ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողջոյն աշխարհը շալակած տանողներուն

Ո՞վ կրնայ հակառակը պնդել եթէ ըսենք թէ շատ ծանր պարտականութիւն է հայապահ­պա­նու­թիւնը Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ։ Այդ դժո­ւարու­թիւնը կը բխի երկրի պատ­մութե­նէն։ Ամէն գնով բա­ւական սուղ պատ­մութիւն մըն է ան։ Այդ ար­ժէ­քը գնա­հատած էր Հրանդ Տինք, երբ իր գրու­թիւննե­րէն մէ­կուն մէջ իրեն աւե­լի հան­գիստ պայ­մաններ առա­ջար­կողնե­րուն դէմ կ՚ըսէր հե­տեւեալը «Մենք ու­րիշնե­րու բա­զում դժո­ւարու­թիւննե­րով ձեռք բե­րած դրախտնե­րուն փո­խարէն կը նա­խընտրենք դժոխ­քի մը բնոյթ ու­նե­ցող սե­փական եր­կի­րը դրախ­տի վե­րածե­լու դժո­ւարին գոր­ծը»։ Խոս­տո­վանինք որ բա­ւական դժո­ւար հասկնա­լի նա­խասի­րու­թիւն մըն է այս։ Մար­դիկ բնա­կանա­բար խոր­հուրդ պի­տի տան տրա­մաբա­նակա­նին հե­տեւե­լու։ Տրա­մաբա­նակա­նը կրնայ թե­լադ­րել դժո­ւարու­թիւնը յայտնո­ւած պա­հուն խոյս տալ առանց ետին նա­յելու։ Բայց ըն­դունինք որ այս միտ­քով ոչ մարդկու­թիւնը կ՚աճի, ոչ ալ քա­ղաքակրթու­թիւն կո­չուած բա­նը կը հաս­տա­տուի։ Կեան­քի մէջ սե­փական մաշ­կէն աւե­լի ար­ժէ­քաւոր բա­ներ ըլ­լա­լու են, որոնցմով կը կա­յանայ զո­հողու­թիւն, նո­ւիրում եւ այլ բա­ցատ­րութիւննե­րով ձե­ւաւո­րուած ար­ժա­նիք­նե­րը։ Այդ բո­լորի բա­ցակա­յու­թե­նէն ար­ժա­նիք­ներ դուրս չեն գար։ Ճիշդ է որ մարդ էակը միայն մէկ ան­գամ այն ալ իրեն շնոր­հո­ւած ժա­մանա­կահա­տուա­ծով պի­տի վա­յելէ աշ­խարհի բա­րիք­նե­րը։ Կա­րելի է խոր­հիլ թէ այդ կար­ճա­տեւ ժա­մանա­կի հա­մար զո­հողու­թիւն պա­հան­ջե­լը բա­ւական շատ բան ու­զել է։ Մա­նաւանդ շատ բան ու­զել է, երբ պի­տի պա­հան­ջենք որ ամ­բողջ կեանք մը նո­ւիրա­բերէ յա­նուն վե­րացա­կան ար­ժա­նիք­նե­րուն։ Բայց միւս կող­մէ կայ տա­կաւին ու­րիշ հա­մոզումներ, որոնք եւս ար­ժէ­քաւոր են, քան մար­դոց սաեփական մաշ­կը։ Եւ մա­նաւանդ հա­սուն գի­տակ­ցութիւ­նով կրնանք անդրա­դառ­նալ թէ այս զո­հողու­թիւնը կը կա­տարո­ւի ոչ թէ են­թադրա­կան այս կամ այն ար­ժա­նիքին, այլ ուղղա­կի յա­ջոր­դող սե­րունդնե­րու հաշ­ւոյն։ Նոյ­նիսկ այդ պայ­մաննե­րու տակ կրնան գտնո­ւիլ մար­դիկ, որոնք տա­կաւին կ՚երգեն ու­նայն աշ­խարհի մը եր­գը։ Մե­զի թող մնայ երաշ­խա­ւորել որ աշ­խարհ այնքան ու­նայն չէ եւ քա­նի որ ժա­մանա­կաւոր է մեր հիւ­րա­կեցու­թիւնը շատ աւե­լի տե­ղին պի­տի ըլ­լայ մտա­հոգո­ւիլ նաեւ մեր հրա­ժեշ­տէն ետք մնա­ցած աւան­դին հա­մար։

Մէկ կող­մէն Թուրքիա կ՚ապ­րի իր պատ­մութեան ամե­նափո­թոր­կոտ ժա­մանա­կաշրջան­նե­րէն մէ­կը։ Միւս կող­մէն թրքա­հայ հա­սարա­կու­թիւնը իր կար­գին կ՚ապ­րի ճա­կատագ­րա­կան ժա­մանակ­ներ։ Եր­կար տո­ւայ­տումնե­րէ ետք կար­ծես կա­րելի պի­տի ըլ­լայ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան գա­հի նոր գա­հակա­լը ճշդել։ Մեզ­մէ որո՞ւ հոգն է, եթէ ոչ մէկ կեր­պով մենք պի­տի չըլ­լանք այդ աթո­ռին բազ­մո­ղը։ Կա­րելի է այսպէս մտա­ծել եւ այս մտա­ծումն ալ ու­նի իր տրա­մաբա­նու­թիւնը։ Բայց ար­դեօք կրնա՞նք հա­մակեր­պիլ նման ան­փութու­թեան։ Վեր­ջա­պէս կրօն­քի պատ­մութեան մէջ ան­հա­մար առակ­ներ կան ան­փոյթ գոր­ծիչնե­րու են­թարկո­ւած պա­տիժ­նե­րը պատ­մող։ Թէեւ ան չէ որ պի­տի սար­սա­փեց­նէ մեզ եւ մենք նման պա­տիժ­նե­րու վա­խով չէ, այլ շատ աւե­լի վեհ նպա­տակ­նե­րով պի­տի դի­մենք մարդկա­յինի պա­հան­ջարկնե­րուն։

Այս օրե­րուս ակա­նատես կ՚ըլ­լանք երկրի ապա­գային հա­մար սիրտ մա­շեց­նողնե­րու են­թարկո­ւած հա­լածան­քին։ Նա­խապէս յի­շած ենք, ան­գամ մը եւս յի­շենք. սա աշ­խարհը շա­լակած տա­նող­նե­րու եւ ինք աշ­խարհին շա­լակը ելած­նե­րու կռիւն է։ Եր­կա­րատեւ չար­չա­րան­քով լե­ցուն կռիւ մը։ Ի վեր­ջոյ պատ­մութիւնն է որ պի­տի տայ վեր­ջին վճի­ռը։ Այդ վճի­ռին դի­մաց ոմանք ամօ­թով դուրս պի­տի գան, իսկ ոմանք պայծառակերպութեամբ։