Փէրմեաքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած

Կիւմրիի մէջ Աւետիսեան ընտանիքի եօթը անդամները սպաննող ռուս զինուոր Վալերի Փէրմեաքով Հայաստանի մէջ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։

Փէրմեաքով 12 Յունուար 2015-ին Սերիոժա եւ Յասմիկ Աւետիսեան ամոլի տունը մտած եւ այստեղ իրենց որդին Արմէնը, հարսը Արաքսը, դուստր Այտան եւ թոռնիկը Յասմիկ Աւետիսեանը սուինի հարուածներով սպաննած էր։ Ոճրագործի հարուածներուն ենթարկուած վեց ամսեայ Սերիոժա ծանրօրէն վիրաւորուած կերպով հիւանդանոց փոխադրուած էր, բայց անոր ալ կեանքը փրկել կարելի չէր եղած։

Անմեղ եօթը հայերու ոճրագործը աւելի վերջ չէր ուրացած իր դաժան արարքը, որուն հետեւանքով Հայաստանի դատարանը զինք դատապարտեց ցկեանս բանտարկութեան պատժին։ Ռուս զինուորի դատավարութիւնը իրաւական ճգնաժամ յարուցեց Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ան նախապէս դատուեցաւ Ռուսաստան, ուր զինուորական ատեանի մէջ դատապարտուեցաւ զօրամասէն խոյզ տալու, ապօրէն կերպով զէնք պահելու մեղադրանքներով եւ դատապարտուեցաւ տասը տարուայ բանտարկութեան։ Աւելի ետք Ռուսաստանի հետ կատարուած բանակցութիւններու հետեւանքով Փէրմեաքով այս անգամ դատուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ արժանացաւ ցկեանս բանտարկութեան պատժին։    

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ