Բայց դեռ բանտարկուած

Աւե­լի քան 11 տա­րի բան­տարկութեան դա­տապար­տուած Սե­ւան Նշա­նեան կը փո­խադ­րուի աւե­լի մեղմ պայ­մաններ ու­նե­ցող Սուլթան Հի­սարի Բաց Ար­գե­լանո­ցը։ Ան այս օրե­րուս ժա­մանա­կաւոր ազա­տու­թիւն մը կ՚ապ­րի, որուն շնոր­հիւ յա­ջողե­ցանք իր հետ կապ հաս­տա­տել։

Աւե­լի քան 11 տա­րի բան­տարկութեան դա­տապար­տուած Սե­ւան Նշա­նեան կը փո­խադ­րուի աւե­լի մեղմ պայ­մաններ ու­նե­ցող Սուլթան Հի­սարի Բաց Ար­գե­լանո­ցը։ Ան այս օրե­րուս ժա­մանա­կաւոր ազա­տու­թիւն մը կ՚ապ­րի, որուն շնոր­հիւ յա­ջողե­ցանք իր հետ կապ հաս­տա­տել։ Ինչպէս պի­տի յի­շեն «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րը Սե­ւան Նշա­նեան Թուրքիոյ մէջ շի­նարա­րական կա­նոն­նե­րը խախտե­լու մե­ղադ­րանքով բան­տարկուած միակ անձն է։ Կը հարցնենք նոր ար­գե­լանո­ցի պայ­մաննե­րը եւ կը ստա­նանք հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւ­նը՝ «այստեղ պայ­մաննե­րը շատ աւե­լի հեշտ են։ Դրան առ­ջեւ ժան­տարմնե­րը պա­հակ չեն կանգնած։ Օրուան մէջ ազատ ենք ամ­բողջ տա­րած­քին մէջ շրջե­լու։ Եթէ պէտք ըլ­լայ հի­ւան­դա­նոց եր­թա­լու հա­մար ար­տա­կարգ հսկո­ղու­թիւններ չեն կա­տարուիր։ Օրուան մէջ ազատ ենք նաեւ զան­գա­հարե­լու։ Այս բո­լորէն զատ երեք ամի­սը ան­գամ մը ար­տօ­նուած ենք դուրս ել­լե­լու»։

Փոր­ձուած ըլ­լա­լով Սե­ւան Նշանեանի նա­խորդ բան­տարկու­թիւննե­րէն կը հարցնենք թէ ի՞նչ աշ­խա­տու­թիւններ կը տա­նի բան­տին մէջ։ «Բա­ռարա­նի մը վրայ կ՚աշ­խա­տէի, որը աւար­տած եմ։ Այժմ թրքե­րէնի մա­սին աշ­խա­տու­թիւն մը ու­նիմ։ Կը յու­սամ որ շու­տով կ՚աւար­տի, քա­նի որ ար­դէն հա­սած եմ աշ­խա­տանքի կէսին» կը յայտնէ Սե­ւան Նշանեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ