ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յոյսը պահել, բայց ինչպէ՞ս

Անուանի վիպագիր Ահմէտ Ալթան գրական մարզի մէջ կարծես աւելի ուշադրութիւն կը գրաւէ իր յօդուածներով նաեւ։ Թերթի սիւնակներուն մէջ կարճատեւ կեանք ունեցող գրութիւններ են յօդուածները, որոնք տա­ղան­դա­ւոր հե­ղինակ­նե­րու գրի­չէն դար­ձեալ կրնան վե­րածուիլ գրա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ստեղ­ծագործու­թեան։ Բո­լոր տրա­մաբա­նու­թիւննե­րէն հե­ռու մե­ղադ­րանքնե­րով բան­տարկու­թիւնը Թուրքիոյ մէջ սո­վորա­կան երե­ւոյթ մը դար­ձած է։ Ար­դա­րեւ Ահ­մէտ Ալ­թան ալ իր եղ­բօր հետ միասին մի­ջոցէ մը ի վեր կը վա­յելէ ազա­տազրկման են­թար­կուե­լէ ծա­գած պա­տիւը։ Իրաւ ալ ներ­կայ պայ­մաննե­րու մէջ բան­տարկու­թիւնը պա­տուա­բեր երե­ւոյթ է, որուն ար­ժա­նանալ պի­տի ու­զէ ամէն մտա­ւորա­կան, փաս­տե­լու հա­մար իր կամ­քի ու մտքի ազա­տու­թիւնը։ Ան վեր­ջերս ստո­րագ­րեց յօ­դուած մը, ուր փի­լիսո­փայա­կան վեր­լուծու­մով մը խոր­հուրդներ կ՚առա­ջար­կէր ժա­մանա­կի մէջ բան­տարկուած ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թի շուրջ։ Կը հաս­տա­տէր որ մարդկու­թեան գտած մե­ծագոյն պատ­ժա­միջոցն է ազա­տազրկու­մը։ «Պատ­ժել ու­զած մարդդ կը դնես կա­պան­քի տակ եւ կ՚ար­գի­լես անոր մարդկանց հետ ազատ շփու­մը։ Ան­շուշտ որ տա­ռապանք մըն է այս։ Հա­պա ի՞նչ կը նշա­նակէ ժա­մանա­կին մէջ բան­տարկուիլ», հարց կու տայ Ալ­թան եւ ըսած­նե­րը ալ աւե­լի պար­զե­լու հա­մար կը շա­րու­նա­կէ խորհրդա­ծու­թեան։ «Շուրջ հա­րիւր տա­րի նոյն օրուան արթննա­լը ի՞նչ կը նշա­նակէ օրի­նակ։ Հա­րիւր տա­րուայ հո­լովոյ­թով ամէն օր նոյն աղէ­տալի կեան­քը ապ­րիլ, կար­ծել որ ին­չոր պա­տահե­ցաւ, պա­տահե­ցաւ ան­ցեալի մէջ, բայց ապա վերստին ապ­րիլ այդ նոյն չար պա­տահա­րը։ Ոչ մէկ ձե­ւով փոր­ձուիլ եղած չա­րիքէն եւ ամէն նոր օրի հետ կրկին ապ­րիլ նոյն մղձա­ւան­ջը»։ Մեր ապ­րած օրե­րու տրա­մադ­րութիւ­նը մի­թէ աւե­լի լաւ բնու­թագրել կա­րելի՞ է։ Իրաւ ալ Թուրքիա վեր­ջերս մատ­նուած է այս դիր­քին, ուր ամէն օր կրկին պի­տի ապ­րի այն չար պա­տահար­նե­րը, որոնք անընդհատ կը կրկնուին իւ­րա­քան­չիւր այ­գա­բացի հետ։ Մենք դար­ձեալ պար­զա­միտ ըլ­լանք եւ հա­ւատանք որ չի կա­րելի։ Սա­կայն ինչպէս ըսինք բա­ցար­ձակ միամ­տութիւն մըն է մեր այս հա­մոզու­մը, քա­նի որ կրկին ու կրկին փոր­ձուած իրո­ղու­թիւնը կը թե­լադ­րէ «կա­րելի է», «եւ կա­րելի», «եւ ընդմիշտ կա­րելի»։

Այս սիւ­նակնե­րու մէջ առանց վա­րանե­լու խոս­տո­վանած ենք մեր հա­ւատ­քի թե­րու­թիւննե­րը։ Սա­կայն միւս կող­մէ ալ սի­րած ենք յոյ­սը վառ պա­հելու, ապա­գայ սե­րունդնե­րու նկատ­մամբ հաս­տատ վստա­հու­թիւններ սնու­ցա­նելու մեր կամքը։ Իսկ հիմա եկանք այնպիսի հանգրուանի մը, ուր պիտի դժուարանանք մեր այդ կամքին վրայ յամառելու։ Անտանելի պիտի ըլլայ նոյն միամիտ լաւատեսութիւնը պահել։ Քանի որ չարիքը եւ չար միտքը աւելի ձեռնտու է, քան որեւէ բարի կամեցողութիւն։ Մարդիկ հրապարակ կ՚իջնան այնպիսի ելոյթներով, ուր մարդս կը վարանի լսածներուն իրողութիւնով։ Շուարած իրարու կը հարցնենք «իրա՞ւ այսպէս ըսաւ»։ Չենք կրնար հաւատալ նոյնիսկ մեր լսածներուն։ Բայց իրողութիւնը կը մնայ անփոփոխ։ «Այո՛, այդպէս ըսած է» եւ աւելի զարմանալին, ոչ ոք կը ձայնակցի մեր զարմանքին։ Ի վերջոյ Ահմէտ Ալթան հնազանդ մնալով իր հօրը, նոյնպէս անուանի արձակագիր Չէթին Ալթանի աւանդին յօդուածը կ՚աւարտէ լաւատեսութեամբ։ «Անհոգ եղէք թերեւս ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ըլլայ», բայց իրողութիւնը տակաւին կը մնայ անփոփոխ. Ահմէտ Ալթան կ՚ապրի բանտի պայմաններու մէջ, անդին երկիրը կը շարունակուի կեղեքուիլ Թուրքիոյ օլիկարխներու հրոսախումբի մը կողմէ, որոնք իրենց բոլոր օրինականութիւնը կը ստանան ընտրութիւնով իշխանութեան գալու պարզ իրողութենէն։