ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Զգո՛յշ ձեզի ալ կրնայ պատահիլ

Թուրքիա այն երկիրն է, ուր օրակարգը անհաւատալի արագութեամբ եւ յաճախականու­թեամբ կրնայ փո­խուիլ։ Մէկ օր առաջ բո­լորը յու­զող եւ ամէն գետնի վրայ քննար­կուող լուր մը յա­ջորդ օր յան­կարծ իր նշա­նակու­թիւնը կը կորսնցնէ եւ օրա­կար­գէն դուրս կը մնայ։ Այս երե­ւոյ­թին հա­կապատ­կե­րը եւս խնդրա­յարոյց է, քա­նի որ այս ան­գամ ալ զա­նազան մար­դիկ հե­տաքրքրու­թեան ար­ժա­նի ոչինչ կը գտնեն իրենց առօ­րեայ ապ­րումնե­րուն մէջ, այս ան­գամ կեան­քը ան­հա­ւատա­լիօրէն միապա­ղաղ կ՚ըն­թա­նայ եւ հո­գեբան­նե­րը կը հար­կադրուին վեր­լուծե­լու հա­սարա­կու­թեան մէջ ծայր տուող անձնաս­պա­նու­թեան ան­հա­մեմատ աճի դրդա­պատ­ճառնե­րը։ Նպա­տակ՝ եւ ակնկա­լու­թեան բա­ցակա­յու­թիւն ըլ­լա­լով կը պար­զեն կեան­քէն կա­նուխ հրա­ժարե­լու դրդա­պատ­ճա­ռը։ Տա­րիներ առաջ ես այս հո­գեբա­նու­թեան ակա­նատես եղած էի, երբ բա­ւական տա­րեց բա­րեկամ մը սրտցա­ւօրէն կը յայտներ թէ, յա­ջորդ օր որ արթննայ ընե­լիք ոչինչ ու­նի եւ դեռ աւե­լին։ «Ոչ ոքի պէտք եմ» կը խոս­տո­վանէր տա­րեց բա­րեկամս։ Որ­քան որ կա­րելի է, զինք հասկնալ փոր­ձած էի։ Այ­սինքն սա «էմ­փա­թի» ըսուած բա­նը՝ «դուն քեզ դիր ու­րի­շին տեղ»։ Նոյ­նիսկ չեմ գի­տեր թէ այս բա­նը որ­քա­նով կա­րելի է։ Մարդ որ­քա­նով կրնայ հրա­ժարիլ իր պայ­մաննե­րէն եւ զինք դնել մէ­կու մը տեղ, որ ու­րախ չէ։ Մի­գու­ցէ ու­րախ մէ­կու մը հետ կեան­քի դե­րերը փո­խել կա­րելի ըլ­լայ։ Երա­նի տանք մէ­կու մը ու­նե­ցած պայ­մաննե­րուն եւ ցան­կանք որ մենք ալ ու­նե­նայինք այդ նոյն պայ­մաննե­րը։ Բայց մար­դուս ան­յագ պա­հան­ջա­տիրու­թեան հա­կասող երե­ւոյթ մըն է տու­ժա­ծին հետ դե­րերը փո­խելու տրա­մադ­րութիւ­նը։ Մենք որ շատ ան­գամ յոգ­նած ենք մեր ապ­րած երկրի ան­կա­յուն օրա­կար­գով նո­րէն ալ չենք կրնար հրա­ժարիլ եւ ապաս­տան գտնել, այն կա­յուն նա­ւահան­գիստի վրայ, ուր մար­դիկ սրտնե­ղու­թե­նէն կը դի­մեն անձնաս­պա­նու­թեան։ Բայց ան­դին կայ աւե­լի սար­սա­փազ­դու երե­ւոյթ՝ յոյ­սե­րու սպառ­ման պահն է այդ։ Ահա­ւասիկ պահ մը, ուր մեզ­մէ ոչ ոք պի­տի ու­զէ մատ­նուիլ։ Ոչ ոքի ձեռնտու պի­տի թուի։ Պի­տի նա­խընտրենք տա­ռապիլ մե­զի ծա­նօթ դժոխ­քին մէջ, քան թէ աննպա­տակ թա­փառինք եւ վերջ ի վեր­ջոյ լոկ սրտնե­ղու­թիւնը փա­րատե­լու հա­մար դի­մենք անձնաս­պա­նու­թեան։

Վեր­ջա­պէս աւար­տե­ցաւ Միացեալ Նա­հանգնե­րու նոր նա­խագա­հը ճշդե­լու հա­մար կա­տարուած ընտրու­թիւննե­րը։ Թուրքիոյ մէջ ըն­դունուած առակ մըն է «իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղովուրդ իր ար­ժա­նի ղե­կավա­րը կ՚ու­նե­նայ»։

Առակ­նե­րը իբր իմաս­տուն խօս­քեր միշտ չէ որ ճիշ­դը կը խօ­սին։ Ար­դա­րեւ կա­րելի է իրա­րու բո­լորո­վին հա­կասող առակ­ներ գտնել, որոնք տար­բեր պայ­մաննե­րու մէջ կրնան ար­դար եւ իրա­ւացի գտնուիլ։

Ազ­գայնա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը եւ անոր քա­ղաքա­կան ցո­լացու­մը հան­դի­սացող աջա­կող­մեան հո­սանքնե­րը իրե­րայա­ջորդ յա­ջողու­թիւններ կ՚ար­ձա­նագ­րեն տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ։ Հաս­տա­տօրէն ըսենք, այդ եր­կիրնե­րու ժո­ղովուրդնե­րը այս բո­լորին ար­ժա­նի տես­նե­լը տե­ղին դա­տողու­թիւն մը պի­տի չըլ­լայ։ Նոյ­նիսկ կրնանք ըսել որ ոչ մէկ հա­ւաքա­կանու­թիւն ար­ժա­նի է այս աս­տի­ճան յի­մարու­թեան։ Ու­րեմն ստի­պուած ենք ժո­ղովուրդնե­րը դէ­պի այդ յի­մարու­թեան մղող գոր­ծօննե­րու մա­սին մտա­ծելու։ Աս­տուած իմ, ի՞նչ կ՚ըլ­լայ որ ժո­ղովուրդի մը մե­ծամաս­նութիւ­նը կ՚եր­թայ ու կը քուէար­կէ Թրամ­փի պէս մէ­կու մը ի նպաստ։ Ո՞ւր կ՚եր­թայ հա­մաշ­խարհա­յին ցարդ ըն­դունուած բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րը եւ զորօրի­նակ երկրի հա­րաւա­յին սահ­մա­նը փշա­թելե­րով փա­կելու խոր­հուրդը կը վա­յելէ ընտրող­նե­րու աջակ­ցութիւ­նը։ Սահ­մաննե­րը ամուր փա­կած եր­կի­րը տա­կաւին ի՞նչ ազա­տու­թե­նէ կրնայ ճա­ռել։ Այս երե­ւոյ­թը ինքնին բա­ւակա­նաչափ ծի­ծաղե­լի չէ՞ մի­թէ։ Նա­խորդ շա­բաթ­նե­րուն բա­ւական խօ­սեցանք Թուրքիոյ իր առանցքէն դուրս գա­լով պա­րապու­թեան մէջ ճօ­ճուե­լուն շուրջ։ Հի­մա դի­տենք նման պա­րապու­թեան մէջ սլա­ցող Միացեալ Նա­հանգնե­րու ճօ­ճուի­լը։

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com