ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ես ոչ անտուն եմ, ոչ էլ տարագիր

Թուրքիոյ բնակչութիւնը կը կազմէ 79 միլիոն։ Այդ հսկայ թուանշանին որոշ մէկ հա­մեմա­տու­թիւնը մեծ մտա­հոգու­թեան մատ­նուած է տես­նե­լով երկրի ան­կա­յուն քա­ղաքա­կան հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Իրաւ ալ միայն որոշ մէկ տո­կոսին կը վե­րաբե­րի այս խու­ճա­պի հո­գեվի­ճակը։ Ան­դին հա­սարա­կու­թեան աւե­լի լայն շեր­տը կը շա­րու­նա­կէ իր սո­վորա­կան առօ­րեան։ Եթէ այդ առօ­րեային սպառ­նա­ցող գոր­ծօն մը կայ, այդ գոր­ծօ­նը միայն ու միայն հա­նապա­զօրեայ հա­ցը ապա­հովե­լու ամէն օր ալ աւե­լի սրուած դժուարու­թիւնն է։

Ժո­ղովուրդի մե­ծամաս­նութեան օրա­կար­գին մաս չեն կազ­մեր պաշ­տօ­նազրկուած մօտ 50 հա­զար ու­սուցիչ­նե­րու իրո­ղու­թիւնը։ Նոյնպէս հա­զիւ մէկ շա­բաթուայ ըն­թացքին ան­գործու­թեան մատ­նուած մօտ 7 հա­զար մա­մու­լի աշ­խա­տող­ներն ալ այդ մե­ծամաս­նութեան ու­շադրու­թեան չեն ար­ժա­նանար։

Եր­կի­րը կ՚ալե­կոծի հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հին իր ստեղ­ծած ենթադրել թշնա­մինե­րու դէմ տա­րած պայ­քա­րի աղ­մուկով։

15 Յու­լի­սի գի­շերուայ ժա­մերուն կա­տարուեցաւ իշ­խա­նու­թիւնը տա­պալե­լու ան­ճա­րակ փորձ մը, որուն հե­տեւան­քով նա­խագահ Էր­տո­ղան դիւ­րաւ տի­րացաւ իր երա­զած մե­նատի­րական իշ­խա­նու­թեան։

Խորհրդա­րանը եւս ան­գործու­նակ է։ Խոր­հուրդա­րանի հե­ղինա­կու­թե­նէ զուրկ նա­խագա­հը ի վի­ճակի չէ օրէնսդիր մար­մի­նը բա­նեց­նե­լու։ Կա­ռավա­րու­թիւնը շնոր­հիւ ար­տա­կարգ դրու­թեան օրէն­քին ըն­ձե­ռած կա­րելիու­թիւննե­րուն, իրա­ւական բո­լոր կա­նոն­նե­րը զանց առ­նե­լով կ՚ընէ այն ինչ որ կը փա­փաքի։

Այս կա­մայա­կան գոր­ծե­լակեր­պը նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին հրա­պարա­կուած որո­շու­մով մը փա­կեց 12 հե­ռուստա­կայան­ներ եւ 11 ռա­տիօկա­յան­ներ։ Անոնց մէջ կան «ԻՄՃ»ի նման զան­գուածա­յին հե­տեւող ու­նե­ցող կա­րեւոր կա­յան­ներ կամ «Զա­րօք ԹՎ»ի նման մա­նուկնե­րու ուղղեալ հա­ղոր­դում կա­տարող ալիք­ներ։

Թուրքիոյ բռնա­տիրա­կան վար­չա­մեքե­նայի ազ­դե­ցու­թիւնը կ՚ընդլայ­նի երկրի սահ­մաննե­րէն դուրս եւ կը յա­ջողի Պրիւքսե­լէն հա­ղոր­դումներ կա­տարող «Մէտ-Նու­չէ»ի նման քրտա­կան հե­ռուստա­կայան­նե­րու աշ­խա­տու­թիւնը խա­փանել։ Ար­դա­րեւ ֆրան­սա­կան «Եու­թէլսաթ» հա­ղոր­դիչ ըն­կե­րու­թիւնը խոս­տո­վանե­ցաւ որ «Մէտ-Նու­չէ»ի հա­ղոր­դումին ար­գելք հան­դի­սացած են Թուրքիայէն եկած թե­լադ­րանքնե­րու հե­տեւան­քով։

Թեր­թիս այս թի­ւի էջե­րուն մէջ լոյս տե­սաւ «Ակօս»ի աշ­խա­տակից Վար­դուհի Պա­լեանի Հա­լէպի մէջ Մա­նուէլ Քէ­շիշեանի հետ կա­տարած հար­ցազրոյ­ցը։ Պա­րոն Քէ­շիշեան իր փո­խան­ցած տե­ղեկու­թիւննե­րը կ՚եզ­րա­կանաց­նէր «…բո­լորը կ՚ու­զեն որ դուրսէն պէտք է օգ­նել այն բո­լորին որոնք կը փա­փաքին հե­ռանալ գա­ղու­թէն եւ ստեղ­ծել այնպի­սի պայ­մաններ որ գո­նէ հե­ռացող­նե­րը հաս­տա­տուին Հա­յաս­տան» նա­խադա­սու­թիւնով։

Որոշ տուեալ­նե­րու հա­մաձայն ցարդ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւն գաղ­թած հա­լէպա­հայե­րու թի­ւը կը հաս­նի 20 հա­զարի։ Հայ­կա­կան հե­ռուստա­կայան­նե­րէ եւ զա­նազան լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւննե­րէ կը տե­ղեկա­նանք թէ Սփիւռքի Նա­խարա­րու­թիւնը մեծ ջանք կը վատ­նէ հա­լէպա­հայե­րու հա­յաս­տա­նեան պայ­մաննե­րը բա­րելա­ւելու հա­մար։ Սա­կայն հսկայ կոր­ծա­նու­մի դի­մաց այդ ջան­քե­րը խիստ ան­բա­ւարար կը մնան։ Շատ հասկնա­լի է այս ան­բա­ւարա­րու­թեան պատ­ճառնե­րը։ Հա­յաս­տան յայտնուած է անսպա­սելի իրադ­րութեան մը դի­մաց եւ կը փոր­ձէ կա­ցու­թիւնը բա­րելա­ւել պա­հուն մտա­ծուած մի­ջոց­նե­րով։

Ուշ չէ, այ­սօր ալ կրնանք ձեռ­նարկել հա­մազ­գա­յին խորհրդակ­ցութեան, Հա­յաս­տա­նի հա­մար ներ­գաղթի նոր ծրա­գիր­ներ մշա­կելու եւ կազ­մա­կեր­պուած նա­խագի­ծի մը հի­ման վրայ նո­րանոր մի­ջոց­ներ որո­նելու հա­մար։

Այս կը պարտադրէ Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական անկայուն ապագան։