ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Երբեք չափազանցութիւն պէտք չէ համարել այն պնդումը, ըստ որու Գրիգոր Զոհրապի գլուխը քարով ջախջախողը,
չարագործութեամբ Տրապիզոնի մէջ Մուսթաֆա Սուփհին եւ իր 14 ընկերները դաշոյնի հարուածներով սպաննողը, Ստրանճայի անտառներուն մէջ վիպագիր Սապահատտին Ալին ծեծելով մեռցնողը վերջապէս Տիյարպէքիր տան մը մէջ Ափէ Մուսան դաւադրական ծուղակով մը սպաննողը կամ Հրանդ Տինքի ոճրագործը նոյն անձն է։ Չարիքը աւանդութիւն մըն է Թուրքիոյ մէջ, որուն հիմնական գործադրիչները համոզուած են որ իրենց այդ ազգային պարտականութիւն մըն է որ կը կատարեն։ Արդար է անոնց միտքը, քանի որ իրենց գործած ոճիրներուն հետեւանքով ոչ միայն չեն պատժուիր, այլ կը վայելեն պետական համակարգի ընձեռած բոլոր բարիքները։ Պարզապէս կը պարգեւատրուին իրենց ծառայութեան համար։ Դարձեալ չափազանցութիւն պիտի չըլլայ պնդել որ Թուրքիոյ մէջ ազգային ծառայութիւնը աւելի շատ կը խորհրդանշէ ազգի համար դիւրաւ ոճիր գործելու յատկութիւն։ Այս շաբաթ կը նշուի 1955 թուականի 6 եւ 7 Սեպտեմբեր թուականներու թալանի պետական դաւադրութեան 61 ամեակը։ Այդ օր պետական համակարգի կատարեալ հսկողութեան ներքեւ թալանուեցան երկրի քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնակարանները, եկեղեցիները, գերեզմանները։ Բռնաբարուեցան կանայք եւ ապա այդ բոլորը ծածկուեցաւ պետական քօղի մը ներքեւ։ Անիրաւուածները իրենց ենթարկուած անիրաւութիւնը աղաղակելու անգամ համարձակութիւն չունեցան։ Հազիւ տարիներ անց է որ այս բոլորը խօսիլ կարելի եղաւ Թուրքիոյ մէջ։ Եկուր տես որ այդ օրերու տուժածները տակաւին չեն համարձակիր իրենց ապրածները վերյիշելու կամ պատմելու։ Անոնց փոխարէն վերջերս սկսած է ձայն բարձրացնել ուրիշ հոսանք մը, որ համոզուած է թէ առանց այս յանցագործութիւններու հետ առերեսուելու կարելի պիտի չըլլայ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան հաստատումը։ Վերջապէս Թուրքիա հիմնուած է անարդարութեան վրայ եւ այդ հիմքով կարելի չէ երկիր պահել։ Նոյնիսկ այսօրուայ սերունդները լռեն, յաջորդները անպայման պիտի ստիպուին պետութեան իր մեղքերուն հետ առերեսումը ապահովելու։ Ինչպէս բոլոր երկիրներուն Թուրքիոյ երիտասարդութիւնն ալ արժանի է լուսաւոր ապագայի մը հեռանկարին եւ այդ ապագան կարելի չէ կառուցել նման անարդարութիւններու վրայ։
Այս առթիւ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն 61-րդ տարելիցի առթիւ մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը ներկայացնեն Թուրքիոյ Յունաց Տիեզերական Պատրիարքարանի լուսանկարիչ Տիմիթրիոս Քալումէնոսի դէպքերէն անմիջապէս ետք օրուայ պատրիարքին հրամանով նկարած տեսանիւթերէն ամփոփում մը։
Այս հաւաքածուն առաջին անգամ անցեալ տարի հրատարակուեցաւ, որու հիման վրայ լոյս տեսաւ նաեւ Սերտար Քորուճուի խմբագրած հատորը։