ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Պէտք չէ զարմանալ նախ «Էւրենսել Քիւլթիւր» (Տիեզերական Մշակոյթ) պարբերականին արգիլման։ Վասն զի համաշխարհային մշակոյթը ճիհատականներու եւ անոնց հետեւորդներուն գլխաւոր թիրախն է։
ՈՒՆԷՍՔՕ անցեալները յայտարարեց թէ իր կողմէ Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգ ըլլալով ճշդուած 65 վայրերէ 20-ը այցելել անկարելի է կամ խիստ վտանգաւոր։
Այդ քսանին մաս կը կազմեն Հալէպի բերդն ու շրջակայքը եւ Ամիտայի Սուր թաղամասը, անոր անմիջական հարեւանութեամբ Հեւսելի պարտէզները։
Պատմական Հալէպը աւերողը ոչ թէ ՏԱԻՇ այլ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորած Ալ Նուսրան է։
Էրտողան Փութինի սիրոյն խնդրակատար եղաւ եւ Ալ Նուսրա հեռացաւ Հալէպէն, ապացուցելով Թուրքիոյ նախագահին հետ ունեցած կապը։
Սուրիոյ բազմամշակութային Ղամիշլի քաղաքը սահմանակից է Թուրքիոյ պատմական Մծբին (Նուսայպին) քաղաքին, ուր հնագոյն ժամանակներուն հիմնուած էր Միջին Արեւելքի առաջին համալսարանը։ 1915-ի կոտորածներէն փախչող հայեր, ասորիներ, քաղդէացիներ կամ էզտիներ Ղամիշլի ապաստանելով նոր կեանք, բազմամշակութային նոր կենցաղ մը գոյացուցին եւ տարածքը աւելի զարգացաւ բաղդատմամբ Մծբնի։
Հիմա Մծբին գետնին հաւասարած է։ Այժմ վտանգը ուղղուած է Աֆրինին, Քոպանիին ու Ռոժավային։
Ամիտան բնորոշող Սուրը այլեւս գոյութիւն չունի։ Սուրիոյ կործանած քաղաքներուն նման է նաեւ պատմական Ճիզիրը։
Սուրիոյ մէջ ՏԱԻՇ-ին, Ալ Նուսրային ըրածները Թուրքիոյ մէջ պետութիւնն է որ կ՚ընէ։
2011-ի գարնան աճապարանքով այցելեցի Հալէպ եւ Տէր Զօր։ Կը զգայի թէ եթէ այդ օր չերթամ, անգամ մըն ալ պիտի չի կարենամ երթալ։
Նոյն տարուայ աշնան, հայոց եկեղեցիի բացման ներկայ գտնուելէ ետք շրջեցայ Սուր թաղամասը։ Մթնշաղին այցելեցի բերդաքաղաքի բանտը։ Կմախքներ յայտնաբերուած էին, ով գիտէ ո՞ր կոտորածէն մնացած։
Մթնշաղին կը լուսանկարէի։ Իսթանպուլ վերադարձիս բերման ենթարկուեցայ։
Հալէպի մէջ Պարոն հիւրանոցն ալ մթնշաղին լուսանկարած էի։
Ի վերջոյ եկած էի իր մասին Սարգիս Վարպետէն այդքան շատ բան լսած Պարոն հիւրանոցը։ Մթնշաղին կը մագլցէի հիւրանոցին աստիճանները, կը շրջէի կիսամութ նրբանցքներուն մէջ։
Սարգիս Վարպետէն լսած էի իր հօր՝ Ղազարոս Չերքեզեանի օգնութեամբ Արամ Անտոնեանի Մեսքէնէի ճամբարէն դէպի Հալէպ փախուստը։ Ապա Անտոնեան այս հիւրանոցի սենեակներէն մէկուն մէջ ստորագրած անցագիրով ապահոուած էր Չերքեզեաններու ընտանիքին Կիլիկիա վերադարձը։ Ան ապա գրի առած էր բազմաթիւ վկայութիւններ այս հիւրանոցէն անցած մարդկանց մասին։ Ովքե՞ր չկային որ այդ ցանկին մէջ։ Ճեմալ, Լիման Ֆոն Սանտերս, Մուսթաֆա Քեմալ Փաշաներ։ Հիւրանոցի սեփականատէր Մազլումեան եղբայրներ Ճեմալ Փաշայի բարեխօսութեամբ փրկել փորձած էին Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխաններ Զոհրապն ու Վարդգէսը։
Հալէպ անգամ մը եւս կը ողողուէր գաղթականներու հոսքով։ Մազլումեան եղբայրներ մեծ ջանք կը վատնէին Տէր Զօրի անապատին մէջ մահը սպասող իրենց ցեղակիցներուն օգնելու համար։ Վերջապէս Մշոյ հրէշ Ապտուլհալիք Ռենտայի Հալէպի կուսակալ նշանակուելէ ետք իրենք ալ դժուարով յաջողեցան իրենց կեանքը փրկելու։
Սեպտեմբերեան մի օր, երբ թուրք հրամանատարը յետին թողած կամուրջները եւ երկաթուղին ռմբակոծելով կը հեռանար Պարոն հիւրանոցէն, իրեն փոխարինելու կու գար անգլիական բանակի հրամանատար զօրավար Էլընպայ։ Այդ միջոցին Անտոնեան թարգմանիչի պաշտօնին զուգահեռ կը շարունակեր փաստաթուղթեր հաւաքելու։ Եւ Մազլումեաններու հիւրանոցի բնակիչներէն մէկն ալ Նաիմ Պէյ անուն Օսմանեան պաշտօնեայ մըն էր։
Թալադ Փաշա իր պաշտօնեաներուն երբ պաշտօնական հեռագիրներ կ՚ուղարկէր, անդին իր սանցին ալ կ՚ուղարկէր գաղտնագրուած հեռագիրներ, որոնք կ՚աւարտէին «ընթերցելէ ետք ոչնչացնել» հրահանգով։ Կարգ մը պաշտօնեաներ չէին հնազանդեր այդ վերջին հրահանգին եւ «օր մը պէտք կ՚ըլլայ» խորհելով կը պահէին այդ զոյք մահիկներով հեռագիրները։ Նայիմ Պէյ այդ խմբակէն պաշտօնեայ մըն էր, քանի որ Շիւքրիւ Գայայի գլխաւորած «Գաղթականաց Բաժին»ի կազմին մաս կը կազմէր։
Այս բոլորը վերյիշելուս պատճառը երկու գիրքեր եղան։ Առաջինը «Արաս» հրատարակչատան լոյս ընծայած Ֆլաւիա Ամապիլ եւ Մարգօ Թոսաթթիի հեղինակած «Հալէպի Պարոնները», երկրորդը «Իլեթիշիմ»ի հրատարակած եւ պատմաբան Թանէր Աքչամին թուրք պաշտօնական տեսութեան անգամ մը եւս հարուածելուն առիթ ընձեռող «Նայիմ Էֆէնտիի յուշագրութիւնը եւ Թալաթ Փաշայի հեռագիրները» անուն ուսումնասիրութիւնը։
Պատմութեան պաշտօնական տեսութեան դէմ ուժգին հարուած մըն ալ նախապէս եկած էր դարձեալ Թանէր Աքչամի եւ Այհան Աքթարի կողմէ։ Անոնք բացայայտած էին Տարտանելի պատերազմի ժամանակ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ, յոյն եւ հրեայ զինուորներու իրողութիւնը։ Իրողութիւն մը՝ որ դիմտումնաւոր կերպով կ՚ատնեսուէր պատմագիրներու կողմէ։ Չեմ գիտեր ինչու բայց Չանաքքալէի զինուորներու գոյութիւնը ջրելու համար շարժման անցած էր պատմաբան Հալիլ Պերքթայ։ Իսկ հիմա Նայիմ էֆենտիի յուշագրութիւններէն անհանգստանալն ալ վիճակեցաւ Էթյեն Մահչուպեանին։ Թերեւս անկողմնակալ ըլլալը փաստելու մարմաջ, թերեւս ալ վախ։ Ինչեւիցէ ուրիշ վարկածներու մասին չխօսինք։ Բայց կարեւոր եղածը ուրացումին դիմաց յստակ եւ պարզ կեցուածք որդեգրելն է։ Ոմանք կը կարծէին թէ յաջողած են «Կապոյտ Գիրք»ը արժեզրկելու։ Ահաւասիկ Արա Սարաֆեանի այդ գիրքը վերահրատարակելը շատ կարեւոր հարուած մըն էր ուրացման այդ փորձին դէմ։ Այդ երեք հիմնական աղբիւրները արժեզրկելով ցեղասպանութեան իրողութիւնն ալ թաքցնել միտող Շիւքրիւ Էլէքտաղ որքան մեծ սարսափի մը մատնուած էր այդ հրատարակութեան պատճառաւ։
Վերադառնանք Պարոն օթել։ Ֆայսալ Մեծն Սուրիոյ Թագաւորութիւնը 1919-ին այստեղէն յայտարարած էր եւ կարճ ժամանակ անց ալ հարկադրուած էր երկիրը անգլիացիներէն փոխառած ֆրանսացիներուն յանձնելու։ Իրականութեան մէջ այդ օրը Սուրիոյ պատերազմին ծագման օրը եղաւ։
Ճիհատականներու հսկած տարածքը հազիւ 50 մեթր հեռաւորութիւն ունէր Պարոն հիւրանոցէն։ Այժմ Ասատի զինուորներու յառաջընթացով սպառնալիքը քիչ մը նուազած կ՚երեւի։ Հիւրանոցի յարատեւութիւնը ապահովող վերջին սերունդը կը ներկայացնէր Արմէն Մազլումեան, որ այս տարեսկզբին մահացաւ։ Ներկայիս իր կինը Ռուպինա Թաշճեան կը շարունակէ հիւրանոցը բաց պահելու առաքելութիւնը։ Մազլումեաններ հարիւր տարի առաջ հայ աքսորեալներուն տէր կը կանգնէին։ Հիւրանոցը այսօր ալ հարազատ տունէն զրկուածներուն ապաստան ըլլալով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մեզի կը մնայ մաղթել որ Պարոն հիւրանոցը յաջողի նոր Սուրիոյ վերելքին ալ ականատես ըլլալ։