ԼՈՒՑԻՔԱ ՏՈՒՏՈՒ

Լուցիքա Տուտու

Ֆիլմի մը մասին էրկու խօսք

Հէրալտէ ամէն մարդ իմացաւ արթըխ. ատ 1915-ի վերաբերեալ ֆիլմը։ Ի՞նչ էր անունը հա. «Կորսուեած խուշերը» էս հէլպէթ քիմ շատոնց տեսայ, հաթթա տարձուած ատեն պի­լէմ քա­նի ան­գամ թախ հոն­տեղնե­րը վազն ի վազ մու­խուֆի կա­ցի։ Պա­զի ան­գամնե­րուն, աս թա­րաֆէն ատ նիւ­թին հետ հո­գեկան կապ ու­նե­ցող ու­րիշ ան­տե­սանե­լիներ ալ կա­յին հետս։ Շի­տակը մենք շատ հաւ­նե­ցանք, շատ ազ­դուեցանք. իշ­շալլախ տուք ալ պի­տի հաւ­նիք։ Կը հե­տեւիմ կոր եւ աղէկ կի­տեմ կոր քիմ վեր­ջին տա­րինե­րուն աս սի­նամա­յի կոր­ծե­րը ար­թըխ մե­րին վա­խիթը էղա­ծին պէս չեն։ Ան օրե­րուն սի­նամա­ները ան խը­տար իթի­պար ու­նէին քիմ ու­զած ֆիլ­մէդ պի­լէթ կտնա­լը պի­լէմ զօր էր։ Կի­շէնե­րուն առ­ջին էր­կան պո­չեր, տուռնե­րուն առ­ջին քէօշէ պու­ճախ պա­հուը­տած սը­րա սը­րա խա­րա պօր­սա­ճիներ կ՚ըլ­լար. Ան շրջա­նին կէօրէ ահա­գին փա­րաներ կու տա­յինք տէ կ՚առ­նէինք։

Հի­մա սու­լու զէվ­զէք ֆիլմ մը չըլ­լայ նէ միլ­լէ­թը տու­նէն էլ­լա­լու իւ­շէնմիշ կ՚ըլ­լայ կոր։ «Ին­տոր է նէ թէ­լէվիզ­յօ­նէն կը ցու­ցունեն ան ատեն կը տես­նանք իշ­տէ» կ՚ըսեն կոր։ Հալ­պուքիմ կիտ­նալ պէտք է քիմ աս տե­սակ ֆի­լիմ­նե­րը թէ­լէվիզ­յօ­նէն խօ­լայ խօ­լայ չեն ցու­ցուներ։ Անանկ քիմ. էր­թալ տես­նա­լը շարթ է։ Շի­տակը կ՚ու­զէք նէ իմին մին­չեւ աս օր միտքիս ծա­րէն պի­լէմ չէր ան­ցած քիմ նստիմ տէ ֆիլ­մի մը մա­սին գիր գրեմ տէ­յիմ։ Ամա երբ իմա­ցայ նէ քիմ. մէ­յէր­սէմ, էկեր քիմ սի­նամա­յի կոր­ծե­րուն հետ կա­պակ­ցութիւն ու­նե­ցող կռնակ մը չու­նիս նէ, առա­ջին օրե­րուն կի­շէին կը նա­յին կոր էղեր։ Սի­նաման պէտք էղա­ծին չափ չլե­ցուի նէ ֆիլ­մը հէ­մէն կը վեր­ցունեն կոր էղեր։

Աման Լու­ցի­քա ըսի ինքնի­րենս մեղք կ՚ըլ­լայ էմէք­նե­րուն, էր­կու սա­թըր ալ տուն գրէ, պէլ­քիմ քե­զի կարդացող­նե­րը հա­վէսի կու գան տէ, տուն ալ կոր­ծի եարար կ՚ըլ­լաս։ Հէլ­պէթ կի­տեմ կոր քիմ պիւ­թիւն հա­յերը թօ­փուին էր­թան նէ ալթ թա­րաֆը քա­նի՞ հո­գի կ՚ըլ­լայ։ Վեր­ջերս ի՞նչ խը­տար մնա­ցած էին. Վաթ­սուն հա­զար մի, անոր ալ մէկ մա­սը էխ­տի­յար, մէկ մա­սը չօ­ճուխ ըլ­լայ նէ անոր ան­դին ի՞նչ կը մնայ։ Ամա հիչ չըլ­լայ նէ «տա­հա նոր պաշ­լա­յեց, հե­լէ քիչ մը խա­ղայ տէ, ին­տոր է նէ կ՚եր­թանք» չը­սուի տէ հէ­մէն էրթցուի նէ պա­րէմ առա­ջին օրե­րուն պէտք էղած բազ­մութեան պուտ մը կը մօ­տենայ անանկ չէ։ Էհ… ամէն պան խըս­մէ­թ է, իշ­շալլախ ճամ­բան պաց կ՚ըլ­լայ տէ էմէք­նե­րը պօ­շի չեր­թար։