Դէպի բախտորոշ ընտրութիւն

Հա­սած է ճա­կատագ­րա­կան ընտրու­թեան թուակա­նը։ Թուրքիա Կի­րակի, 1 Նո­յեմ­բերին ան­գամ մը եւս կ՚եր­թայ ընտրու­թեան, ճշդե­լու հա­մար Խորհրդա­րանի նոր կազ­մը։ Տա­սը տո­կոսի պատնէշի բեր­մամբ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր միայն երեք կու­սակցու­թիւններ կրնա­յին մուտք գոր­ծել Խորհրդա­րան։ Այսպէ­սով ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը ստանձնող ԱՔՓ դիւ­րաւ կը յա­ջողէր կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու հա­մար հարկ եղած թի­ւով երես­փո­խան­ներ ու­նե­նալ։ Առա­ջին ան­գամ 7 Յու­նիս 2015-ի ընտրու­թիւննե­րուն ՀՏՓ յաղ­թա­հարեց այդ պատնէշը եւ 80 պատ­գա­մաւոր­նե­րով Խորհրդա­րան մտնե­լով, ար­գելք եղաւ ԱՔՓ-ի առան­ձին կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լուն։ Այդ եղաւ հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը, որ Նա­խագահ Էր­տո­ղան ձգձգեց կա­ռավա­րու­թիւն կազ­մե­լու փոր­ձե­րը եւ եր­կի­րը տա­րաւ կան­խա­հաս ընտրու­թեան։ Անցնող քա­նի մը ամիս­նե­րը բա­ւական խոր վէր­քեր բա­ցին երկրի ըն­կե­րային կեան­քին մէջ։ Բո­լոր պե­տական հաս­տա­տու­թիւննե­րը լծուեցան իշ­խող կու­սակցու­թեան քա­րոզ­չութեան գոր­ծին։ Ռա­տիոյի եւ Հե­ռուստա­ցոյ­ցի Վե­րին Խոր­հուրդ (RTÜK)ի ան­դամ Էր­սին Էօն­կէլ յայ­տա­րարեց թէ պե­տական հե­ռուստա­կայա­նը (TRT) վեր­ջին 25 օրե­րու ըն­թացքին 30 ժա­մեր տրա­մադ­րած է ԱՔՓ-ի, 29 ժա­մէր Նա­խագահ Էր­տո­ղանի, 5 ժա­մեր ՃՀՓ-ի, 1 ժամ 10 վայրկեան ՄՀՓ-ի եւ միայն 18 վայրկեան ՀՏՓ-ի լու­րե­րուն։ Միայն այս ցան­կը ան­գամ կը պար­զէ թէ կու­սակցու­թիւննե­րը ինչ տե­սակ ան­հա­ւասա­րու­թեան մէջ կը մաս­նակցին ընտրու­թեան։

Կողմնակ­ցութիւննե­րը ստուեր կը թո­ղուն ընտրու­թիւննե­րու օրի­նակա­նու­թեան վրայ։ Հա­սարա­կու­թեան մօտ լուրջ մտա­հոգու­թիւն կայ ընտրու­թիւննե­րու խար­դա­խուե­լու հա­ւանա­կանու­թեան մա­սին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ վեր­ջին տա­րինե­րուն հրա­պարակ իջած է «Քուէ եւ Աւե­լին» հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւ­նը, որ կը փոր­ձէ կա­մաւոր դի­տորդնե­րու մի­ջոցաւ կան­խել ընտրու­թեան սնտուկնե­րու վրայ կա­տարուելիք հա­ւանա­կան խար­դա­խու­թիւննե­րը։ 43 քա­ղաք­նե­րու մէջ 55 հա­զար կա­մաւոր­ներ դի­մում կա­տարած են դի­տոր­դի պաշ­տօն ստանձնե­լու հա­մար։ Կ՚ակնկա­լուի թէ մին­չեւ ընտրու­թեան օրը այդ թի­ւը կը հաս­նի 60 հա­զարի։

Միւս կող­մէ քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­ներ կ՚ակնկա­լեն թէ ընտրու­թեան ար­դիւնքը շատ տար­բեր պի­տի չըլ­լայ նա­խոր­դէն։ Այս ալ հա­մատա­րած մտա­հոգու­թիւն կ՚առա­ջաց­նէ ժողովուրդին մօտ, խորհելով թէ Նա­խագահ Էր­տո­ղան ռազ­մա­տենջ քայ­լե­րու կրնայ ձեռ­նարկե­լ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ