Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանի (ԵՄԻԱ) մէջ Տողու Փէրինչէքի դատավարութեան միջոցին «Թարաֆ» թերթի մէջ կը հրատարակուէր իմ գրած «Պալատի խամաճիկը» յօդուածաշարքը։ Հոն գրուածներուն աւելցնելիք բան մը չունիմ սա պահուն։
ԹԱՆԷՐ ԱՔՉԱՄ
Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանի (ԵՄԻԱ) մէջ Տողու Փէրինչէքի դատավարութեան միջոցին «Թարաֆ» թերթի մէջ կը հրատարակուէր իմ գրած «Պալատի խամաճիկը» յօդուածաշարքը։ Հոն գրուածներուն աւելցնելիք բան մը չունիմ սա պահուն։
Բուն խնդիրը Տողու Փէրինչէքի «Հայոց ցեղասպանութիւնը գաղութատիրական սուտ մըն է» արտայայտութեամբ գնահատումն է։ Դատարարը այս խօսքը «ատելութեան պատգամ» պիտի համարէ՞ր թէ ո՛չ։ Փէրինչէք շատ կը վախնար այս վարկածէն, այդ պատճառաւ ալ հլու հնազանդ կատուի կը նամանէր նիստի ընթացքին։ Իրաւապաշտպանը Փէրինչէքը կը ներկայացնէր կարծես Պազելի համալսարանի մէջ իր համեստ միտքերը արտայայտող ակադեմական մը։ Վերին Ատեանը հաստատեց այս պաշտպանութիւնը։ Աւելին, վճռեց որ այս խօսքերը յարձակում մը չէր կրնար համարուիլ Զուիցերիաբնակ հայերու համար։ Դատակազմը կարեւոր վճիռ մը եւս արձակեց, մատնանշելով ներկայացուած մեղադրանքի եւ առաջարկուած պատիժի անհամեմատութիւնը։ Վերջապէս այս խօսքերը Զուիցերիա հասարակութեան անվտանգութեան չէին սպառնար։
Այս շրջանակին մէջ եթէ դատական վճիռին մէջ սխալ մը կայ, (որ իմ համոզումովս կայ) այդ ալ Տողու Փէրինչէքի Հրանդ Տինքի մահուան պատճառ եղող ոճիրի մը տանող քաղաքական արշաւին գլխաւոր դերակատար ըլլալը անտեսելն է։ Ինչպէս «Թարաֆ»ի յօդուածաշարքին մէջ ալ նշած եմ, Փէրինչէք համալսարանի ամպիոնէն իր կարծիքները արտայայտող մտաւորական մը չէ։ Միտքերը ներկայացնելու համար չէ գացած Զուիցերիա։ Ան գացած է իբրեւ «Էրկէնէքոն»ի մէկ մասնիկը։ Իր խօսքերը եւ գործերը ուղղակիօրէն առնչուած են «Էրկէնէքոն»ի հետ։ Անոր խօսքերը եւ արարքները Թուրքիոյ հայ հասարակութեան ուղղեալ ատելութեան եւ յարձակումներուն մէկ մասնիկն են։ Փէրինչէք թրքահայերուն սպառնացող, անոնց դէմ յարձակումներ կազմակերպող եւ Հրանդ Տինքին ալ մահուան պատճառ դարձող արշաւին վարիչն է։ Այս մեղադրանքով դատապարտուած է մահապատժի։ Փէրինչէքի եւ իր վարած «Էրկէնէքոն» կազմակերպութեան Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի մէջ տարած աշխատութիւնները անտեսելով դատարանը սխալ գործած է։
Սակայն դատարանը կարեւոր հեղինակութիւն մըն ալ ունեցաւ։ Մէկ աստիճան աւելի Վարին Ատեանին «1915-ը ցեղասպանութիւն չէ, վիճելի նիւթ մըն է» ըսող Թուրքիոյ պաշտօնական տեսութիւնը կրկնած էր։ Գոնէ ԵՄԻԱ այս ձաբռտուքը մէկդի շպրտեց։
Գործին ծիծաղելի կողմը Թուրքիոյ մէջ «ԵՄԻԱ ցեղասպանութիւն չէ եղած ըսաւ» ըլլալով ներկայացուիլն է։ Նախապէս «Պալատի խամաճիկը» բառը եզակի բնոյթ ունէր։ Այժմ այս տարօրինակ հակազդեցութիւնը տեսնելով ամբողջ մամուլը եւ քաղաքական կուսակցութիւններէն շատերը նկատի ունենալով որոշեցի յոգնակիի դիմել՝ «Պալատի խամաճիկները»։ Տակաւին դատական վճիռին բովանդակութիւնէն անտեղեակ, կամ ալ տեղեակ ըլլալով հանդերձ շրջանցել փորձող «Պալատի խամաճիկներ»…
Վերջին խօսք մըն ալ Տէրսիմի ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ Քէմալ Քըլըչտարօղլուին՝ «Չե՞ս ամչնար»։