Հայ-թրքական հակաթրաֆիքինկի համագործակցութիւն

ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

«Աու­­տիօ-Վի­­ժըլ (AudioVisual) Լրագ­րողնե­­րու Միու­­թիւն» հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը սոյն թո­­ւակա­­նի Սեպ­­տեմբե­­րի 8-ին հան­­դի­­­պում ու­­նե­­­ցաւ Թուրքիոյ մէջ գոր­­ծող կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու հետ, որոնք կը զբա­­ղուին մար­­դա­­­վաճա­­ռու­­մի (թրա­­ֆիքինկ) հար­­ցով։

Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն նախ ներ­­կա­­­յացուեցաւ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան առա­­քելու­­թիւնը, իրա­­կանա­­ցու­­ցած ծրա­­գիր­­նե­­­րը ու ապա քննար­­կո­­­ւեցաւ հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան հե­­ռան­­կարնե­­րը։

Հա­­յաս­­տա­­­նը «Մարդկանց թրա­­ֆիքինկ»ի մա­­սին ԱՄՆ Պետ­­քարտու­­ղա­­­րու­­թեան 2014թ-ի զե­­կոյ­­ցին 188 եր­­կիրնե­­րու շար­­քին դա­­սուած է առա­­ջին խումբի մէջ, ին­­չը կը նշա­­նակէ, որ ՀՀ կա­­ռավա­­րու­­թիւնը առա­­ւելա­­գոյն ջան­­քեր կը գոր­­ծադրէ թրա­­ֆիքին­­կի դէմ պայ­­քա­­­րի ուղղու­­թիւնով։ Այս ցու­­ցա­­­նիշը, ինչ խօսք, ան­­չափ գո­­վելի է, սա­­կայն, թե­­րեւս, պէտք է առա­­ւել կա­­րեւո­­րել գոր­­ծադրած ջան­­քե­­­րու ար­­դիւնա­­ւետու­­թիւնը։

«Աու­­տիօ-Վի­­ժըլ Լրագ­­րողնե­­րու Միու­­թիւն» հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեպու­­թիւնը հե­­տաքրքրո­­ւած էր Թուրքիոյ մէջ տի­­րող իրա­­վիճա­­կով, եւ թէ մէ­­տիան ինչպէս կ՚անդրա­­դառ­­նայ թրա­­ֆիքին­­կի խնդրին։ Մաս­­նա­­­կից կա­­ռոյցնե­­րը ներ­­կա­­­յացու­­ցին այս ոլոր­­տէ ներս իրենց փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը, եւ շեշ­­տե­­­ցին, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ մէջ թրա­­ֆիքին­­կի դէմ պայ­­քա­­­րը տար­­բեր ուղղու­­թիւննե­­րով է։ Հա­­յաս­­տա­­­նը կը հան­­դի­­­սանայ աղ­­բիւր-եր­­կիր, ուրկէ մար­­դիկ թրա­­ֆիքին­­կի կ՚են­­թարկո­­ւին։ Հե­­տեւա­­բար, պե­­տական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը եւ երկրի մէ­­տիայի անդրա­­դար­­ձը տար­­բեր է։

Կը կար­­ծեմ թէ, այս պատ­­ճա­­­ռով է, որ Հա­­յաս­­տան աւե­­լի մտա­­հոգ պի­­տի ըլ­­լայ թրա­­ֆիքին­­կի դէմ պայ­­քա­­­րի աք­­տիվ եւ ար­­դիւնա­­ւետ գոր­­ծե­­­լուն, որ­­պէսզի կան­­խէ այն Հա­­յաս­­տա­­­նի սահ­­մաննե­­րէ ներս եւ ոչ թէ պայ­­քա­­­րի անոր հե­­տեւանքնե­­րուն դէմ Թուրքիոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ