Ամաչելը, խպնիլը, զղջալը, մեղայի գալը, խոստովանիլը, ներողութիւն խնդրելը մարդկային զգացումներ, հետզհետէ կրթութիւններ եւ գիտակցութիւններ են։
Ստախօսը կ՚ամչնայ երբ իր սուտը պարզուի։ Բայց եթէ այդ սուտի շնորհիւ շահ մը ապահոված է եւ չ՚ուզեր այդ շահէն հրաժարիլ, կը յամառի սուտին վրայ, կ՚ուրանայ անվերջ եւ թշնամութիւն կը պահէ սուտը հրապարակողին դէմ։
Թուրքերը եւ անոնց հետ միասին Թուրքիոյ բոլոր Իսլամ ժողովուրդները միասնաբար ցեղասպանած են հայ եւ նաեւ երկրի բոլոր Քրիստոնեայ ժողովուրդները։ Անվիճելի ու անհերքելի իրողութիւն մըն է այս։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պաշտօնական տեսութիւնը այս իրողութիւնը ուրանալէ աւելի, զբաղած է արդարացնող պատճառաբանութիւններ արտադրելու։ «Բայց» կամ «սակայն» պատրուակներով սկսող բացատրութիւններ կը շարունակուին մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը արդարացնելու համար։
Կասկած չկայ որ 1915 թուի մեծ ոճիրը գործուեցաւ արար աշխարհի աչքերուն առջեւ։ Յատկապէս Եւրոպայի գերտէրութիւնները իրենց դիւանագէտներուն, թղթակիցներուն կամ կրօնական քարոզիչներուն պատրաստած տեղեկագիրներու շնորհիւ օր ըստ օրի հետեւեցան կատարուածներուն։
Այս բոլորը իմանալով հանդերձ, տասնամեակներ շարունակ լռութիւն պահեցին յանուն իրենց քաղաքատնտեսական հաշիւներուն։ Ի վերջոյ Թուրքիան իր 80 միլիոնի հասնող բնակչութիւնով կարեւոր շուկայ մըն էր բոլորին համար։ Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի անդամ էր եւ կը պահէր Եւրոպայի ամենամարդաշատ բանակը։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ հլու հնազանդ էր ԱՄՆ-ի եւ առհասարակ արեւմտեան աշխարհի նախասիրութիւններուն։
Եւրոպա եւ Ամերիկա տակաւին երկար տարիներ կրնային ականջները փակել հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջներուն։ Սակայն Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանի զօրակցութիւնը վայելող արմատական Իսլամիստ Ճիհատականները սկսան Եւրոպայի համար ալ գլխացաւ պատճառող սպառնալիք դառնալ։ Գերմանիոյ Դաշնութեան վարչապետ Մերքելի սակարկութիւններն անօգուտ մնացին Թուրքիան սանձելու համար։ Միւս կողմէ Եւրոպայի ժողովուրդները խիստ անհանգիստ էին իրենց երկիրներուն Էրտողանի սպառնալիքներուն դէմ անզօր մնալէն։
Ահա այս պայմաններուն մէջ է որ Դաշնակցային Գերմանիոյ խորհրդարանը ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընդունեց Կանանչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրի առաջարկած բանաձեւը։ Ի տարբերութիւն օտար խորհրդարաններու մէջ կայացած նախորդ նմանաբնոյթ քուէարկութիւններու, այս անգամ ոճիրի կողմերէն մէկը՝ Գերմանիա իր մեղքը կը քաւէր, յայտարարելով կայսրութեան շրջանի քաղաքականութենէն զգացած ամօթը։
Ինչպէս սովորաբար կը պատահի, Թուրքիոյ իշխանութիւնները զայրացած են կատարուածէն։ Իրենց զայրոյթը ուղղած են Գերմանիոյ խորհրդարանի ազգութեամբ թուրք պատգամաւորին՝ Ճէմ Էօզտէմիրին։ Ան այս օրերուս յաճախակի կը ստանայ մահուան սպառնալիքներ։ Սովորական մի այլ պատահարն ալ նման որոշումներուն հետեւանքը հայոց բեռցնելն է։ Նախագահ Էրտողան կրկին լեզուին փաթթեց աշխատելու համար Թուրքիա եկած Հայաստանի քաղաքացիները։ Սպառնաց անոնք ետ ղրկելով։
Այս բոլորէն ետք ք...ին վրայ փետուր տնկելու եկաւ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդը։
Առանց վարանելու վիրաւորեց իր ժողովուրդին արժանապատուութիւնը։ Ոչ ոք թող փորձէ Աթէշեանի ստորագրութեամբ Նախագահ Էրտողանին ուղղուած նամակը ստիպուածութեամբ բացատրել։ Թուրքիոյ հայութիւնը անցեալին ալ մատնուած է անպատիւ ճնշումներու։ Հայու արժանապատուութիւնը վեր պահողներ անցեալին յաղթահարած են այդ ճնշումները, իսկ Աթէշեանի նմանները ենթարկուած, իրենց անունին հետ մռոտելով նաեւ ժողովուրդին պատիւը։