Պահ մը յիշել նախորդ սերունդները, որոնց համար այսօրուայ մարդը քիչ մըն ալ հեգնանքով պիտի ըսէ՝ «ծնած տեղը մեռնողները»։ Եթէ բարեբախտութիւն է, այդ բարիքը վիճակեցաւ մեր ժամանակներու մարդկանց, որոնց համար հեռաւորութիւնները կարծես նշանակութիւն չունին։ Ըդունուած հաստատումով մը կրնանք ըսել որ աշխարհ փոքրացած է ժամանակակից մարդուն համար։ Անհաւատալի հեշտութիւնով կ՚անցնինք մեծ հեռաւորութիւնները, որոնք նախապէս երազելն անգամ դժուար էր։ Թէեւ հաստատ կրնանք գիտնալ թէ աշխարհի երեսին տակաւին բազմաթիւներ զուրկ են ճամբորդելու այս տեսակի դիւրութենէ։ Երկրէ երկիր ճամբորդելը անհասանելի երազ մըն է շատերու համար։ Այլ խօսքով ծնած տեղը մեռնողները դեռ տակաւին շատ ու շատ են։ Բայց դիտելով մեզի ընծայուած առիթները, կը տեսնենք որ մեծ ճանապարհ անցած ենք բաղդատմամբ մեր նախորդ սերունդներուն։ Օրինակի համար մեծ հայրս Վարդան Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն խզուած էր եղբայրներէն եւ մինչեւ իր կեանքին վերջ անգամ մըն ալ չէր հանդիպած անոնց։ Անշուշտ այս տեղ կարեւոր գործօն էր նաեւ երկիրներու իրարմէ տարանջատումը թելադրող քաղաքականութիւնները։ Մեծ հայրս պատերազմի աւարտին մնացած էր Թուրքիա, ուր ՆԱԹՕ—ի անդամ երկիր է։ Իսկ երկու եղբայրները մնացին Սովետական Միութեան տարածքին մէջ։ Հին բացատրութեամբ անդունդ մը կար այդ երկու երկիրներու միջեւ։ Ուրեմն մարդիկ թողենք սահմաններ անցնիլը, այդ սահմաններուն մօտենալու իսկ կարողութիւն չէին ունեցած։ Այսօր որ անցեալի հետ համեմատելով այդ սահմաններն ալ կորսնցուցած կ՚երեւին իրենց արգելաբակող նշանակութիւնը, երեւոյթը տակաւին կը մնայ անփոփոխ։ Մարդիկ կը մնան սահմաններով արգիլուած տարածքներու մէջ։ Ուրեմն սա տակաւին մեր երազած աշխարհը չէ։
Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել ճիշդ ալ այդ երազածին հասնելու համար։ Անշուշտ դժուար հարցադրում։ Դժուար՝ քանի որ տակաւին չենք յաջողած միասին ապրելու գաղտնիքը ճարել։ Բայց կարծես պարտաւոր ենք այդ երազը իրականացնելու։ Մարդ կոչուելու հիմնական պայմանն է այդ։ Հանդուրժել գիտնալ, յարգանքով վերաբերիլ ուրիշին եւ բարիք ցանկալ օտարին։ Այս է որ այդքան անկարելի կը թուի ոմանց եւ կեանքը կը դառնայ անտանելի։ Ուրիշ ինչո՞վ բացատրենք սա անիմաստ սպանութիւնները, ուր մարդիկ առանց վարանելու կեանքեր կը խլեն լոկ չարագործութեան համար։ Տրամաբանական ոչ մէկ պատճառաբանութիւն պիտի ունենայ այն զանգուածային սպանութիւնները, որոնք ուղղուած են բոլորովին օտարին եւ կը միտին իբրեւ թէ նպատակի մը ծառայել։ Մինչդեռ այդ տեսակ նպատակ մը գոյութիւն չունի երբեք։ Ո՛չ երէկ, ո՛չ ալ այսօր։
Վերադառնանք գրութեան սկիզբին։ Ճամբորդելը, ճամբորդութեան զուգահեռ նոր ծանօթութիւնները, նոր հանդիպումները, նոր յայտնաբերումները միայն բարիքի ներշնչում պիտի տան։ Այդ առումով խրախուսեցէք ձեր շուրջինները։ Դուրս քան իրենց ծնած, սնած ու աճած միջավայրէն եւ տեսնեն, հանդիպին օտար ափերուն մէջ իրենց նմաններուն։ Տեսնեն որ հացը ամէն տեղ նոյն համը ունի, աշխատողի ճակատը ամէն տեղ նոյնքան բաց։ Նաեւ տեսնեն թէ շահի ագահ կուտակումը, այլամերժութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը ամէն տեղ միայն պատերազմ պիտի ծնի, միայն ողբ ու աւեր։
Համոզուինք՝ մարդ արարածը արժանի է լաւին, բարիին, ազնիւին։