Մարդու կեանքի տեւողութիւնը շատ չնչին ժամանակահատուած մը կը կազմէ պատմութեան հաստափոր գիրքին մէջ։ Երբ կը խօսինք դարերու, նոյնիսկ հազարամեակներու սահմանումով, իսկապէս ալ աննշան կը մնայ մարդկային կեանքի տարիները։ Այդ պատճառաւ ալ կը դժուարանանք մեր ժամանակներու անցուդարձերը այժմէական կերպով իմաստաւորելու։
Կը կարծենք թէ ահաբեկչութիւն կոչուածը պատահականօրէն յայտնուած չարագործութիւն մըն է։ Մեզ կը հաւատացնեն թէ չարամիտ մարդիկ յանկարծակի որոշումով մը կը լծուին հասարակութեան անդորրը խանգարելու։ Մինչ ընկերաբանութիւնը կը թելադրէ գիտնալ որ իւրաքանչիւր զարգացում ուրիշ կուտակումի մը հետեւանքն է։ Ահա այս յարաբերութիւնը նկատելու համար անհրաժեշտ է որոշ ժամանակահատուածի մը ապրումը։
Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին երբ Պաղէստինի մէջ կը ձեւաւորուէր Իսրայէլի պետականութիւնը, մարդիկ եղելութիւնը կը դիտէին ու կը մեկնաբանէին Հոլոքոստին պատճառած սարսափի ենթահողին վրայ։ Արեւմտեան աշխարհի, Եւրոպայի բազմադարեան հակասեմական ատելութիւնը, այս նոր պետութեան հիմնադրումը ողջունելով կը սփոփէր իր խղճի խայթը։ Այդ պահուն ոչ ոք կը մտաբերեր պաղէստինցիներու մատնուած զրկանքը։
Նոյնպէս Ա. Աշխարհամարտին, երբ Միջին Արեւելքի երկիրներու սահմանները կ՚որոշուէին Սայթ-Փիքոյի նախաձեռնութեամբ, ոչ ոք մտահոգուեցաւ քիւրտ ժողովուրդի բնօրրանին չորսի բաժանումը տեսնելով։ Անտեսման գլխաւոր առիթը քիւրտերուն նախորդ դարասկիզբին տակաւին ազգային ամբողջութենէ զուրկ ըլլալն էր։ Աշիրաթներու համակարգով տարանջատուած ցեղախումբը անշուշտ որ միասնական կամք մը չէր կրցած գոյացնել։
Այսօր երբ Եւրոպա կը ցնցուի գաղթականներու հուժկու հոսանքին դիմաց, հասարակութիւնը դարձեալ ի վիճակի չէ այդ գաղթին տեղի տուող պայմանները ընկալելու։ Բայց պատմութեան յետադարձ ակնարկ մը բաւ է ամէն ինչ յստակեցնելու համար։ Արեւմուտքը իրեն իրաւունք համարեց հեռաւոր երկիրներու ճակատագիրը ճշդել։ Կարծեց թէ իր գործիչներու միջոցաւ պիտի կարենայ իշխանութիւններ փոխել, սահմաններ վերահաստատել եւ ինք զերծ մնալ այդ ըրածներուն հետեւանքներէն։
Նոյնպէս ԱՄՆ երբ Խորհրդային Միութեան դէմ կը ծրագրեր «Կանանչ Գօտի» կոչեալ յանցագործութեան նախագիծը, միտքովը իսկ չէր անցներ թէ իր զինած «Ալ Քաիտա»ն պիտի յարձակի Նիւ Եորք եւ ճամբայ պիտի բանայ յաջորդող տարիներուն Աֆղանստանի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ բովանդակ Միջին Արեւելքի հետ ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքներուն ալ սարսափի մատնուելուն։
Ուրեմն ի տարբերութիւն մեր այսօրուայ տգիտութեան, պատմութիւնը պիտի յիշէ այս բոլորը։ Մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործեր ըլլալով պիտի արձանագրէ «Կանաչ Գօտի» նախագծի հեղինակ Պրզեզինսկին, «Երեք կու տանք հինգ կը վերցնենք» ըսելով Իրաքի դէմ պատերազմի քարոզչութիւն ընող Թուրկութ Էօզալը կամ «Ուրբաթի նամազը Դամասկոս կ՚ընենք» յայտարարող Էրտողանը։
Վստահ եղէք որ Եգէական ծովու խաւար ջուրերուն մէջ զոհուածներու շարաւիղները տակաւին հաշիւներ ունին մագրելու։ Չըլլա՛յ որ հաշուեփակի պահուն զիրենք մեղադրէք։ Բուն մեղաւորները լազուարթ տարազներով, փողկապներ կապած բազմած են արեւմտեան երկիրներու խորհրդարաններուն։ Եթէ խնդիր մը ունիք, իրենց հետ է, այլ ոչ թէ մինուճար գաղթականներով։
Թողէք բերնի ծամոց եղած «ահաբեկիչներ» յանկերգը եւ ներկայ վայրագութիւնը հասցէագրեցէք հեղինակին, այլ ոչ թէ ճարահատ մահապարտին։