61-րդ Ծնունդդ Շնորհաւոր

15Սեպտեմբեր 2015, 61-րդ ծնունդը Հրանդ Տինքի։ Ծնունդդ Շնորհաւոր։ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք, իր անու­նը յա­ւէր­ժացնե­լու մի­տու­մով հիմ­նուած Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի աւան­դա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը «Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակ»ը կա­յացաւ Իս­թանպու­լի Հա­մագու­մարնե­րու Կեդ­րո­նի դահ­լի­ճին մէջ։

15Սեպտեմբեր 2015, 61-րդ ծնունդը Հրանդ Տինքի։ Ծնունդդ Շնորհաւոր։ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակութենէն ետք, իր անու­նը յա­ւէր­ժացնե­լու մի­տու­մով հիմ­նուած Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի աւան­դա­կան նա­խաձեռ­նութիւ­նը «Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակ»ը կա­յացաւ Իս­թանպու­լի Հա­մագու­մարնե­րու Կեդ­րո­նի դահ­լի­ճին մէջ։

Մեծ թի­ւով հրա­ւիրեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ կա­յացած մի­ջոցա­ռու­մը սկսաւ երաժշտա­կան կա­տարումնե­րով։ Եր­կու մե­նակա­տար­ներ Ճէյ­լան Էր­թէմ եւ Այ­լին Խա­չատու­րեան իւ­րա­յատուկ ոճով մեկ­նա­բանե­ցին թրքե­րէն, հա­յերէն եւ անգլե­րէն եր­գեր։ Ապա օրուան հան­դի­սավա­րը Էմի­նէ Քո­լիվար բեմ հրա­ւիրեց պատ­մա­բան Թա­նէր Աք­չա­մը, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձը նկա­տի ու­նե­նալով պատ­րաստած էր յա­տուկ բա­նախօ­սու­թիւն մը։

Անուանի պատ­մա­բանը իր խօս­քե­րուն սկսաւ նախ 1915-ի դէպ­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն հա­մարե­լու մա­սին տա­րակար­ծութիւննե­րը ջրե­լով։ Նշեց թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռի հե­ղինակ Ռա­փայէլ Լէմ­քին բա­զում ան­գամներ պատ­մած է, որ այս եղե­լու­թիւնը ու­սումնա­սիրած է հայ ժո­ղովուրդին դէմ գոր­ծադրուած ոճի­րը օրի­նակ ու­նե­նալով 

«Ի՞նչ կը նշա­նակէ պատ­մութեան հետ առե­րեսուիլ, եւ ին­չո՞ւ ստի­պուած ենք առե­րեսուիլ։ Ջար­դը եւ բնաջնջու­մը հա­սարա­կու­թեան մը ար­դա­րու­թեան զգա­ցողա­կանու­թիւնը եւ խղճմտան­քը կը ոչնչաց­նեն։ Եթէ պատ­մութեան մէջ ձեր գոր­ծած ոճիր­նե­րը հեր­քէք, հա­ւանա­կանու­թիւն կայ, որ նոյն ոճիր­նե­րը դար­ձեալ գոր­ծէք։ 1878 թուակա­նէն ի վեր Օս­մա­նեան-Թուրք ղե­կավար­նե­րը զբա­ղեցու­ցած հայ­կա­կան բա­րենո­րոգումնե­րու խնդրին պա­տաս­խանն է ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը։ Պատ­մութեան բե­ռը մեր ու­սե­րուն վրայ դրուած է, պատ­մութիւ­նը որ­պէս մղձա­ւանջ մեր ետե­ւէն կու գայ։ Ազ­գա­յին պե­տու­թիւն հաս­կա­ցողու­թեան հա­ւատա­ցող­նե­րը փոր­ձե­ցին խո­տոր տար­րե­րէն մաք­րա­գոր­ծուած եր­կիր մը ստեղ­ծել։ Մինչդեռ քիւրտ, թուրք, արաբ, հայ, ասո­րի, չեր­քէզ, ալէ­վի, սիւննի, աւե­լի դիւ­րին է միաս­նա­բար ապ­րիլ։ 100 տա­րի առաջ հայ­կա­կան բա­րեփո­խումնե­րը կան­խե­լու հա­մար գոր­ծադրուած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը այ­սօր ալ հա­ւանա­կանու­թիւն մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ քրտա­կան բա­րեփո­խումնե­րը կան­խե­լու հա­մար։ Հրանդ Տին­քը պի­տի ապ­րեցնենք որ­պէս քա­ղաքա­ցիական իրա­ւունքնե­րու ռա­հվի­րայ, եւ այս հո­ղերուն վրայ պի­տի կեն­դա­նաց­նենք անոր երա­զան­քը»։ (Թա­նէր Աք­չա­մի այս խիստ շա­հեկան բա­նախօ­սու­թեան ամ­բողջա­կան թարգմա­նու­թիւնը պի­տի հրա­տարա­կենք «Ակօս»ի յա­ջորդ թի­ւին մէջ)

Կրկնուեցաւ նա­խորդ տա­րինե­րու աւան­դութիւ­նը եւ «Ոգեւորումներ» ընդհա­նուր խո­րագ­րին մէջ ներ­կա­յացուեցաւ աշ­խարհի զա­նազան ան­կիւննե­րէն տե­սանիւ­թեր, որոնք օրի­նակ­ներ կը հան­դի­սանա­յին խտրա­կանու­թեան, բռնու­թեան, ցե­ղապաշ­տութեան դէմ աւե­լի ար­դար աշ­խարհ մը կեր­տե­լու հա­մար մղուած պայ­քարնե­րու։ Սա­կայն այս տա­րի դա­րադար­ձը նկա­տի ու­նե­նալով վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մե­րու բե­մադ­րիչ Իւ­միտ Քը­վանչ պատ­րաստած էր երկրորդ ֆիլմ մը, այս ան­գամ խո­րագիր ու­նե­նալով «Ոգեւորումներ 1915»։ Այս բաժ­նին մէջ յի­շուե­ցան ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն տի­րող դա­ժանու­թեան դէմ դիրք բռնած մար­դիկ։ 

Ու վեր­ջա­պէս հա­սած էր ամե­նահե­տաքրքրա­կան պա­հը։ Բե­մի պաս­տա­ռին վրայ ներ­կա­յացան նախ Սէուտական Արաբիացի մար­դու, յատ­կա­պէս ալ կի­ներու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան Սա­մար Պա­տաուի ու ապա Թուրքիոյ մէջ միասե­ռական­նե­րու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան «Քաոս ԿԼ» միաւո­րու­մի պայ­քա­րի ու­ղին։ Սա­մար Պա­տաուի կ՚ապ­րի այնպի­սի երկրի մէջ, ուր կը տի­րէ շէ­րիաթի օրի­նակա­նու­թիւնը։ Այդ հաս­կա­ցողու­թիւնը կը մեր­ժէ կի­ներու ան­հա­տակա­նու­թիւնը, անոնք են­թարկե­լով արա­կան սե­ռի հո­գածու­թեան։ Ան այս վիճակին դէմ պայ­քա­րեցաւ, մեր­ժե­լով հօ­րը պար­տադրած ամու­սի­նը։ Կի­ներու անհնա­զան­դութիւ­նը հա­մակար­գի դէմ սպառ­նա­լիք հա­մարող երկրին մէջ դա­տուե­ցաւ ու պատ­ժուեցաւ։ Սա­կայն այս խի­զախ երի­տասարդ կի­նը շա­րու­նա­կեց իր պայ­քա­րը ամ­բողջ հա­մակար­գին դէմ։ Ինքնա­շարժ վա­րելու իրա­ւունքն ան­գամ զլա­ցուած է կի­ներէ, եւ ան յա­ճախա­կի դի­մումներ կա­տարեց վա­րոր­դա­կան փաս­տա­թուղթ ապա­հովե­լու հա­մար։ Ի պա­տաս­խան այս բո­լորին Սէուտական իշ­խա­նու­թիւննե­րը գրա­ւած են իր ան­ցա­գիրը, որու հե­տեւան­քով ինք չէ կրցած մաս­նակցիլ այս մրցա­նակա­բաշ­խութեան։ Բե­մին վրայ զինք ներ­կա­յացուց մի այլ արաբ կին գոր­ծիչ՝ Էլ­սա Սաատի, որ Ռա­քէլ Տին­քի եւ Շէպ­նէմ Քո­րուր Ֆին­ճանճիի ձեռ­քէն մրցա­նակ ստա­նալէ ետք կարճ ելոյթ մը ու­նե­ցաւ դար­ձեալ ընդգծե­լով Սա­մար Պա­տաուիի մղած պայ­քա­րը։

«Քաոս ԿԼ» միաւո­րու­մը պար­բե­րակա­նի մը շուրջ հա­մախմբուած գոր­ծիչնե­րով, մօտ 20 տա­րի է որ յա­մառ պայ­քար կը տա­նին միասե­ռական­նե­րու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելու հա­մար։ Բնա­կանա­բար անոնք խմբո­վին բեմ բարձրա­ցան իրենց մրցա­նակը այս մի­ջոցառ­ման Կազմակերպչական Խորհուրդի ատե­նապետ Ալի Պայ­րա­մօղ­լուի ձեռ­քէն առ­նե­լու հա­մար։ «Քաոս ԿԼ»ի անու­նով ելոյթ ու­նե­ցաւ Ալի Էրօլ, որ դրուատեց Հրանդ Տին­քի ներդրու­մը բո­լոր տու­ժածնե­րու իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելու պայ­քա­րին մէջ։

Մի­ջոցառ­ման աւարտն հետզհե­տէ աւան­դա­կան դար­ձած, ցու­ցադրուեցաւ Հրանդ Տինքի Գերմանիոյ մէջ «Հէնրիկ Նաննէն» մրցանակը ստանալու պահու տեսանիւթը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ