ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Խիկար իմաստունի մասին առածները բաւականին տարածուած էին հայոց եւ, յատկապէս՝ պոլսահայոց, մէջ։ Ահա ցանկանում ենք պատմել պոլսահայոց բանահիւսութենէն քանի մը ծաղկաքաղ Խիկար իմաստունի մասին։
Օր մը, երբ Խիկարը արտին մէջ ցորեն կը ցանէր, թագաւորը իր վէզիրին հետ ծպտուած կը շրջէր ժողովուրդին մէջ։ Խիկարին տեսնալուն պէս կը մօտենան նրան եւ կը բարեւեն։ Ծպտուած թագաւորն ալ կը հարցնէ Խիկարին.
- Աս ցորենը, որ կը ցանես, արդէն կերա՞ծ ես։
Խիկարը կը պատասխանէ, թէ՝ կէսէն աւելին կերած եմ։
Այդժամ թագաւորը կը հարցնէ.
-Ի՞նչպէս կ՚ապրիս։
Խիկար հողագործը կ՚ըսէ.
- Վեցը տասներկուք ըրի, նորէն երեսուն երկուքը չկրցայ գոհացնել։
Թագաւորը, այս որ կը լսէ, կը հարցնէ.
-եթէ ղազ մը ղրկեմ, կրնա՞ս փետտել։
- Ես անոր վարպե՜տն եմ, - պատասխան կու տայ Խիկարը։
Աս որ կ՚ըսէ, թագաւորը վէզիրին հետ Խիկարէն հրաժեշտ կ՚առնեն, կը շրջին արքունիք կը դառնան։
Վէզիրը, որ ամբողջ ժամանակ թագաւորի կողքը կանգնած կը լսէր, բան մը չէր հասկացած անոնց զրոյցէն։ Ճիշդ անոր բախտին հակառակ՝ յաջորդ օրը թագաւորը վէզիրին կը հարցնէ.
- Երեկ այդ հողագործին հետ ինչ խօսեցանք, կրնա՞ս ինծի բացատրել։
Երբ թագաւորը կը տեսնայ, որ իր վէզիրը ձայն չի հաներ, կը պատուիրէ, որ նա գնայ մտածէ ու գայ իրեն պատասխան տայ։ Վէզիրը շա՜տ երկար կը մտածէ, սակայն այդպէս ալ բան մը չի հասկնար։ Վերջը կը դառնայ Խիկարի մօտ.
- Ինծի կրնա՞ս բացատրել երեկուան ձեր հանելուկային զրոյցին առաջին հարց ու պատասխանին իմաստը, կը հարցնէ վէզիրը։
- Քսան ոսկի տուր՝ ըսեմ, - կը պատասխանէ հողագործ Խիկարը։
Վէզիրն ի՞նչ աներ, ճար չուներ, կը հանէ քսան ոսկի կու տայ։ Խիկարը կ՚ըսէ.
- Նախ ըսեմ որ երեկուան ծպտուած մարդը մեր երկրի թագաւորն էր։ Ան շատ խելացի մարդ էր, բայց դուն՝ ոչ։ Եւ քանի որ քսան ոսկի կը վճարես, ես քեզի կ՚ըսեմ։ Թագաւորը ինծի հարցուց թէ այդ ցորենը որ կը ցանեմ՝ արդէն կերա՞ծ եմ։ Ան կ՚ուզէր ըսել թէ ես պիտի օգտուի՞մ այդ ցորենէն, թէ՞ պարտք պիտի տամ։ Անոր համար ես ալ ըսի, որ կէսէն աւելին կերած եմ արդէն, այսինքն՝ պարտք եմ արդէն։
Վէզիրը կը լսէ, կու գայ թագաւորին կ՛ըսէ առաջին հարց ու պատասխանի իմաստը։ Բայց թագաւորը կը հասկնայ որ սա իր խելքով չի գտած պատասխանը եւ կը հրամայէ իրեն բացատրել երկրորդ հարց ու պատասխանի իմաստը։ Վէզիրը երկար-բարակ մտորումներէն ետքը նորէն կ՚երթայ հողագործի մօտ։ Խիկարը նորէն քսան ոսկի կ՚ուզէ, եւ վէզիրը կու տայ ոսկիները։
- «Վեցը տասներկուք ըրի, նորէն երեսուներկուքը չկրցայ գոհացնել», այսինքն՝ ես թագաւորին ուզեցի հասկցնել, որ վեց ամիս արտիս մէջը աշխատելէս զատ, նաեւ վեց ամիս ալ տունիս մէջը ջուլհակութիւն ըրի, նորէն ալ երեսուներկու ակռան, այսինքն՝ բերանը, չեմ կրցած կշտացնել։
Վէզիրը այս պատասխանն ալ կ՚ըսէ թագաւորին։ «Աղէկ», - կ՚ըսէ թագաւորը, - «հիմա ինծի կրնա՞ս բացատրել երրորդ հարց ու պատասխանի իմաստը»։ Վէզիրը նորէն կու գնայ Խիկարի մօտ։ Այս անգամ Խիկարը քառասուն ոսկի կ՚ուզէ։ Ոսկիները վերցնելէն ետքը կ՚ըսէ թէ.
Գնա՚ թագաւորին ըսէ որ իր ըսած ղազը դո՛ւն էիր, որ բան մը չհասկցար մեր հարց ու պատասխանիքէն եւ եկար իմ քովս այդ բոլորը հասկնալու։ Այնպէս որ թագաւորի ղրկած ղազը դուն էիր, ես ալ քեզ փետտեցի ու ոսկիներդ առի։
Վէզիրը գլխիկոր կը դառնայ թագաւորի մօտ, թագաւորն ալ իր տգէտ վէզիրին աղուոր դաս մը տալէն ետքը կը հանէ իր պաշտօնէն։