Մահ՝ մեծ վիպագիր Վէտաթ Թիւրքալիի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թրքերէն գրական աւանդի մէջ բաւական ուշ ձեւաւորուած ոճ մըն է վիպագրութիւնը։ Սակայն Ի. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Թուրքիոյ վիպագրութիւնը օժտուեցաւ շատ տաղանդաւոր անուններով։ Այդ փաղանգին կարեւոր ներկայացուցիչներէն է վիպագիր Վէտաթ Թիւրքալի, որ 26 Օգոստոսին մահացաւ իր ետին թողելով բաւական բեղուն վաստակ մը։ Իր մահէն ետք ԻՄՃ հեռուստակայանի վրայ ծանօթ շարժանկարի բեմադրիչ Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր, երբ կը խօսէր այս հսկայի մասին յատկապէս կ՚ընդգծէր անոր ընդմիշտ զարգացող բնաւորութիւնը։ Թուրքալի շատերուն զարման պատճառելու աստիճանին կը համակերպէր նոր քաղաքականութիւններու եւ նոր ընկալումներու։ Անշուշտ որ ունէր հաստատ ու ամուր համոզումներ, բայց գիտէր պահանջել հարկին այդ համոզումները կրկին ու կրկին վերատեսութեան ենթարկել։ Որոշ տարիքը անցածներու համար բաւական դժուար իրագործելի յատկութիւն մը ահաւասիկ, որ իր կարգին այս մեծ հեղինակը կը պահէր կենսունակութեան մէջ։

Իր այս յատկութեան ամենահետաքրքրական դրսեւորումը կը յայտնուի հայկական խնդրի մասին իր մտածումները արտայայտած պահուն։ 2004 թուականին, երբ Թուրքիոյ մէջ գրական շրջանակներ փառաշուք կերպով կ՚ողջունէին իր 85 ամեակը, ան Հրանդ Տինքի հարցումներուն պատասխանելով կը խոստովանէր իր սերունդի եւ գաղափարակիցներու հսկայ տգիտութիւնը հայկական խնդրին մէջ։ Իրաւ ալ Թուրքիոյ մէջ մանաւանդ մտաւորական դասակարգի հայկական հարցի նկատմամբ տգիտութիւնը խիստ ուշագրաւ երեւոյթ է, որուն պատճառները մեկնաբանելով կարելի է հատորներ լրացնել։ Թիւրքալի այդ տգիտութիւնը կը բացատրէ Քեմալականներու ռազմավարութեան յաջողութիւնով։ «Սկիզբները խաբուսիկ շրջան մը ապրուեցաւ։ Քեմալականները խորամանկ գտնուեցան եւ թելադրեցին այն համոզումը, թէ եղածը արդէն եղած է այդ չարագործութեան առիթ տուողներն ալ պատուազրկուած են։ Յետոյ երբ քաղքենիութիւնը շեղեցաւ դէպի աջ, այդ երբեմնի պատուազրկուածները նորանոր պատիւներու արժանացան։ Շատեր մինչեւ օրս կը փորձեն այս առեղծուածը լուծելու եւ չեն յաջողիր։ Չեն յաջողիր պարզապէս անոր համար որ կը խուսափին պատմական ճշմարտութիւնները խոստովանելէ։ Կը վախնան որ նման խոստովանութիւնով մը վնասած պիտի ըլլան իրենց սրբութիւններուն»։ Մինչդեռ Թիւրքալի երբեք չէ ունեցած նման հոգեր, քանի որ ան ինքզինք միշտ պատասխանատու կը զգայ ապագայ սերունդներու նկատմամբ, այլ ոչ թէ արհեստական պայմաններով ստեղծուած կուռքերուն։  Թերեւս ալ այս բացթողումը չէզոքացնելու համար մեծ գրողի վերջին վէպերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք ցեղասպանութեան յիշատակներուն։ Ի վէպերուն համազօր կարեւոր են շարժանկարներուն համար գրած սցենարները։ Ան բազմաթիւ սցենարներու հեղինակ է, որոնց մէջ յատկապէս ուշագրաւ են Թուրքիոյ բանուոր դասակարգի ապրումները ցոլացնող ֆիլմերը։ Իր մահով կը որբանայ ոչ միայն գրական աշխարհը, այլ նաեւ թրքական շարժանկարը։   

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ