Հայրս ծնած էր Տիյարպէքիրի Հազրօ քաղաքը։ 1930-ին ինը տարեկան էր երբ իր ծնողներուն հետ գաղթեց դէպի Հալէպ։ Անհրաժեշտ ճամբորդութիւն մըն էր այս։ Մեծ մայրս ու մեծ հայրս ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց ընտանիքին կարեւոր մասը կորսնցուցած որբեր էին։ Դիմադրեցին բռնի իսլամացնելու հոսանքին եւ Հազրօն լքելով ապաստանեցան Տիյարպէքիր։ Բայց այս տեղն ալ ապահով չէր իրենց համար, ու այսպէսով հետեւեցան իրենցմէ առաջ գաղթած բարեկամներու, ազգականներու ուղիին ու հասան Սուրիա։
ՊԷՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ
arabianberge@hotmail.com
Հայրս ծնած էր Տիյարպէքիրի Հազրօ քաղաքը։ 1930-ին ինը տարեկան էր երբ իր ծնողներուն հետ գաղթեց դէպի Հալէպ։ Անհրաժեշտ ճամբորդութիւն մըն էր այս։ Մեծ մայրս ու մեծ հայրս ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց ընտանիքին կարեւոր մասը կորսնցուցած որբեր էին։ Դիմադրեցին բռնի իսլամացնելու հոսանքին եւ Հազրօն լքելով ապաստանեցան Տիյարպէքիր։ Բայց այս տեղն ալ ապահով չէր իրենց համար, ու այսպէսով հետեւեցան իրենցմէ առաջ գաղթած բարեկամներու, ազգականներու ուղիին ու հասան Սուրիա։
2013-ի գարնան էր, երբ ընկերս Էօզճան Եուրտալան զիս հրաւիրեց Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձի համար ծրագրուած մուլթիմէտիայի նախագիծի մը մասնակցելու։ Խորհրդակցական առաջին ժողովներուն ինձմէ պահանջեցին որ մասնակցող լուսանկարիչներու ծրագիրներուն մասին խորհուրդներ առաջարկեմ։ Առաջին անգամ հոն պատմեցի հօրս ճամբորդութեան լուսանկարչական օրագիր մը պատրաստելու ծրագիրիս մասին։ Ես արդէն միշտ մտադրած էի այդ ճամբորդութիւնը կատարել։ Միջոց մը ետք մեր այդ ժողովները յանկարծակիօրէն կանգ առին։ Շուրջ մէկ տարի այս ծրագիրի մասին ոչ մէկ զարգացում։ Ապա մի օր «Նար Ֆօթօս»էն Էրհան Արըք զանգահարելով իմացուց որ 2015-ին մասին աշխատութիւնները պիտի սկսկի «Նար Ֆօթօս»ի հսկողութեամբ եւ կը փափաքին իմ ալ մասնակցութիւնս, հօրս ուղեւորութեան նախագիծով։ Գործընթացը յանկարծ արագացաւ։ Հայնրիխ Պէօլ հիմնադրամը միջոցներ ապահովեց եւ Հայաստանի կին լուսանկարիչներէ բաղկացող «4+ քոլլեքթիվ» եւ Թուրքիայէն «Նար Ֆօթօս»ի մէկտեղումով իրականացւող նախագծին մասնակցեցայ իբրեւ լուսանկարիչ։
Ճանապարհորդութիւն դէպի կարօտ
Կ՚ուզէի որ ուղեւորութեանս նիւթը կարօտ ըլլար։ Հօրս, մեծ հօրս եւ մեծ մօրս պատումներով ծանօթ Տիյարպէքիրի մասին կարօտի մը օրագրութիւնը։ Հայրս իր ճամբորդութեան մասին չէր խօսած ինծի հետ, բայց Տիյարպէքիրի կարօտը միշտ առկայ էր։ Իմ ծննդավայր Քամըշլըի, ապա տեղափոխուած Պէյրութի մէջ ընտանեկան յարկի տակ կայացող բոլոր մէկտեղումներու առանցքը կը կազմէին Տիյարպէքիրի մասին յիշատակները։ Պատանութենէ երիտասարդութեան եւ ապա չափահասութեան հասայ Հազրօ, Լճէ եւ Տիյարպէքիրի ապրումները լսելով։ 2007-ին երբ առաջին անգամ Թուրքիա եկայ առաջին ցանկութիւնս էր Տիյարպէքիր, Հազրօ եւ Լճէ այցելել։ Կը կարծէի որ հոն երթալով իմ նախնիներուս ապրած թաղերը եւ տուները պիտի տեսնեմ։ Մենք 1915-ի սերունդի թոռներս երբեմն զարմանալիօրէն միամիտ կրնանք գտնուիլ։ Ես հանդիպածներուս կը պատմէի թէ ընտանիքս Հազրօէն կամ Լճէյէն եկած են։ Իսկ անոնք ընդմիշտ կը հարցնէին «բայց ո՞ր գիւղէն»։ Այս ատեն կ՚անդրադարնայի թէ որքան քիչ բան գիտեմ։ Ծնողքս մանրամասնութիւնով չէին պատմած եւ ես ալ չէի հարցուցած։ Կորածը առյաւէտ կորած էր։ Երբ աւելի ուշ Գանատա տեղափոխուեցանք, կարօտը կը մարմնաւորուէր Քամըշլըի անունով։ Իմ ու իրենց հայրենաբաղձութիւնն էր Քամըշլըն։ Թողած էի ծննդավայրս եւ օտար հողերու ոտք դրած։ Ինչպէս որ հայրս Տիյարպէքիրի կարօտ էր, ես ալ կարօտ էի Քամըշլըի։ Տիյարպէքիր… Քամըշլը… Տիյարպէքիր… Քամըշլը… Ո՞ւր կը վերջանայ այս կարօտը։ Հօրմէս ժառանգածս այս վիշտ լեցուն կարօտն է՞։ Ի՞նչ տարբերութիւն կայ իմ եւ իր միջեւ։ Ան տարիներ շարունակ Տիյարպէքիրի կարօտով տառապեցաւ, ես ալ 8 տարեկանիս բաժնուած Քամըշլիի կարօտով։ Իր նման ես ալ երգերս կորսնցուցի։ Ուրեմն այս ճանապարհորդութիւնը պէտք էր, թէ իմ եւ թէ իր պատմութիւնը ըլլայ։
Հօրս մանկութեան հետքերով
Բառին բուն իմաստով կը սլքտամ Տիյարպէքիրի փողոցները։ Կ՚երազեմ հօրս մանկութիւնը։ Հայոց թաղամասի փողոցներուն խաղացող երախաներու դէմքին վրայ հայրս կը տեսնեմ։ Իմ բոլոր նախնիներս կը յիշեմ եւ անկիւններուն, պատուհաններու մէջ կամ խանութները անոնց ուրուականներուն կը հանդիպիմ։ Անոնց աշխարհն էի։ Ապա դարձեալ ճամբայ։ Քիլիս, Էօնճիւփընարի սահմանադուռը տանող ճամբան եմ։ Չորս օրով, որ ճամբու ընկերոջս՝ Հիւսամէտտին Պահչէի հետ 85 տարի առաջուան ուղութեան համապատասխանող արահետներով կ՚անցնինք։ Գիտեմ թէ Հալէպ հաստատուելու նպատակով Տիյարպէքիրէն բաժնուելէ ետք Քամըշլը հաստատուած են։ Նիու Ճէրզիէն Աստղիկ եւ Մարօ Թուրպենտեանցներ օգնութեան հասան։ Անոնց հայրը եւ իմ մեծ հայրս Հազրօէն միասին փրկուած էին 1915-ին։ Մեր ընտանիքները Քամըշլը հաստատուելէն ետք յարատեւ եղաւ իրենց բարեկամութիւնը։ Աստղիկ մանկութեան շրջանին ուշադրութեամբ լսած էր անոնց պատմութիւնը։ Այդ յիշածները ինծի հետ ալ բաժնեց։ Ստուգեց այդ ժամանակի պայմաններով 8-10 օր տեւած ուղեւորութեան կանգառները։ Հիւսամէտտին ինքնաշարժը վարած պահուն կը ջանար կարելի եղածին չափ հաւատարիմ մնալ առաջարկուած ուղիին։ Իսկ ես անընդհատ կը նկարէի երբեմն ինքնաշարժի լուսամուտէն, երբեմն ալ ինքնաշարժը կանգնեցնելով։
Յաճախ կը հանդիպիմ Սուրիայէն եկած գաղթականներուն։ Ամէն տեղ են, ամենուրէք։ Գիւղաքաղաքներն են, ճամբաները… Ոմանք բամպակ կը քաղեն, ոմանք արտերու քարերը կը հաւաքեն։ Փողոցները նստած են, ամէն տեղ են, ամենուրէք։ Հայրս եւ ընտանիքը նոյն պայմաններու մէջ էին, երբ Տիյարպէքիրը թողելով Սուրիա գացին։ Դատարկ էր քսակնին, գրպաննին պարապ։ 80 կամ 90 տարիներ առաջ անոնց օգնած մարդիկ այժմ իմ պապերուս թողած վայրերը ապաստան կը գտնեն։ Կ՚երեւի ուրիշներ ալ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր տեղերու մէջ պիտի հարկադրուին իրենց հարազատ գիւղերը, քաղաքները եւ երկիրները թողելով օտար ափեր ապաստանիլ։ Նոր կեանքի մը մէջ ամբողջ անցեալ մը յիշատակի պիտի վերածուի եւ այդ յիշատակէն պիտի խնայեն իրենց յաջորդ սերունդները։ Մարդկութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը այս չէ՞ արդեօք։
Տարօրինակ զգացում մըն է առանց պատկերացում մը կազմելու նկարելը։ Կը փորձէի ամէն ինչ 9 տարեկան պատանիի մը աչքով ընկալել։ Արդեօք ինչերու հիացած կամ ինչերով զարմացած էր։ Որոնց հանդիպած էր ճամբորդութեան ընթացքին։
Հայրս երբեք չէր պատմած այս ճամբորդութեան մասին։ Բայց վերջապէս ես հօրս մանկութեան վերածուած էի։ Անոր աչքերով տեսայ ամէն ինչ եւ ներքուստ արտասուեցայ անձայն։ Ճամբորդութիւնը աւարտած էր եւ ես հօրս էրկիրը, իմ էրկիրը ետս թողած էի առյաւէտ։