ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողջոյն Գէորգի ու Նատիայի յիշատակին

Երկու գոյժեր նոյն օր հասան մեր տունը։ Նախ Մարին զանգահարեց ու քրոջս հեկեկալով իմացուց Գէորգի յանկարծական մահը։ Կէս ժամ անց միասնաբար այցելեցինք սիրելի Նաիրայի բնակարանը։ Նաիրա Սիւզմէ Մարմարա թերթի մէջ մեր պաշտօնակիցն է եւ ինք ու իր հարազատները մեր ընտանեկան բարեկամները։ Տարիներ առաջ մեր սիրելի աւագ եղբայր Ռոպէր Հատտէճեան իր տունը հրաւիրած էր մեզ ու առաջին անգամ այդ առթիւ ծանօթացանք Նաիրայի նշանածին՝ Գէորգի հետ։ Յաջորդող տարիներուն իբրեւ դրացիներ յաճախ կը հանդիպէինք իրարու եւ մտերիմ կը զրուցէին սովորական երեւոյթներու շուրջ։

Գէորգ յանկարծական մահով մը բաժնուեցաւ մեզմէ, ետին թողելով քաղցր ժպիտ մը շրջանակուած լուսանկարին վրայ, որ կարծես ամենայն հարազատութեամբ կը ցոլացնէ իր բարի նկարագիրը։ Ոչ մէկ կասկած որ այդ ժպիտին մէջ մեծագոյն բաժինը կը վիճակի Նաիրային եւ իրենց որդւոյն՝ Արեգ-Վահագնին։

Հազիւ ժամերու հետեւութեամբ այս անգամ վերահասու եղանք սիրելի Նատիայի մահուան բօթին։ Ի տարբերութիւն Գէորգի յանկարծական մահէն, Նատիա երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապէր անողոք հիւանդութեան ճիրաններուն տակ։ Յաճախ կսկիծով կը լսէինք իր վատթարացած առողջութեան մասին։ Վերջերս համայնքային միջոցառումի մը աւարտին, երբ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ողջոյնի կարճ ելոյթի մը համար բարձրախօսը ձեռքը կ՚առնէր, իր կեանքին պարգեւած բոլոր արժանիքներուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց սիրելի կնոջը։ Դահլիճին մէջ շատեր արդէն տեղեակ էին սիրելի Նատիայի առողջական վիճակէն եւ այդ պահուն բոլորս անդրադարձանք որ Տիգրան որքան ծանր պիտի տանի անոր բացակայութիւնը։

Այսպէս մտածելու համար ունինք յաւելեալ յատկութիւն մը եւս։ Մենք բոլորս նոյն թաղի, Թաքսիմի Ֆէրիտիյէ փողոցի տղաներ ենք։ Նատիան՝ որ այդ ժամանակ Էսաեանի շրջանակներուն մէջ իր նիհարակազմ մարմնին պատճառաւ աւելի ծանօթ էր «ճուտիկ» ածականով, քան սեփական անունով։ Իր մանր մունր կազմին քով խիստ ուշիմ ու չարաճճի բնաւորութիւնով կ՚արդարացնէր այդ ածականը եւ սէրն ու համակրանքը կը վայելէր բոլորին։ Յետոյ տարիներ անցան, մենք մանուկներս դարձանք պատանի եւ ապա չափահաս մարդիկ, ուր նոյն ընթացքին մէջ Նատիան ալ վերածուեցաւ բարի, ազնիւ եւ իմաստուն կնոջ մը կերպարին։ Ան նոյն Նատիան էր, երբ Տիգրան Կիւլմէզկիլ սովորական խանութի մը մէջ որպէս վաճառորդ կ՚աշխատէր եւ նոյն հեզ ու բարի կինը մնաց, երբ ամուսինը այս անգամ դարձաւ իր համայնքի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող բարերար մը։

Համեստ պայմաններու համակերպիլ ու ապա շատ աւելի փարթամ պայմաններու տիրանալով հանդերձ բարոյական ու վարքային վերիվայրումի չմատնուելու համար  անհրաժեշտ էր ամուր կառուցուածքի տէր ըլլալ։ Դիտելով Նատիայի օրաթերթի մէջ մահազդի լուսանկարը, անգամ մը եւս կը համոզուիմ որ Նատիան այդ ամուր կառուցուածքի տէր էր։

Իրաւ ալ ինչ զարմանալի են լուսանկարները։ Անոնք իրենց սեւ ու սպիտակ գոյներուն մէջ կրնան պահել ենթակային բազմերանգ բնաւորութիւնը։ Ի զուր չէ որ հայաստանցիներ ամէն անգամ որ լուսանկարուին, յաջորդին կը հաստատեն «անմահացանք»։

Մահը կեանքի անխուսափելի շարունակութիւնն է։ Անխուսափելի իրողութիւն։ Կայ մի այլ իրողութիւն, յիշատակը արժանիներուն համար անմահ է։