Պատմութեան յիշուած եւ յիշատակագրուած բազմահազար տարիներու անցեալին մէջ խիստ սակաւ են առանց պատերազմի անցնող տարիները։ Պատերազմները քաղաքակրթութեան եւ գիտութեան զարգացումներու զուգահեռ զարգացուցին նաեւ իրենց աւերման կարողութիւնը։
Բ. Համաշխարհային Պատերազմին վերջակէտը եղաւ Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները կործանող հիւլէական ուժը։
Յաջորդող տարիներու զինեալ մրցակցութիւնը հասաւ այնպիսի աստիճանի, որ այսօր աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնները իրենց ձեռքին տակ ունին երկրագունդը անբնակիչ թողելու համազօր հիւլէական ուժ։
Խորհրդային Միութեան տարանջատումով ընդհանուր համոզում տիրեց, որ մարդկութիւնը ձերբազատուած է այդ սպառնալիքէն։ Համաշխարհային երկու կռիւներու պատճառած աւերը ծանրօրէն ապրած Եւրոպայի տարածքին կործանիչ զէնքերու սահմաններէ հեռացման, հետզհետէ փճացման պատկերներ դիտեցինք հեռուստաէգրանէն։ Սակայն այդ նոյն տարիներուն իսկ աշխարհի նոր դրուածքը մեկնաբանող քաղաքական միտքեր կը կանխատեսէին «միքրօ ազգայնականութեան» հոսանքի մը հաւանական հետեւանքները։ Ափսոս որ իրաւացի էր իրենց կանխատեսումը։ Խորհրդային Միութիւնը կամ Եուկոսլաւիան բաղկացնող ազգերը տարանջատուելէ անմիջապէս ետք իրարու դէմ անխնայ պատերազմի մը կրակին մէջ յայտնուեցան։ Այդ պատերազմներու գլխաւոր դերակատարները բանակայիններէ աւելի հասարակ քաղաքացիներ ըլլալով ներկայացան։
Նման բնոյթով ազգամիջեան կռիւներ կը շարունակուին բազմազգի բնոյթ ունեցող պետութիւններէ ներս։ Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներ ունին այդ բազմազգի պատմութիւնը, որոնց ազգային իւրաքանչիւր հատուած իր ապագան կը տեսնէ հակառակորդի ոչնչացման մէջ։
Մարդկային միտքի, փիլիսոփայութեան արտադրած բոլոր նախասիրութիւնները ցնդած են ռազմատենչ այս միջավայրի մէջ։ Վերակենդանացած է բարբարոսութեան շրջանը, ուր մարդիկ կարծես միայն իրենց թշնամիներուն արիւնը թափելով պիտի յագենան։
Թուրքիա իր կարգին մխրճուած է նման հոգեբանութեան։ Իշխանութիւնը՝ սկսելով նախագահ Էրտողանէն, կառավարութիւնով, Խորհրդարանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններով եւ անոնց քրքրութեամբ ոգեւորուած ժողովրդական խաւերու մասնակցութեամբ կը վազէ դէպի մահաբեր փորձանք։
Սուրիան մինչեւ վեց տարի առաջ իր պայմաններով ապրող խաղաղ երկիր մըն էր։ Այսօր արտաքին գործօններու քրքրութեամբ վերածուած է դժոխքի։ Դժոխքի այս երեւոյթին մէջ շատեր ունին իրենց իբրեւ թէ արդարանալու պատրուակները։ Մէկը սեփական երկրի անվտանգութիւնը կը պատճառաբանէ, ուրիշ մէկը իբրեւ համաշխարհային դերակատար աշխարհի բռնած ուղղութիւններուն մէջ իր պատասխանատուութիւնը։ Սակայն, բոլորս գիտենք որ միայն պատրուակներու մասին է խօսքը։ Անդին կայ ուրիշներու երկինքն կործանումէն ակնկալուած հսկայ շահերը։ Ի վերջոյ փորձուելով գիտենք թէ պատերազմը շահեր ապահովելու լաւագոյն առիթը կ՚ընձեռէ որոշ մարդկանց, որոնք շատ անգամ կը յայտնուին պատերազմներու ծագման առիթ տուող դերակատարներ ըլլալով։ Ամէն ինչ կը կայանայ մեր աչքերուն առջեւ, բայց ոմանք տակաւին կը փորձեն վստահեցնել, թէ իրենք ամբողջովին անմեղ են եւ անդին կան գազաններ, որոնք առիթ կը ստեղծեն ժողովուրդներու դժբախտութեան։ Այս չարամտութիւնը մեր դիմաց կը ներկայանայ կրօնական մոլեռանդութիւնով։ Դեռ մօտ անցեալին Փարիզի մէջ ճաշարան մը կը մերժէր սպասարկել երկու արաբ կիներու պնդելով, թէ անոնք ահաբեկիչներ են եւ ինք չուզէր ահաբեկիչներուն սպասարկել։ Եթէ մարդիկ իրապէս այս բառերու իմաստը ընկալելու կամ գիտակցելու կարողութիւնը ունենային հաւանաբար աշխարհ բոլորովին տարբեր տեղ մը պիտի դառնար։
Մխրճուած ենք ցեխին մէջ, որուն կեղտը աւելի ուշ պիտի նկատենք։