ կրթական պատասխանատուներուն քննութեան, քանի որ համայնքային վարժարանները կարելի չէ անջատել ընդհանուրէն։
Մունզուրի համալսարանէն, ընկերաբանութեան դասախօս Եավուզ Չոպանօղլու այս մասին վերլուծական յօդուած մը հրատարակած էր «Պիրկիւն»ի կիրակնօրեայ յաւելուածին մէջ։ Պիտի ջանամ ներկայացնել ամփոփ գիծերով՝ համեմատութիւններ կատարել փորձելով նաեւ մեր վարժարաններուն հետ։
Ան իր վերլուծումները կը սկսի Փետրուար 28-ի Որոշումներու վաղորդայնին (1998) առնուած ութ տարուան պարտադիր ուսուցման կարգադրութենէն։ Կրթութեան նախարարութիւնը նոյն տարուան ընթացքին, հակառակ բազմաթիւ առարկութիւններու, ջնջած էր նաեւ դասարան կրկնելու կանոնը։ Այսպէսով անորոշացած էր աշխատասէր ու ծոյլ աշակերտի տարբերութիւնը եւ վնաս հասցուած պատանիներու արդարութեան ընկալման զգացումին։ Այսպէս կամ այնպէս յաջորդ դասարան անցնիլը ապահոված աշակերտը հետզհետէ սկսած էր խզել նաեւ իր կապը դպրոցին հետ։
Գաղափարախօսական այս մօտեցումը հետեւեալ օրերուն աւելի զգալի պիտի դառնար անշուշտ։ Դպրոց այցելող քննիչներ կը թելադրէին այլեւս, որ «ամէն մարդ պարտաւոր չէ ճարտարագէտ, բժիշկ եւլն. ըլլալու, երկիրը պէտք ունի նաեւ կրթեալ շարժավարի, սրճեփի, աղբահաւաքի»։ Ուրեմն, կ՚ըսէ յօդուածագիրը, ցած դասարաններու աշակերտներուն վիճակուած պարտականութիւնը միայն նստարաններուն փոշին մաքրել էր այսուհետեւ, եւ ոչ աւելին։ Ըստ Չոպանօղլուին, իրենց համար արդէն իսկ դժուար հասանելի մասնագիտութիւնները միայն երազ մըն էին այլեւս, շատ-շատ կրնային ուսուցիչ մը ըլլալ…
Կրթական այս քաղաքականութիւնը նոյնութեամբ շարունակուած է նաեւ ԱՔՓ-ի տարիներուն՝ նոյնիսկ ցած դասակարգի տղոց իրենց կացութեան համակերպելու ուղղութեամբ տարուած գաղափարախօսական կրթական քաղաքականութեան սաստկացմամբ։ Այդ շրջանին կատարուած կարեւոր փոփոխութիւն մը մատնանիշ կ՚ընէ յօդուածին հեղինակը, որ է՝ «կրթութիւն՝ աշակերտի առանցքով» կոչուած, որպէս կարգախօս բաւական գեղեցիկ դրութեան մը որդեգրումը։ Այսպէսով, կրթութեան որակը կ՚իջեցուի աշակերտական (այսինքն՝ հասարակ) մակարդակի։ Կը փոխուին կրթական ծրագիրները, կը պարզեցուին, կը նուազեցուին դասագիրքերու ընթերցանութեան, զայն հասկնալու եւ պատմելու աշխատանքները, դասագիրքերը կը վերածուին պատկերազարդ գիրքերու։ «Նոր սերունդները, որոնց կապը գիրքին հետ արդէն բաւական տկար էր, յանկարծ իրենք զիրենք կը գտնեն գործնական աշխատանքներու մէջ խեղդուած»։
Դասերը այլեւս վերածուած էին խաւաքարտէ պարտականութիւններ կատարելու ձեռնարկներու, որոնք նիշի մըն ալ կը համապատասխանէին։ Չոպանօղլու կը փոխանցէ Միջին Անատոլուի մէջ պաշտօնավարող թրքերէնի ուսուցիչի մը վկայութիւնը, որու համաձայն աշակերտներուն մէկ երրորդը գրել-կարդալ չէր գիտեր կամ դժուարութեամբ կը գրէր ու կը կարդար։
Թերեւս լաւ կ՚ըլլայ միջամտել այս կէտին վրայ ու համեմատութիւն մը կատարել համայնքային վարժարաններու վիճակին հետ։ Շուրջ տասը տարիէ ի վեր սերտ շփումի մէջ եմ մանաւանդ նոր սերունդի կրթական մշակներուն, նորաւարտ աշակերտներուն եւ դպրոցականներուն հետ։ Կրթական համակարգին մէջ տեղի ունեցած այս փոփոխութիւններուն վերագրել սխալ չ՚ըլլար անոնց հայերէն կարդալու կամ գրելու տկարութիւնը։ Այս կաղացումը միայն հայերէնին չի վերաբերիր այսինքն, թէեւ մենք հարցը միշտ կը քննենք հայերէնի նահանջի, նոր սերունդի անտարբերութեան, ախ-վախերու նման հասարակ տեղիքներու շրջագիծին մէջ, սակայն երկրի կրթական համակարգին ենթարկուած լուրջ փոփոխութիւնները հաշուի չառնելը շատ անգամ մեզ պիտի առաջնորդէ սխալ լուծումներու։ Ախտաճանաչումը ճիշդ կերպով պէտք է կատարուի, որպէսզի ախտահանումը արդիւնաւոր ըլլայ։ Հայերէնի դասաւանդման պարագային, անցեալէն ժառանգուած, բայց այսօր այլեւս անգործութեան մատնուած կրթական համակարգի մը կրողներն են մեր վարժարանները եւ այնքան ժամանակ որ կը շարունակեն յամառիլ հայերէնի դասաւանդութեան, լեզուի ընկալման այս մօտեցումներուն վրայ, վրան բարդելով նաեւ կրթական նոր ընկալումներուն սխալները՝ յստակ է որ արդիւնքի մը պիտի չհասնին նաեւ ապագային ու մեր գիտոսիկները պիտի շարունակեն իրենց ախ-վախերը։
Չոպանօղլու ապա կ՚անդրադառնայ գրականութեան դասաւանդման հարցին։ Այն ինչ որ կը վերաբերի թուրք ուսուցիչներուն՝ ի զօրու է նաեւ մեզի համար։ Սանկ աչք մը նետենք հայ գրականութեան ծրագիրին. ԺԲ դասարանին մէջ տղաքը պէտք է սորվին Հայաստանի ժամանակակից գրողներէն Գուրգէն Խանճեանն ու Լեւոն Խեչոյեանը, Մարինէ Պետրոսեանն ու Վիոլեթ Գրիգորեանը (լսա՞ծ էք այս անունները), ինչպէս նաեւ Յակոբ Կարապենցը, Արմենուհի Թերզեանը, Դեւը, Օննիկ Ֆըչըճեանը եւլն.։ Եւ դեռ Թ դասարանին մէջ ունինք Տիրան Չրաքեան, Եղիշէ Դուրեան… Հետաքրքիր եմ գիտնալու, որ արդեօք ո՛վ պատրաստած է այս ծրագիրը, անոնք նկատի առա՞ծ են մեր ուսուցիչներուն մակարդակը, թէ մեծ հաւանականութեամբ իրենց իսկ չկարդացած հեղինակներով լեցուցած են զայն՝ բաներ մը ապացուցելու համար մէկերուն։ Մեր ուսուցիչները այլեւս բանաստեղծ, արձակագիր, լրագրող, մտաւորական կամ գաղափարապաշտ անձեր չեն ու պիտի չըլլան ալ ասկէ ետք (մէկ-երկու բացառութիւնները միշտ յարգելով անշուշտ), այլ՝ համալսարանական քննութիւններու մրցավազքին մէջ մաշած, շատ անգամ ապրուստի հոգերով ծանրաբեռնուած անձեր, որոնք յիշեալ հեղինակներուն գիրքերը կարդալ ուզեն իսկ պիտի չկրնան հասնիլ անոնց, իրենց հայերէնի իմացութիւնը (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն-գրաբար հաւասարապէս, որովհետեւ պիտի չկրնաք լիարժէքօրէն Եղիշէ Դուրեան մը հասկնալ եթէ գրաբար չէք գիտեր, կամ պիտի չկրնաք Լեւոն Խեչոյեան մը կարդալ՝ եթէ արեւելահայերէնի գիտելիքները լաւ մակարդակի մը չէք հասցուցած) արգելք մը պիտի ըլլայ անոնց համար, եւ առանց հոգիի, առանց խանդավառութեան պիտի կրկնեն 50 կամ 100 տարուան հնութեամբ դասագիրքի մը մէջ գրուածները։
Գրականութեան եւ առհասարակ կեանքի ընկալման համար օժանդակ դասապահեր էին փիլիսոփայութիւնը, տրամաբանութիւնը, հոգեբանութիւնը, որոնք նուազացած են կամ բնաւ չեն դասաւանդուիր այլեւս։ Աւելին՝ այս դասապահերը փոխարինուեցան կրօնքի դասով։ Մեր աշակերտները, մանաւանդ միջնակարգի ու նախակրթութեան մէջ, աւելի հակուած են կարեւորութիւն տալու կրօնքին, որովհետեւ TEOG-ի քննութեան հարցարաններէն մէկն ալ կրօնքի մասին է։ Երկրին հետզհետէ կրօնա-պահպանողական ուղղութեան մը հակուիլը այս ազդեցութիւնը գործեց նաեւ մեր վրայ, որ արդէն իսկ բարենիշեր չունէինք աշխարհավարութեան դիտանկիւնէն։ Միւս դպրոցները չեմ գիտեր ինչպէս, սակայն անցեալին իմ պաշտօնավարած Մխիթարեան վարժարանին մէջ հայերէնի ու կրօնքի ուսուցիչները միասնաբար կը կատարէին իրենց ժողովները։ Աշակերտի միտքին մէջ կրօնապաշտութիւնն ու հայ գրականութիւնը, Քրիստոսն ու հայերէնը շատ անգամ անջատ գաղափարներ չէին եւ բնական է որ այդպէս ըլլար, երբ հայերէնն ու կրօնքը շատ անգամ կը դասաւանդեն միեւնոյն ուսուցիչները։ Այնպէս, ինչպէս թրքական վարժարաններուն մէջ կեանքը այլեւս կրօնական հայեացքներով կ՚ընկալուի, ուր փիլիսոփայութեան դասը վերածուած է գրեթէ կրօնագիտութեան։
Շարունակութիւնը՝ յաջորդիւ…