Պոլսահայութեան հաշւոյն անձնական փորձառութեամբ, Միջին Արեւելքի եւ հետզհետէ Եւրոպայի հաշւոյն ալ դիտումներու հետեւելով կրնանք ըսել թէ հայ ժողովուրդի վերջին քանի մը տասնամեակներու կարեւոր հարցադրումը ձեւաւորուած է «երթալ»ու եւ «մնալ»ու շուրջ։
Թերեւս ալ ազգային յատկութիւն մըն է, որ հայը Անի քաղաքի կործանումէն ի վեր, պատմականօրէն երթալու հակում մը ունեցած է։
Հայրենի երկրին նկատմամբ զգացական կապը չէ կրցած արգելք ըլլալ հայ շինականին, որ ան պանդուխտի ցուպը միշտ ձեռին ունենայ։
Անհասկանալի հակասութիւն մը կայ այս գործին մէջ։ Մենք Անի քաղաքին գովքը հիւսող բոլոր երգերը յօրինած ենք զայն լքելէ ետք։ Սասնայ գաւառը փառաբանող երգերու կարեւոր մէկ մասը հիւսուած են ո՛չ թէ Սասունի, այլ սասնեցիներու նոր օրրան՝ Հայաստանի Թալինի շրջանին մէջ։ Նոյնանուն երգին պատճառաւ համազգային դարձած «Գետաշէն» գիւղին անունն իսկ պիտի չիմանայինք, եթէ զայն կորսնցուցած չըլլայինք։
Այս օրինակները կը յուշեն ուրիշ իրողութիւն մը, քանի որ յաճախ ակամայ հեռացած ենք մեր հարազատ օրրաններէն, նոյնիսկ հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն։ Այսօր ոչ ոք կրնայ մեղադրել Հալէպի հայութիւնը իր երկիրը լքելու մէջ։ Բայց անդին կան հալէպահայեր, որոնք յամառ պայքար կը տանին այդ կործանած քաղաքին մէջ կեանքը վերականգնելու համար։ Եւ կարծեմ պարտաւոր ենք իրենց այդ կամքը գնահատելու։ Մեծ անխղճութիւն է ըսել՝ «Այդտեղ ի՞նչ գործ ունիք, Ամերիկա կամ Եւրոպա (այսինքն դէպի ուծացում) գաղթեցէք»։
«Քարը իր տեղը ծանր է», կ՚ըսէ թրքական առածը։ Իսկ մայրս կը սիրէր այդ իմաստով հայեցի տարբերակը գործածել՝ «Ծառը իր ճիւղերով կը խայտայ» ըսելով։ Տեղաշարժով քարը կը կորսնցնէ ծանրութիւնը, իսկ ծառը կը զրկուի ճիւղերէն։
Թուրքիոյ ներկայ անկայուն, նոյնիսկ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ անգամ մը եւս օրակարգի եկած է երթալ-մնալու խնդիրը։ Դարձեալ մտահոգութիւնը ուղղուած է նորահաս սերունդին։ «Գոնէ անոնք ազատին», ճարահատութիւնը աւելի յաճախ կը լսուի առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ։ «Ազատիլ»ը՝ սեփական մորթը փրկելով սահմանած միտքը ահա այսպէս դիւրաւ կը բռնէ օտարութեան ծովը տանող ճամբան։
Ազատելու աւելի հաստատ ճամբան կը մատնանշէ հայ ազգի պարծանք բանաստեղծը Պարոյր Սեւակ՝ «թշնամու կողը մխրճուել»։ Կողը մխրճիլ Ճէնկիզ Խանին, կողը մխրճիլ Լենկ Թիմուրին, կողը մխրճիլ Էնվէրին, Թալեաթին, անոնց մերօրեայ շառաւիղներուն։
Յիմարութիւն է չարին գթութեան ապաւինել։ Նազըմ Հիքմէթ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Նապաստակը ոչ թէ վախնալուն համար կը փախչի, այլ փախչելուն համար կը վախնայ»։ Դարձեալ դիմենք թրքական առակին. «Վախը կեանք չի փրկեր»։
Այս իրողութեան վառ ապացոյցը ամէն օր կ՚ապրուի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ։ Ռոժավայի, Քոպանէի մէջ մարդիկ, այր կամ կին, պատանի կամ ծեր, ամբողջ ժողովուրդ մը կը դիմադրէ մեր ժամանակներու ամենաբարբարոս աւազակախումբին դէմ։ Անշուշտ որ այդ դիմադրութիւնը կը խլէ բազմաթիւ կեանքեր, բայց երկրին կը պարգեւէ ապագայ։
Նժարի վրայ են սեփական մորթը փրկելու համար փախուստ տուողները եւ հայրենիքը պաշտպանելու համար Քոպանէի կամ Ղարաբաղի սահմանագծին վրայ ինկողները։ Ահա տիեզերական մի երեւոյթ, որուն համար Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ. «Մարդ կայ աշխարհն է շալակած տանում, մարդ էլ կայ ելել է շալակն աշխարհի»։