PAKRAT ESTUKYAN

Pakrat Estukyan

Մենք ու մերոնք - Biz ve bizimkiler

Կոչ՝ դժուար ճամբան հարթելու

Ղարաբաղի սահմանագծին նախորդ Շաբաթ երեկոյ կատարուած հերթական խախտումը մտա­ծել կու տայ թէ հետզհե­տէ կը մօ­տենանք Ղա­րաբաղեան հա­կամար­տութեան հա­շուե­փակ­ման փու­լին։

1994-ին յայ­տա­րարուած զի­նադա­դարը մեզ թե­լադ­րեց յաղ­թա­նակի տպա­ւորու­թիւն։ Ճիշդ է որ տուեալ պա­հին հայ մար­տիկնե­րը յստակ կեր­պով պար­տութեան մատ­նած էին Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը։ Նոյ­նիսկ Ղա­րաբա­ղի պաշտպա­նու­թեան ու­ժե­րը տրա­մադիր էին թշնա­մին մին­չեւ Պա­քու վտա­րել։ Դուրսէն եկած խոր­հուրդնե­րով (չը­սելու հա­մար հրա­հանգնե­րով) հա­յոց բա­նակը կանգ առաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղը շրջա­պատող եօթը տա­րածքնե­րը իր հսկո­ղութեան մէջ պա­հելով։ Ի գին բազ­մա­հազար զո­հերու հա­յը ի վեր­ջոյ յա­ջողած էր ռազ­մա­ճակա­տին վրայ։ Սա­կայն զի­նուորական յա­ջողու­թիւննե­րը կը կա­րօտին ար­ձա­նագ­րուած ձեռքբե­րումնե­րը հաս­տա­տող հա­մաձայ­նութեան։ Անցնող մօտ 25 տա­րինե­րու ըն­թացքին կա­րելի չե­ղաւ այդ հա­մաձայ­նա­գիրը ապա­հովել։ Կա­րելի չե­ղաւ՝ քա­նի որ Ատրպէյ­ճա­նի վար­չա­մեքե­նայի գլխուն նստած էր Իլ­համ Ալիեւ կեր­պա­րը, որ երկրի հարստու­թիւնը կը թա­լանէր ի շահ իր ըն­տա­նիքին։ Այդ գոր­ծընթա­ցին հա­մակեր­պողնե­րը եւս կ՚օգ­տուէին Ալիեւի իշ­խա­նու­թեան շնոր­հած բա­րիք­նե­րէն։ Եւ թա­գաւո­րը իր գա­հը պա­հելու հա­մար կա­րիքը ու­նէր երկրի բնակ­չութեան բո­լորը ու­շադրու­թիւնը ստեղ­ծուած թշնա­միի մը ուղղե­լու։ Ալիեւ այս խա­ղը խա­ղաց եւ ապա­հովեց իր գա­հը։ Միւս կող­մէ ամ­բողջ Կով­կասեան տա­րած­քի վրայ իրենց շա­հերը հե­տապնդող գեր­տէ­րու­թիւններն ալ ու­նէին իրենց հա­շիւ­նե­րը։ Նե­րառեալ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­կազ­մին, ոչ ոքի ձեռնտու էր խա­ղաղու­թիւն ապա­հովող վերջնա­կան լու­ծումը։ Ընդհա­կառա­կը պա­հան­ջեալ բո­լոր առիթ­նե­րով գրգռե­լու յար­մար դաշ­տի մը գո­յու­թիւնը բո­լորին պի­տանի է։ Ներ­կա­յիս գեր­տէ­րու­թիւննե­րը իրենց բա­նակ­նե­րով մի­ջամուխ չեն ըլ­լար զան­գուածա­յին մար­դասպա­նու­թեան պատ­ճառ հան­դի­սացող պա­տերազմնե­րուն։ Այլ կը նա­խընտրեն հա­շիւ­նե­րը մաք­րել իրենց ի նպաստ մարտնչող ու­րիշ եր­կիրնե­րու մի­ջոցաւ։ Խա­ղը իր այս բնոյ­թով տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կը բե­մադ­րուի Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ։ Հի­մա փո­խադարձ շա­հերու բա­խու­մը, այդ ըն­թացքը կրնայ փո­խադ­րել դէ­պի Կով­կա­սեան եր­կիրներ։ Այստեղ ալ ԱՄՆ, ԵՄ, ՆԱ­ԹՕ եւ ՌԴ մերթ ծա­ծուկ, մերթ ալ բա­ցայայտ հա­կադ­րութիւննե­րու մէջ են։ Ան­ցեալին այդ հա­կազ­դե­ցու­թիւննե­րը պա­տերազ­մի վե­րածուեցան Ուկրաինոյ եւ Վրաս­տա­նի մէջ։ Այս եր­կու օրի­նակ­նե­րուն ալ տու­ժո­ղը պա­տերազ­մին թա­տերա­բեմ դար­ձող եր­կիրնե­րը եղան։ Հա­կադ­րութեան այս պատ­կե­րին մէջ Հա­յաս­տան չի կրնար հան­դուրժել նման խա­ղի մը բե­մը ըլ­լա­լու։ Ու­րեմն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետութեան հետ միասին հա­մայն հա­յու­թեան առ­ջեւ կը պար­զուի ճա­կատագ­րա­կան հրա­մայա­կան մը։ Անըն­դունե­լի է Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի Հան­րա­պետութեան ինքնա­վարութեան սա­կար­կութիւ­նը։ Ան­կա­րելի է բիւ­րա­ւոր նա­հատակ­նե­րու արեան գնով ձեռք բե­րուած հայ­րե­նի հո­ղէն հրա­ժարե­լու վար­կա­ծը։ Անհրա­ժեշ­տութիւն է խնդրին խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով լու­ծումը։ Ան­խուսա­փելի է թշնա­միին ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը առանց խոր­տա­կելու, պար­տութիւ­նը խա­ղաղու­թեան դա­շին­քով մը պսա­կելու մի­ջոցը։

Ինչպէս կը տես­նենք, զէն­քով ապա­հովուած յաղ­թա­նակը որ­քան ալ մարդկա­յին մեծ զո­հերու պատ­ճառ դար­ձած ըլ­լայ ինքնին ան­բա­ւարար է իս­կա­կան յաղ­թա­նակի մը մա­սին խօ­սելու հա­մար։ Եւ նոյնպէս կը տես­նենք թէ այդ վերջնա­կան յաղ­թա­նակի ճամ­բան շատ աւե­լի դա­ժան է, քան ինչ որ պիտի ապահովուէր կռիւով։