ՍԷՏԱԴ ՈՒԼՈՒԿԱՆԱ
Վանի եւ շրջակայքի մասին հայոց պատմութեան ուղղեալ ուսումնասիրութիւնները միշտ նիւթ կ՚ունենան լիճի արեւմտեան հատուածը, առհասարակ քաղաքի կեդրոնը։ Կ՚անտեսուի լիճի արեւմտեան ափը, ուր կան Արճէշի, Ատիլճէվազի նման պատմական բնակավայրեր։ Իբրեւ տեղացի, ուզեցի հասարակութեան ուշադրութեան տրամադրել այդ հատուածի «Ֆըլստան» աւանը։
Հազիւ եօթ կամ ութը տարեկան էի, երբ այն ատեն 90 տարեկաններով Իսմաիլ Պաքըշէ լսած էի սարսափելի դրուագ մը։ «Գառնարած էի Աքչըրա գիւղը, մարդ մը կար, որ շատ կը ծխէր։ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն գլխատեցին այդ մարդը, շնչափողը տեսայ որ սեփսեւ էր»։ Իսմաիլ այս փորձառութիւնը կը պատմէր փաստելու համար թէ ծխելը վնասակար է։ Գլխատուած մարդու մը պատկերը սարսափ չէր պատճառած իրեն։
Այս յօդուածը կը ձօնեմ շնչափողը սեփսեւ մարդու յիշատակին։
Ֆըլէ
Քիւրտեր իրենց հետ ապրող, բայց տարբեր կրօնի պատկանող, տարբեր լեզուով խօսողները ֆըլէ կ՚անուանեն, քիչ մըն ալ արհամարհական կերպով։ Բառը առաջին անգամ գործածուած է 1791-ին ծնած քիւրտ բանաստեղծ Մելէ Մեհմուտէ Պեզըտիի կողմէ, փոխարինելով «րիյա» կամ «րէայա» բացատրութեան որ, Օսմանեան բառամթերքին մէջ կ՚օգտագործուի քաղաքացիի իմաստով։ Այսպէս Տուհոք, Մերտին, Սղերդ, Շըրնախի մէջ ֆըլէն քաղդէացի, ասորի, սուրիանի կամ հայ է, Չոլեմերկի մէջ նաստորեան, Ամիտայի, Բաղէշի, Տարօնի, Վանի, Կարինի մէջ հայ է։ Արդարեւ մեր նիւթ առած ֆըլստանի մէջ ալ ֆըլէ ըսելով միայն հայերուն կ՚ակնարկեն։
Ֆըլստան
Այս բացատրութիւնը կը նկարագրէ Վանի Արճէշ, Ակրիի Փատնոց, Բաղէշի Ատիլճէվազ գաւառներու եւ Վանայ լճի միջեւ մնացած տարածքը։ Նախքան 1915 բոլորովին հայերու բնակած ֆըլստանի այժմու բնակիչները քիւրտեր են, որոնք հոս հաստատուած են 1920-ին։ Պահելով հին անուանումը, զիրենք կը ներկայացնեն «Ֆըլստանի ժողովուրդ» (Խալքէ Ֆըլստանէ) կոչումով։
Հին հետքեր
Տարածքի բոլոր գիւղերուն մէջ եկեղեցիներ կային, նաեւ քանի մը մեծ վանքեր։ Այդ վանքերը եւ եկեղեցիները եկուորներու կողմէ աւերուած, քարերը այլ շինութիւններու համար թալանուած են։ Իմ տեսակցած գիւղացիներէն Էյուպ Պարքըշի վկայութիւններով աւերուած աղօթատեղիները աւելի ետք քիւրտերու կողմէ ալ ուխտավայր համարուած է։ Նմանապէս գերեզմանները, որոնք գիւղերու մօտակայքը կը գտնուէին եւ անոնցմէ ոմանք մինչեւ 2000-ական տարեթիւերու սկիզբը իրենց գոյութիւնը պահած։ Երբեմն քանի մեթր բարձրութեան հասնող խաչքարերը այսօր աւերուած են եւ վնասուած։
Ֆըլստանի ճարտարապետութիւնը, մշակութային եւ տնտեսական կեանքը հայոց ժամանակ
Հայոց շինութիւնները պարզ էին եւ գործածական։ Հիմնական շինանիւթը Սիփան սարի լաւային մուգ քարերն էին։ Միասենեականի բնակարանները քառակուսի կամ ուղղանկիւն քառանկիւն յատակագիծով ու գմբէթաւոր էին։ Պատերու վրայ լուսամուտներ չկային։ Գմբէթի ծխնելոյզները թէ լուսաւորութեան կը ծառայէին եւ թէ օդափոխութեան։ Կողքի պատերու մինչեւ կէսը հողին թաղուած էր եւ դէպի դրան մուտքը կը բարձրանային։ Կոնաձեւ գմբէթը կը նստէր գերանի վրայ ու Վանայ լճի ափերէն բերուած եղէգներով կը ծածկուէր տանիքը։ Բոլոր տուները օժտուած էին թոնիրով, որ թէ ջեռուցման կը ծառայէր եւ թէ եփելու։ Յաճախ նոյն բակի մէջ կը գտնուին մառանն ու գոմը։ Գոմի յետնամասին կար նաեւ թառ կոչուած հաւնոցը, ուր կը պահուէին սագերն ու բադերը։
Վանայ լճի հարեւանութեամբ տարածքը ջրառատ է։ Քանի մը մեթր խորութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ ստորերկրեայ ջուրի ակի մը։ Այս պատճառաւ ալ դաշտը յարմար է հողամշակման։ Բոլոր տուները ունէին իրենց ջրհորները։ Հայոց շրջանին Ֆըլստան Վանի եւ Բաղէշի համար ցորենի շտեմարան մըն էր։ 1838-ին Ատիլճէվազի ճամբուն վրայ Ֆըլստանէն անցնող Անգլիոյ Կարինի հիւպատոս Ճէյմս Պրէնտ կը նշէ հողագործութեան զարգացած դրութիւնները եւ արտադրուած ցորենի բարձր որակը։ Նման հաստատումներ ունեցած է նաեւ զօրավար Մայէվսքի։ Ցորենի եւ գարիի արտերուն մէջ իբրեւ պարարտացուցիչ աղբ կ՚օգտագործուէր թրիքն ու թոնրի մոխիրը։ Ֆըլստան նշանաւոր էր նաեւ մեղրի արտադրութիւնով։ Քրտագէտ Ճելիլէ Ճելիլ հայկական աղբիւրներուն յենելով կը պատմէ Առչիրա եւ Գարա Գէշիշ գիւղերու մէջ մեղրի արտադրութիւնը։ Իսկ Էյուպ Պարքըշ իր հօր պատումներէն կը յայտնէ թէ քիւրտերը նիւթին անտեղեակ ըլլալով չեն կրցած շարունակել մեղուաբուծութիւնը։ Լիճի ափին ընդարձակ մարգագետիններու շնորհիւ զարգացած էր անասնապահութիւնը։ Զարգացած էր նաեւ ձկնորսութիւնը։ Միայն Վանայ լճի մէջ աճող «Տարեխ»ը պահածոյացուած կամ մխեցուած կերպով կը վաճառուէր հեռաւոր վայրեր։
Արճեշի խաղողի պատմութիւնը կը հասնի մինչեւ Ուրարտական շրջան։ Բաղդատմամբ ծովափի, աւելի քարքարոտ տարածք մը ունեցող Գանձակ, Բանոն, Անցաւ, Թիլան, Ակսրավ, Թոնտրաս, Մոյ, Գուրգուզ, Ճոտկախ, Տէյր, Արմիցոկ գիւղերու մէջ արտադրուած խաղողէն ընտիր գինիներ կը պատրաստուէին։ Նոյնպէս տարածքը լեցուն էր խնձորենիներով ու ծիրանի ծառերով։
Լիճի ափին բնակողներ Վանայ լիճի սոտա պարունակող ջուրը շոգիացնելով կը պատրաստէին յատուկ օճառ մը, որուն գլխաւոր գնորդն էին քիւրտերը։
Ցեղասպանութեան նախօրէին քիւրտերու հետ ամուր տնտեսական եւ ընկերային յարաբերութիւններ մշակող հայերը իրենց մայրենիին զուգահեռ, լաւ կը տիրապետէին քրտերէնի քըրմանճ բարբառին։
Ֆըլստանը պատմութեան ընդմէջէն
Ինչպէս ամբողջ Վանայ տարածքին, Ֆըլստան ալ մինչեւ 1071 կ՚իշխէին Վասպուրականի իշխանները։ Այդ թուականէն ետք կը սկսի Սելջուկեան թուրքերու գրաւումը, որուն կը յաջորդէ Ահլաթշահերու եւ Գարագոյունլուներու իշխանութիւնը։ Այս վերջիններուն տիրապետութեան թուլացումով նախ Պիթլիսի միրը Շեմսէտտին, ապա Չոլեմերկի իշխան Իզզետտին Բ. Եւ 1500-ական տարեթիւերուն սկիզբն ալ Սաֆաւեան իշխանութեան մատնուած Ֆըլստան 1534-ին կը մտնէ Օսմանեան տիրապետութեան։ Սակայն Ֆըլստան մինչեւ ԺԹ դարու սկիզբները չէ ենթարկուած քրտական իշխաններուն։ Բայց մինչեւ Ի դարու սկիզբներուն, միշտ ենթարկուած է քիւրտերու աւազակութեան եւ թալաններուն։
Ցեղասպանութիւն
Արճէշ, Ատիլճեւազ եւ Փատնոցի եռանկիւնը Հայտարան աշիրաթի իրարու հետ մրցման մէջ եղող երեք եղբօրորդիներու, Քէօր Հիւսէյին Փաշա, Թէմուր Փաշա եւ Էմին Փաշայի իշխանութեան ենթակայ էր։ Անոնցմէ առաջինը յաջողեցաւ միւսներուն վրայ իր գերիշխանութիւնը պարտադրել։ Այսպէս Ֆըլստանի հայերը Վանի կուսակալի կողքին կը պարտաւորուին Քէօր Հիւսէյին Փաշային ալ հարկ տալու։ Շրջանի հայերը այսպէսով, թէ կը սնանկանան եւ թէ կը տառապին վայրագ կողոպուտներուն դիմաց։ Կը յափշտակուին դիմադրողներու ոչխարներու հոտերը, կը հրկիզուին ցորենի արտերը։
Ցեղասպանութենէ ետք Հայտերան աշիրաթի քիւրտերը, որոնք մաս կազմած էին նաեւ Համիտեան գունդերուն, կը հաստատուին Ֆըլստանի մէջ։ Հազիւ 15 տարի անց պետութեան կողմէ կը կոտորուին Ակրիի ապստամբութեան միջոցին Արճէշի պաշարման օգնած ըլլալու պատճառաւ։ Վերապրածները կ՚աքսորուին դէպի արեւմտեան քաղաքներ։ Այս բոլորը անգամ մը եւս յիշել կու տան հայու մը կողմէ քիւրտի մը ուղղեալ «Էմ թաղթէ նէ հըն շիվ ին» (մենք նախաճաշ էինք, դուք ընթրիք կը դառնաք) խօսքը։