Մօտ ապագային Միացեալ Նահանգներու մէջ պիտի կայանայ նախագահական ընտրութիւններ։ Այժմ աշխարհասփիւռ հեռուստակայաններ կը հաղորդեն երկու թեկնածուներու Գլինթընի եւ Թրամբի հեռուստաէկրաններէն սփռուած մենամարտի նկարահանումները։ Այդ բանավէճերու տեւողութեամբ բազմապատիկ աւելի ժամերով դէտեր մեկնաբանութիւններ կը ներկայացնեն եւ կը փորձեն ժողովրդին աւելի յստակացնել թէ ով, ինչ ըսել ուզեց։ Վերջապէս ամերիկացիներ այս քարոզարշաւի ընթացքին պիտի յստակացնեն իրենց դիրքորոշումը եւ անոնց ձայներով այդ թեկնածուներէն մէկը, որոշ ժամանակի համար պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ կամ ալ համայն աշխարհի կառավարիչ։ Դժբախտաբար յստակ իրողութիւն է այս մէկը աշխարհի ներկայ դրութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը միաժամանակ կը նշանակէ համաշխարհային կառավարիչ։ Այս հանգրուանին աւելի կարեւոր է այն հարցումը թէ ինչ տեսակ գործօններ դեր պիտի կատարեն ժողովուրդի կողմնորոշման համար։ Օրինակ ամերիկացի ժողովուրդը դոյզն իսկ նկատի պիտի ունենա՞յ աշխարհի հեռաւոր ծագերուն տեղի ունեցած ողբերգութիւններէն։ Այդ ողբերգութիւնները որեւէ կերպով դեր պիտի ունենան իր ընտրութեան մէջ, թէ ոչ այդ բոլորը իր օրակարգին երբեք մաս պիտի չի կազմեն եւ ամերիկացին պիտի խորհի միայն ու միայն իր էական խնդիրները։ Հաւանաբար երկրորդ վարկածն է որ ի զօրու պիտի ըլլայ, քանի որ նախապէս բազում անգամներ փորձուած ենք եւ գիտենք թէ ինչը, ինչպէս կը քալէ։ Ուրեմն ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայյիպ Էրտողանի յաճախակիօրէն կրկնած յանկերգը ըստ որու «աշխարհ հինգէն մեծ է»։ Էրտողան այս յանկերգը կը կրկնէ պարզելու համար որ կարելի չէ ընդունիլ գերպետութիւններու բացարձակ տիրապետութիւնը աշխարհի ընթացքներուն ուղղութիւն տալու համար։ Այստեղ նշուած հինգը այն պետութիւններն են, որոնք իրենց համար հաճելի չեղող որոշումները մերժելու իրաւունք կը վայելեն ՄԱԿ-ի մէջ։
Եկուր տես որ բազմաթիւ երեւոյթներ կ՚ապացուցեն թէ Էրտողանի այս առարկութեան ետին ո՛չ թէ անարդարութենէն ծագող դժգոհութիւն մը կայ, այլ խաղէն դուրս մնացած ըլլալու ընդվզումը։ Անշուշտ որ աշխարհ հինգէն մեծ է, բայց այդ ընդվզումը արտասանելու համար խօսելու արժանի վերջին մարդը պէտք էր եղած ըլլար Էրտողան, քանի որ ան ընդհակառակը կը պարտադրէ այս օրերուս Իրաքի մէջ ՏԱԻՇ-ի դէմ մղուած կռիւի պատճառաւ։ Էրտողան յաճախ կը խօսի իր երկրին համար արժանի տեսած իրաւունքներու շուրջ սակայն նոյն իրաւունքները կը զլանայ ուրիշ բոլոր երկիրներէն։ Ան իր վրայ իրաւունք կը տեսնէ ուրիշ երկիրներու հողային ամբողջութեան միջամտելու համար։ Պատմական պատճառաբանութիւններ պիտի ներկայացնէ եւ պիտի պահանջէ որ ինք ճշդէ թէ ով պէտք է ահաբեկիչ համարուի կամ ով պէտք է բացարձակ հնազանդութեան դատապարտուի։ Ներկայ երեւոյթը մտահոգիչ է համայն մարդկութեան համար։ Բոլորս գիտենք որ միացեալ նահանգներու հասարակութիւնը ընտրութեան պահուն երբեք նկատի պիտի չունենայ իր քաղաքական գործիչներու որոշումներուն հետեւանքով համաշխարհային մարդկութեան մատնուած տառապանքները։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել որ թերեւս դոյզն իսկ տարբերութիւն պիտի չունենայ թուրքիացի ընտրողներէն, որոնք վերջին տարիներուն տրամաբանութեան բոլոր չափանիշները մերժելով լոկ կրօնական մերձեցումով մը կը զօրակցին նախագահ Էրտողանին։ Ի վերջոյ համայն մարդկութեան համար մեր առջեւ դրուած է տառապանքի օրեր, որոնցմէ իր բաժինն ալ կը ստանայ հոգնատանջ հայ ժողովուրդը։
Ափսոս որ այս դառն իրողութիւնը անփոփոխ կը մնայ որ թեկնածուն որ ալ յաղթահարէ։