Մարդու Իրաւունքներու նուիրեալ պաշտպանի մը յափշտակուած վաստակը

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Մահ­մուտ Քո­նուք մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան գոր­ծին մէջ վաս­տա­կաւոր անուն մըն է։ 25 տա­րիէ ի վեր կ՚ան­դա­մակ­ցի Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան։ Շրջան մը մաս կազ­մած է նաեւ այս միու­թեան Ան­գա­րայի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չութեան։ Ծնած է Սղեր­թի Քուրթա­լան գա­ւառը։ Զա­ւակն է 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէ վե­րապ­րած ըն­տա­նիքի։ 1975-ին աւար­տե­լով Վա­նի Առող­ջա­պահա­կան դպրո­ցը նշա­նակուած է Չո­լեմեր­կի (Հաք­քա­րի) Չու­քուրճա գա­ւառը, իբ­րեւ առող­ջա­պահա­կան պաշ­տօ­նակա­տար։ Սոյն աւա­նը Թուրքիոյ աշ­խարհագ­րութեան ամե­նահե­ռաւոր ու ան­տե­սուած վայ­րը կը հա­մարուի։

Ան պաշ­տօ­նավա­րելու ժա­մանակ մօ­տէն հե­տաքրքրուեցաւ նաեւ աշ­խա­տակազ­մի ըն­կե­րային խնդիր­նե­րով։ Հիմ­նա­դիր­նե­րէն եղաւ 1991-ին հիմ­նուած Առող­ջա­պահու­թեան Աշ­խա­տող­նե­րու Արհմիու­թեան։ Սոյն այդ արհմիու­թիւնը աւե­լի ետք ալ աւե­լի ըն­դարձա­կուե­ցաւ իր կազ­մին մէջ ու­նե­նալով նման բնոյ­թով ու­րիշ միու­թիւններ եւս։ Մահ­մուտ Քո­նուք ստանձնեց այդ ըն­դարձա­կուած կազ­մի զար­գացման քար­տուղա­րու­թեան պաշ­տօ­նը։

Քո­նուք մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նի իր առա­քելու­թեան մէջ յատ­կա­պէս աշ­խա­տած է փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու իրա­ւունքնե­րուն ճա­նաչ­ման մար­զին։ 25-26 Դեկ­տեմբեր 1993-ին, Իս­թանպու­լի «Հիլ­թոն» հիւ­րա­նոցին մէջ կա­յացած, Եաշար Քե­մալի բաց­ման ճա­ռով եւ իմ ալ բաց­ման զե­կոյ­ցով մաս­նակցած «Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Հա­մաժո­ղով»ին Քո­նուք եւս զե­կու­ցած էր ու ապա այդ զե­կոյ­ցի պատ­ճա­ռաւ դա­տուած։ Զինք մե­ղադ­րած էին ահա­բեկ­չութեան դէմ պայ­քա­րի մա­սին օրէն­քի տխրահռչակ ու­թե­րորդ յօ­դուա­ծը ոտ­նա­կոխե­լու պնդու­մով։ Աւար­տին ան դա­տապար­տուեցաւ մէկ տա­րուայ ազա­տազրկման եւ 100 մի­լիոն լի­րայի պատ­ժա­տու­գանքի։ Այդ հա­մագու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րէն շա­տեր դա­տուե­ցան, բայց միայն Քո­նուք պատ­ժուեցաւ։ Երբ Վճռա­բեկ Ատեանն ալ վա­ւերա­ցուց տնօ­րինուած պա­տիժը ան մտաւ Ու­լուճան­լար կո­չեալ բան­տը եւ 10 մաս­նավճար­նե­րով ալ վճա­րեց պատ­ժա­տու­գանքը։ 2000-ական տա­րեթի­ւերուն, երբ Թուրքիա ԵՄ-ի ան­դա­մակ­ցե­լու հե­ռան­կա­րով կը բա­րեփո­խէր պատ­ժա­կան օրէն­քի յօ­դուած­նե­րը, վե­րացուեցաւ նաեւ Մահ­մուտ Քո­նու­քի բան­տարկու­թեան եւ պատ­ժա­տու­գանքի պատ­ճառ դար­ձող յօ­դուա­ծը։ Ան իս­կոյն դի­մում կա­տարեց ան­պարտ հռչա­կուե­լու հա­մար որ­պէսզի կա­րենայ վե­րադառ­նալ իր պաշ­տօ­նին։ Տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր մար­դու իրաւունքնե­րու ոլոր­տէ ներս կը պայ­քա­րի եւ բա­զում ան­գամներ դէմ յան­դի­ման կը մնայ հար­ցաքննու­թիւննե­րու, բեր­ման են­թարկու­մի եւ աք­սո­րի պա­տիժ­նե­րու։

Ան հե­ղինա­կած է նաեւ բազ­մա­թիւ գիր­քեր նիւթ ու­նե­նալով աշ­խա­տող­նե­րու իրա­ւունքնե­րը եւ խօս­քի ազա­տու­թիւնը։

22 Նո­յեմ­բե­րին հրա­տարա­կուած Օրէն­քի Լիազօր Որոշմնա­գիրով մը ան­գամ մը եւս պաշ­տօ­նազրկուեցաւ։ Սոյն որոշմնա­գիրը պատ­րաստուած էր Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանի գլխա­ւորու­թեամբ կա­յացած Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդի ժո­ղովի ըն­թացքին։

Թա­գաւո­րական հրո­վար­տա­կի մը բնոյ­թով հրա­պարա­կուած սոյն որոշմնա­գիրով կը յափշտա­կուի նուիրեալ աշ­խա­տողի մը 40 տա­րուայ վաս­տա­կը։

Երե­ւոյ­թը սո­վորա­կան էր 1930-ական­նե­րու Գեր­մա­նիոյ կամ Ռու­սիոյ պայ­մաննե­րուն, Չի­նաս­տա­նի «Մշա­կոյ­թի յե­ղափո­խու­թեան» օրե­րուն կամ Իս­լա­մական յե­ղափո­խու­թեան շրջա­նի Իրա­նի կի­րար­կումնե­րուն։

Ես անձնա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ եւ մեր ըն­տա­նիքի պատ­մութե­նէն գի­տեմ նման հա­րուա­ծի մը ըն­տա­նիքի մէջ ստեղ­ծած ալե­կոծու­մը։ Վեր­ջա­պէս Մահ­մուտ Քո­նուք ըն­տա­նիքի հայր է, ու­նի երեք դստրեր, որոնցմէ մէ­կը ամուսնու­թեան պատ­րաստու­թիւններ կը տա­նի, իսկ մէ­կը կը շա­րու­նա­կի հա­մալ­սա­րանի ու­սումը։ Հայրս Ռէմ­զի Զա­րաքօ­լ ալ 27 Մա­յիս 1960-ի զի­նուո­րական յե­ղափո­խու­թե­նէն ետք զօ­րավար Ճե­մալ Կիւրսե­լի ստո­րագ­րութիւ­նը կրող որոշմնա­գիրով մը կորսնցու­ցած էր իր պաշ­տօ­նը։ Թե­րեւս այս ալ ազ­դակ մըն է որ միշտ դէմ եղած եմ զի­նուո­րական կամ հա­սարա­կական բո­լոր յե­ղափո­խու­թիւննե­րուն։ Գի­տեմ որ դիւ­րին պի­տի չըլ­լայ, բայց նո­րէն ալ կը յու­սամ այս սխալը շուտով սրբագրուի եւ Մահմուտ Քոնուք շուտով վերադառնայ իր պաշտօնին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ