ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՓԱԹԻԼ

- Փաթիլ, գրեթէ երկու շաբաթ, ամէն իրիկուն դասընկերներուդ հետ հոս նստած ենք ու հաճելի ժա­մեր ան­ցուցած։ Իսկ հի­մա քե­զի անակնկալ մը. առ այս ծո­ցատետ­րը, նոր էջ մը բաց ու գրէ այս սրճա­րանին անու­նը։

- Պա­րոն, անըն­թեռնե­լի է. ռու­սե­րէ՞ն։

- Այո, ռու­սե­րէն. բայց դուն նոյ­նութեամբ ըն­դօ­րինա­կէ ի՛նչ որ կը տես­նես։

Ու Փա­թիլը թուղթի վրայ կ՚անցնէ այդ փայ­լուն ու­թը «նեոն» տա­ռերը. «Снежинка»։

- Եւ հի­մա կար­դա. ս-ն-ե-ժ-ի-ն-ք-ա։

***

Կա­ղան­դը Երե­ւանի մէջ անցնել, ամէն սփիւռքա­հայու երազն է։ Իսկ Քա­լիֆոր­նիոյ արե­ւուն տակ հա­սակ նե­տած մեր աշա­կերտնե­րուն հա­մար իս­կա­պէս հրճուանք եւ բախ­տա­ւորու­թիւն է, Դեկ­տեմբե­րի գի­շեր մը, մեր «Անի Պլա­զա» պան­դո­կին մայ­թի սրճա­րանը նստիլ, տաք թէ­յը վա­յելել ու սպա­սել որ ձիւ­նի փա­թիլ­ներ իջ­նեն։

Այս երա­զով մօտ քա­ռասուն հո­գի, կը գրա­ւենք սրճա­րանին սե­ղան­նե­րը։ Երբ պա­տանի­ները խումբ խումբ կ՚ամ­փո­փուին իրենց զրոյցնե­րուն եւ հանգստա­ւէտ բազ­կա­թոռ­նե­րուն մէջ, երի­տասարդ սպա­սաւո­րը մեր թէ­յերը կը բե­րէ։ Ու Փա­թիլին հետ օրուան այդ վեր­ջին ժա­մը կը փա­փաքինք անցնել իր անու­նի մա­սին խօ­սելով։

- Զար­մա­նահ­րաշ են ձիւ­նի հա­տիկ­նե­րը։ Բո­լորը վեց­թե­ւեան են, բայց միեւ­նոյն ժա­մանակ՝ եզա­կի։ Իւ­րա­քան­չիւրը ու­նի իր ու­րոյն ձե­ւը։ Գեր­մա­նացի թուաբա­նագէտ եւ աստղա­գէտ Յո­հան Կեպ­լերն է, որ ու­սումնա­սիրած եւ բա­ցայայ­տած է այ­սի­կա։

- Իսկ ին­չո՞ւ ճեր­մակ են փա­թիլ­նե­րը։

- Լոյ­սը կ՚անցնի անոնց բիւ­րեղնե­րէն եւ օդի մաս­նիկնե­րէն ու յա­ռաջ կու գան լոյ­սի ալիք­ներ, որոնք միաձու­լուելով կը կազ­մեն ճեր­մակ լոյս։ Իսկ, Փա­թի՛լ, եթէ ձիւ­նը սկսի տե­ղալ այս գի­շեր, Երե­ւանը կ՚ու­նե­նայ մաք­րա­մաքուր օդ, որով­հե­տեւ իջ­նող փա­թիլ­նե­րը կը միանան առ­կախ հա­տիկ­նե­րուն եւ վնա­սակար նիւ­թե­րուն ու թե­թեւու­թեամբ վար կը բե­րեն զա­նոնք։

- Հա­պա, անո՞ւնս։

- Կը նե­րես, պէտք է որ խոս­տո­վանիմ, թէ անունդ հայ­կա­կան չէ։ Բայց մի՛ տխրիր։ Դուք սո­րուած էք, թէ հա­յերէ­նը հա­րուստ է նաեւ իր փո­խառու­թիւննե­րով։ Եւ հի­մա դուն հպարտ եւ ու­րախ կրնաս զգալ սո­րուե­լով, թէ մե­ռեալ լե­զուի մը բախ­տա­ւոր մէկ բա­ռը, կեն­դա­նի մնա­ցեր է քու անու­նիդ մէջ՝ անոր շնոր­հիւ։

«Փա­թիլ» բա­ռը խե­թերէն փո­խառու­թիւն է, բու­նը՝ «pittula»։ Խե­թերը, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի ամե­նահին ժո­ղովուրդնե­րէն էին։ Լե­զուն կը պատ­կա­նէր հնդեւ­րո­պական լե­զուի անա­տոլիական ճիւ­ղին։ Անոնք չորս հա­զար տա­րի առաջ, զօ­րաւոր պե­տակա­նու­թիւն եւ մշա­կոյթ հաս­տա­տած էին Փոքր Ասիոյ մէջ։ Խե­թերը լաւ հո­ղագործ էին։ Կը մշա­կէին բամ­պակ, կը մա­նէին զայն, ու կ՚ար­տադրէին ըն­տիր կեր­պասներ։ Անոնք բամ­պա­կի մա­նելու գու­լա­ները կը կո­չէին «pittula», անու­նիդ նա­խահայ­րը։ «Pittula», կամ «pattula» կը կո­չուէին նաեւ դեր­ձա­նի կա­պոց­ներն ու հիւսքե­րը։ Ք.Ա. 1200 թուական­նե­րուն, երբ խե­թերուն թա­գաւո­րու­թիւնը վերջ գտաւ, անոնց բա­ռերը բնա­կու­թիւն գտան դրա­ցի լե­զու­նե­րու մէջ։ «Pittula»ն մնաց հա­յերէ­նի մէջ, առաւ եր­կու ձեւ. «փա­թիլ»ն ու «փա­թուլ»ը։ Լե­զուա­բան Գրի­գոր Ղա­փան­ցեանը, 1945ին լոյս տե­սած «Աս­սուրա-Բա­բելա­կան Բա­ռեր Հա­յերէ­նում» յօ­դուա­ծին մէջ կը հաս­տա­տէ ասի­կա։ Պատ­կե­րաւոր մտա­ծողու­թիւն սի­րող մեր ժո­ղովուրդը, բամ­պա­կի նմա­նողու­թեամբ՝ «փա­թիլ» անուանեց նաեւ ձիւ­նի կա­թիլ­նե­րը։ Փա­թի՛լ, Հրա­չեայ Աճա­ռեանը, Մոս­կուայի Լա­զարեան Ճե­մարա­նին կող­մէ 1913-ին հրա­տարա­կուած «Հա­յերէն Գա­ւառա­կան Բա­ռարան» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ կ՚ըսէ. «ՓԱ­ԹԻԼ. Երե­ւան, Ղա­րաբաղ, Ղա­րաքի­լիսա՝ քու­լայ, գզուած բուրդի կտոր մը։ 2. Երե­ւան, ուր եւ «փա­թուլ», Տրա­պիզոն՝ ձիւ­նի մեծ կտոր»։ Յե­տոյ, կ՚աւելցնէ գիւ­ղա­կան եր­գի նմոյշ մը. «Ձիւն է գա­լի փա­թիլ փա­թիլ»։ Իսկ Էջ­միած­նի միաբան­նե­րէն Սա­հակ վար­դա­պետ Ամա­տու­նին, 1912-ին Վա­ղար­շա­պատի մէջ լոյս տե­սած «Հա­յոց Բառ ու Բան»ին մէջ կ՚ըսէ. «ՓԱ­ԹԻԼ Ղա­րաբաղ, Լո­ռի, ԹԱ­ԹՈՒԼ Օշա­կան, Աշ­տա­րակ, Փար­պի։ Սան­տերքի վրայ գզուած կամ գզե­լի ձեռ­նա­չափ բուրդը, ձիւ­նի հա­տիկ­ներ»։ Ապա կու տայ Յա­րու­թիւն քա­հանայ Ճու­ղուրեանի «Գիւ­ղի Այ­րին» վի­պակէն մէջ­բե­րում մը, ուր կայ «փա­թիլ»ին նախ­նա­կան եւ չորսհա­զարա­մեայ իմա­ստը. «Բուրդ էր բե­րել մա­նելու... փա­թիլ­նե­րը թրջե­լով՝ պտտում էր մատ­նի­չը»։ Նոյն իմաս­տը՝ Ղա­զարոս Աղա­յեանի «Ճա­խառակ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ. «Մա­նի՛ր, մա­նիր, ի՛մ ճա­խարակ/ Մա­նիր սպի­տակ փա­թիլ­ներ»։

Փա­թիլը բնու­թեան հրաշքն է, պատ­կե­րալից բառ մը։ Եւ զար­մա­նալի չէ, որ ման­կա­կան բազ­մա­թիւ եր­գեր, բա­նաս­տեղծու­թիւններ զար­դա­րուած են անոր հետ. «Ու ձիւ­նոտ է հի­մա օդի մէջ եր­կինքը, պա­րող փա­թիլ­ներ են բակ իջ­նում խա­ղալու», կամ՝ «Փա­թիլ-փա­թիլ ձիւն է գա­լիս, կա­թիլ-կա­թիլ ան­ձայն լա­լիս, օդն առել է ձիւ­նը վա­րար, փա­թիլ­նե­րը բռնել են պար»։

- Պա­րոն, իսկ «սնե­ժին­քա»ն։

- Հա՜, սրճա­րանին անու­նը... կը նշա­նակէ... փա­թիլ։

Երբ սպա­սաւո­րը կու գայ լեց­նել մեր պար­պած գա­ւաթ­նե­րը, ցնծու­թեամբ կը դի­տենք, թէ ձիւ­նի առա­ջին փա­թիլ­նե­րը կը սկսին իջ­նել ու հե­քիաթա­յին կեր­պա­րանք տալ մեր մայ­րա­քաղաքին։

- Շնորհաւոր Նոր Տարի։

- Շնորհաւոր Նոր Տարի։