Քաղաքականութիւն կոչուածը ամենայստակ իրողութիւնը անգամ ճարտարօրէն շրջանցելու արհեստն է։
10 Հոկտեմբեր Շաբաթ առաւօտ Անգարայի կայարանին մուտքին պայթող ռումբը պաշտօնական տուեալներով 99, անպաշտօն յայտարարութիւններով ալ 128 կեանքեր խլած է։ Հիւանդանոցներուն մէջ կան բազմահարիւր վիրաւորեալներ, որոնցմէ աւելի քան քառասունը ծանր վիճակի մէջ են։ Ահաբեկչական բնոյթով այս յարձակումը տեղի տուած մարդկային կորուստի առումով, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ցարդ արձանագրուած մեծագոյնն է։
Ցաւալի է որ այս յարձակումը ունէր նախաքայլեր։ Ոստիկանական աղբիւրները խիստ նմանութիւններ յայտնաբերած են 5 Յունիսին Տիյարպէքիրի եւ 20 Յուլիսին Սուրուչի մէջ պատահածներուն եւ վերջապէս այս վերջին դէպքին միջեւ։ Այս գիտելիքէն մեկնելով համոզում գոյացած է, որ այս տմարդի յարձակումը իրականացած ըլլալու է ՏԱԻՇ-ի կազմակերպութեամբ։
Այն պահուն երբ յստակացաւ յարձակումը գործող ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը իշխանութիւնները դեռ կը շարունակեն յարձակումը ուրիշ խմբակներու վերագրելու։
Նոյն օր երեկոյեան ժամերուն, եւ յաջորդող քանի մը օրերու հեռուստակայանի հաղորդումներուն մէջ զանազաններ հանդէս եկան իբրեւ թէ դէպքը լուսարձակի տակ առնելու համար։ Քառասուն աղբիւրէ ջուր բերին, որպէսզի լուան, մաքրեն իշխանութեան ձեռքերուն թաթխուած արիւնը։ Մեղադրեցին ՀՏՓ-ի համանախագահ Սելահատտին Տէմիրթաշը, այս ոճիրը պետութեան վերագրելուն համար։ Իշխանամէտ այս միտքերը չէ, որ պետականապաշտ են, իրենց համար անընդունելի է պետութեան ուղեալ մեղադրանքը։ Միաբերան բորբոքած էին իրողութիւնը բարձրաձայն խօսողին դէմ։ Ի վերջոյ անոնք այս յարձակումն ալ մեկնաբանած էին իբրեւ Թուրքիոյ միասնութեան դէմ դաւադրութիւն։ Ինչ զարմանալի, զոհը յայտնի է, բայց իրենք կը մտնեն զոհուածի հոգեբանութեան։ Կը հոսեցնեն կոկորդիլոսի արցունքներ։ Յիշեցէ՛ք, Հրանդ Տինքի սպանութեան օրն ալ նոյն խորագիրները գործածած, նոյն նախադասութիւնները արտասանած էին։ Մինչեւ քանի մը օր առաջ Հրանդ Տինքը չարագործներուն իբրեւ թիրախ ցոյց տուողները յանկարծ Հրանդի սպանութիւնը երկրին դէմ կատարուած յարձակում հռչակեցին։ Այդ օր Թուրքիոյ հասարակութիւնը ամենայն յստակութեամբ գիտակցած էր ոճիրի հեղինակներուն, եւ յաջորթող բոլոր ցոյցերուն վանկարկած էր «Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տայ» գոչելով։ Այսօր ալ երեւոյթը տարբեր չէ։ Յարձակումէն քանի մը ժամ ետք Թիւնէլի հրապարակէն դէպի Կալաթասարայ երթ կազմող բազմահազարանոց զանգուածը վանկարկումներով կը յայտարարէր ոճրագործը։ Նոյն ժամերուն այդ վանկարկումը կը կրկնուէր Նիւ Եորքէն Աթէնք, Քէօլնէն Փարիզ աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ։ Պետական այրեր ցաւակցական պատգամներ յղեցին Նախագահ Էրտողանին։ Իսկ հասարակութեան կամքը դրսեւորող բազմաթիւ կուսակցութիւններ կամ հոսանքներ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ մեղադրեցին հետզհետէ բռնակալի կերպար ստացած նախագահը։
Այսպէս է քաղաքականութիւնը եւ դիւանագիտութիւնը։ Կեղծաւոր եւ աւազակ։ Եթէ ոչ անձամբ, գոնէ իր գիրկը սնուցած ոճրագործներուն արարքներուն դիմաց նախ կոկորդիլոսի կեղծ արցունքներ կը հոսեցնէ եւ ապա կ՚ընդունի իրեն եկած ցաւակցութիւնները։
Ցաւը մերն է։ Մենք այս ցաւին ծանօթ ենք 1915-էն այս կողմ։ Համաշխարհային պետական այրերը այն ատեն ալ երկերես էին, այսօր ալ։