ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
( Յերիւրածոյ լուսանկարը առնուած է zaytung.com-էն)
Նահատակաց անունով մկրտուած վայրերով կը շրջապատուինք հետզհետէ։ Հոն ուր ահաբեկչական գործողութիւն մը կը կատարուի, եւ եթէ այդ ահաբեկչութեան հետեւանքով սպաննուած չեն ընդդիմադիրներ, նախքան դէպքին բացայայտումը, նախքան նոյնիսկ վայրին մաքրուիլը՝ այդտեղը անմիջապէս կը կոչուի, օրինակ՝ Նահատակաց բլուր, օրինակ՝ Նահատակաց կամուրջ, օրինակ՝ Նահատակաց հրապարակ, օրինակ՝ Նահատակաց կայարան, օրինակ՝ Նահատակաց սրահ, օրինակ՝ Նահատակաց վարժարան եւ այսպէս շարունակ։ Օր մը թերեւս ամբողջ երկիրը մկրտուի նահատակստան։
Վոսփորի կամուրջը այլեւս Նահատակաց կամուրջ է, Պեշիքթաշի մարզադաշտին նայող բլուրը, ուրկէ մարդիկ մցումներուն կը հետեւէին ձրիօրէն, եւ այս պատճառով ալ կը կոչուէր Պելեշթեփէ, այլեւս նահատակաց բլուր մըն է։
Խոստովանեցէք անկեղծօրէն. չէ՞ք հեռանար այդ վայրերէն հետզհետէ։ Այդ վայրերը, որոնք յիշատակ մը ունէին ձեզի համար, մտերմութիւն մը, Վոսփորի կամուրջը օրինակ, չի՞ կորսնցներ հետզհետէ իր հարազատութիւնը։ Բան մը չի՞ կոտրիր ձեր մէջ։ Վայրերը, որոնք ձերն էին, որոնք այս քաղաքի բնակիչներունն էր, այլեւս, կամաց-կամաց կը դառնան այլոց սեփականութիւնը՝ իրենց անուններով։ Այլոց՝ որոնք անծանօթ են ո՛չ միայն մեզի, այլ նաեւ շատ շատերուն։ Չենք ճանչնար այդ մարդիկը, որոնք հպարտութեամբ կ՚որդեգրեն այդ նոր անունները, զորս կ՚արտասանեն առանց երկմտանքի, մինչ դուք քանի մը անգամ կը մտածէք, չէք ընդունիր, չէք կրնար հեզասահ արտասանել այդ նոր անունները։
Կարծէք նահատակութիւնը մեծարելի երեւոյթ մը ըլլար։ Կարծէք նահատակութիւնը խրախուսելի, քաջալերելի երեւոյթ մը ըլլար։ Պետութիւն կոչուած կառոյցը կարծէք իր քաղաքացիները հրէշաւոր մօր մը նման սպաննել ուզէր միշտ, զանոնք դէպի մահ առաջնորդէր, մահացնէր, սպաննէր՝ փոխանակ ապրեցնելու զանոնք։
Kim bu cennet vatanın uğruna olmaz ki feda?
Şühedâ fışkıracak toprağı sıksan, şühedâ!
Ասիկա ալ մեզի ծանօթ ուրիշ երկրի մը քայլերգն է.
«Ամենայն տեղ մահը մի է մարդ մի անգամ պի՛տ մեռնի
Բայց երանի որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։
Բանաստեղծի մը աւելի քան 100 տարի առաջ ըսածները այսօր ծամոց են քաղաքական գործիչներու բերնին մէջ, որոնք բանաստեղծութեան գիրք մը իսկ չեն կարդացած իրենց կեանքին մէջ, վստահաբար։ Նախագահ մը այստեղ կ՚ըսէ՝ «երանի նահատակի ընտանիքին», մէկալը հոնկէ կ՚արձագանգէ՝ «գիտակցուած մահը անմահութիւն է», նախարար մը հոս կ՚ըսէ՝ «պատրաստ եմ ըմպելու նահատակութեան բաժակը», կաթողիկոս մը հոնկէ ձայն կու տայ՝ «նահատակութիւնը մարդկային կեանքը եւ պատմութիւնը կապում է աւելի զօրաւոր, երկնային մի իրողութեան հետ, որն անդրանցնում է ժամանակը եւ ծաւալւում դէպի յաւերժութիւն», գործիչ մը հոս կը յայտարարէ՝ «տէրը մեզ արժանացնէ նահատակութեան, գաղթենք այս վայրերէն, աշխարհը ապրուելիք տեղ մը չէ», միւսը հոնկէ ձեռք կը մեկնէ՝ «նահատակութեան ընթացքում մարդն իր ողջ էութեամբ յօժարակամ հնազանդւում է պատուիրանին»։
Նահատակութեան գաղափարը, սուրբ կամ վեհ նպատակի մը համար մեռնիլը, սպաննուիլը կրօնական բովանդակութիւն մը ունի ամբողջապէս։ Քրիստոնէութեան կամ մահմետականութեան մէջ մարդիկ սուրբ կը հռչակուին, մարտիրոս կամ նահատակ կը կոչուին երբ որ սպաննուին, խողխողուին։ Ըստ հաւատացեալներու, ան որ կը նահատակուի կ՚արժանանայ երկնային պսակներու, Աստուծոյ արքայութեան, յաւերժական կեանքի։ Հետեւաբար պէտք չէ հետապնդել արդարութեան վերականգնում, երբ մահացած է կամ սպաննուած է նուիրական բանի մը համար։ Չէ՞ որ Աստուծոյ սիրելին է այլեւս, յաւիտենական կեանքի ժառանգորդը։ Ի՞նչ պէտք ուրեմն հետապնդել երկրային հատուցում մը։
Դժբախտաբար եկեղեցիի կամ մզկիթի քարոզչութիւնը ազդու միջոց մըն է արեւելքի մէջ, ուր մարդիկ գերերկրային ուժերու կամ անդենականի հանդէպ հաւատքը տակաւին կը պահեն, մանաւանդ կրթական ցած մակարդակի տէր երկիրներու մէջ։ Միւս կողմէ պետութիւնները կը խրախուսեն տէրտէրին ու իմամին այդ ուղղութեամբ տուած քարոզը, որովհետեւ հասարակ մարդիկը նահատակութեան մղելը իրենց իշխանութիւնը պահելու լաւագոյն միջոցն է։ Քարոզչութիւնը միայն դպրոցին մէջ չէ՝ կրօնական դաստիարակութեան միջոցով, նաեւ նոյնինքն բանակին մէջ։ Հայաստանի մէջ նոյնիսկ գնդերէցութիւն կոչուած պաշտօն մը կայ. քահանաներ, որոնք կը վճարուին Առաքելական եկեղեցիին կողմէ, անցաւոր կեանքի ունայնութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի հրապոյրը կը պատմեն 18-20-ամեայ երիտասարդներուն, որոնք աւելի հոգեբանի կարիքն ունենային թերեւս, քան քահանայի։
Անշուշտ, որոշ խաւի մը վեհ գաղափարը, ուրիշի մը համար արհամարհելի կրնայ ըլլալ։ Ղարաբաղի ճակատին վրայ սպաննուած հայ զինուոր մը նահատակ մըն է, իսկ հակառակ կողմին վրայ սպաննուածը՝ «ոչնչացուած» մը, նոյնը նաեւ հոս՝ սահմանին այս կողմը կը նահատակուին, սակայն դիմացինները կը սպաննուին։ Չհասնինք նոյնիսկ սահմանին. հապա՞ Սուրուչի մէջ, Անքարայի կայարանին մօտ Հոկտեմբերի 10-ին զոհուածները։ Կարծեմ անոնք «չարժանացան» Յուլիսի 15-ին կամ Պեշիքթաշի վերջին դէպքերու մեռեալներուն մատուցուած պետական պատիւներուն։ Տեսակ-տեսակ մահեր կան ուրեմն, բոլոր մահերը չեն նմանիր իրարու. ան որ մեզմէ է՝ կը մեռնի յաւիտենականութեան համար, իսկ ան որ մեզմէ չէ՝ խաւարի կը դատապարտուի։ Կարծէք մարդ չըլլար…
Կարծեմ, պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք կրօնքի, եկեղեցիի, մզկիթի, զանոնք օգտագործող իշխանութիւններուն քմահաճ վերաբերմունքին վերաբերեալ մեր մօտեցումները։ Հաստատութիւններ, որոնք իբր թէ կեանք կը գովերգեն, իրականութեան մէջ մահուան բոյր կը ցանեն, նահատակութիւն կը դրուատեն, մեռեալներ կը սրբացնեն ու կենդանի մարդիկը «իմացեալ» մահուամբ կը հրապուրեն։ Եւ այս բանը կ՚ընեն պետութիւն-եկեղեցի կամ մզկիթ ձեռքի ձեռքի տուած, եկեղեցական, մզկիթական, քաղաքական իշխանաւորներ միասնաբար, որոնք ոչ մէկ ուրիշ մտահոգութիւն ունին, քան իրենց բռնատիրութեան վերարտադրութիւնը։