Կնոջս Սեդային հետ կը քայլենք դէպի մեր աշխատավայրերը։ Լուսանկարչական աշխատանոցի մը կողքէն որ կ՚անցնինք «շատ սուղ նկարող սթիւտիօ մըն է, բայց երիտասարդները կու գան շրջանաւարտութեան համար նկարուելու» կ՚ըսէ կինս։ Մարդու կեանքին մէջ յատուկ ապրում մըն է շրջանաւարտութիւնը, ինչպէս որ է պսակադրութիւնը։ Կրնանք ըսել որ ամբողջ կեանքի մէջ միայն մէկ անգամուան յատուկ ապրումներ են։ Եւ անշուշտ շատ հասկնալի է, այդ պահերը անմահացնելու հոգը։ «Հոգ չէ թէ քիչ մը սուղ ըլլայ, բոլոր արժէքներու իմաստազրկուած այս օրերուն գոյութիւնը պահելը իսկ մեծ արժէք է» կ՚ըսեմ Սեդային ու կը տարուիմ խորհելու։ Համեմատաբար նոր գիւտ մըն է լուսանկարչական գործիքը։ Բայց բոլոր գիւտերը չեն որ այդքան շուտ թափանցած են մարդկանց առօրեային։ Որքան ալ նոր ըլլայ մենք պիտի կրնանք խորհիլ թէ իրականութեան մէջ ան բաւականին ուշացած գիւտ մըն է եւ մարդիկ այդ գիւտի տրամադրած առիթէն լաւագոյնս օգտուեցան։ Կը յիշեմ մեր տան դեղնած ալպոմներէն դրուագներ։ Ամբողջ գերդաստան մը կը տողանցէ, այդ սեւ ու սպիտակ լուսանկարներու աշխարհին մէջ։ Մարդիկ, որոնք յաւիտեանս հրաժեշտ առած են մեզմէ եւ դեռ կը շարունակեն այդ խաւաքարտերուն վրայէն ժպտալ մեզ։ Նոյնիսկ կարելի է ժպտին մեզմէ շատ աւելի վերջ, իրենց բոլորովին օտար մարդկանց ալ։ Ի վերջոյ ես ապրած եմ անտէրութեան մէջ հնավաճառներու ձեռքը ինկած լուսանկարներու ոդիսականը եւ տեսած եմ օրինակներ, ուր անոնք գնորդ մը ունեցած են։ Գնորդ մը՝ որ ոչ մէկ կապ ունի այնտեղ երեւացող անձին հետ, բայց նորէն ալ մարդկային հետաքրքրութիւն մը զայն տարած տեղադրած է օտար սենեակի մը աչքառու մէկ անկիւնին։ Դեռ տակաւին խորհած եմ թէ կը խօսին լուսանկարները։ Պարզապէս լսելու ունակութեան կը կարօտին։ Եթէ գտնեն այդ ունակութիւնը հին լուսանկարները պատմելիք շատ բան ունին մեզ բոլորիս։ Մի՛ զարմանաք եթէ ըսեմ թէ իմ տան մէջ ալ կան այդ տեսակի լուսանկարներ։ Թէեւ իմ ունեցածները հնավաճառէ մը չեն գնուած։ Օրինակի համար կը յիշեմ Սարայէվօ քաղաքի փլած Մոստար կամուրջին վրայ առանձինն նուագող թաւջութակահարը։ Թերթէն կտրուած նկար մըն է այս։ Չէի յաջողած նկարին բնօրինակը ձեռք բերել։ Թերթին մէջ կարդացած էի նկարի ոդիսականն ալ։ Ան Սարայէվոյի քառեակին թաւջութակահարն էր, որու նուագող բոլոր ընկերները զոհուած էին այդ չար պատերազմի դաժանութեան մէջ։ Ինք առանձին կը շարունակէր նուագելու կարծես թէ մենամարտ մը կը տանէր չարիքի դէմ։ «Կամ», «հոս եմ», «չեմ յանձնուած», «չէք կրցած լռեցնել զիս» կը գոռայ կարծես իր այդ նուագով։ Յետոյ յանկարծ միտքս կու գայ ուրիշ սեւ ու սպիտակ նկար մը։ Ցնցոտիներու մէջ մարդ մըն է։ Ամէն ինչով կը գուշակենք թէ պատահական տեղ մը չէ այդ նկարը։ Յատուկ գացած է լուսանկարչական սթիւտիօ եւ նկարուած։ Դարձեալ «ես ե՛մ», «հոս ե՛մ», «կենդանի ե՛մ» ըսելու մարմաջ մը կարծես։ Բաճկոն մը հագած է։ Տաբատը հազիւ ծունկէն թիզ մը աւելի վար կը հասնի։ Եւ այդ տաբատին տակ ոտքերը բոպիկ են։ Քրուվազէ բաճկոն մը եւ տակէն բոպիկ ոստքեր...։ Ամօթ է, կը խբնիմ «ծիծաղելի» ըսելու։ Բայց բառին բուն իմաստով ծիծաղելի է։ Այս նկարը որ կը պատմեմ Սեդային «Ո՞վ գիտէ որ ղարիպն է եւ ո՞վ գիտէ որո՞ւ ղրկելու համար նկարուած է այդպէս» կ՚ըսէ։ Հարցումներ կան, որոնց պատախանը եթէ յայտնի ըլլար ալ ոչ գրականութեան պէտք կ՚ըլլար, ոչ երաժշտութեան, ոչ ալ նկարչութեան։ Սեդային այս հարցումին պատասխանն յայտնի չէ։ Ուրեմն մեզի կը մնայ նոր պատմուածք մը հիւսել ներշնչուելով բոկոտն անծանօթի, բոլորիս անծանօթ պատմութենէն։