Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած «Պոլսեցի Յոյներ Տիեզերական Դաշնակցութիւն»ը 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերու 60 ամեակին առթիւ պահանջներ յայտնեց Թուրքիոյ պետութեան։
ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ
uygargultekin@agos.com.tr
Թուրքիայէն գաղթելով Յունաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած «Պոլսեցի Յոյներ Տիեզերական Դաշնակցութիւն»ը 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերու 60 ամեակին առթիւ պահանջներ յայտնեց Թուրքիոյ պետութեան։ Դաշնակցութեան նախագահ Նիկողայոս Ուզունօղլու եւ ընդհանուր քարտուղար Նիկողայոս Անակնաստափուլոյի ստորագրութեամբ մէյմէկ նամակ ղրկուած է Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախագահ Իսմէտ Եըլմազի եւ քաղաքական կուսակցութիւններու կեդրոններուն։ Նամակին մէջ կը պահանջուի որ Թուրքիա մեղանչէ 6-7 Սեպտեմբերի պատահածներուն համար եւ պոլսեցի յոյներու այս առթիւ մատնուած տառապանքը սփոփէ ետ դարձի կոչ մը հրապարակելով։ Նամակի հեղինակներէն Պոլսեցի Յոյներու Տիեզերական Դաշնակցութեան ատենապետ Նիկողայոս Ուզունօղլու յայտնեց թէ այս դիմումին հիմք կը կազմէ ՄԱԿ-ի 60/147 բանաձեւը։ Ան նաեւ դիտել կու տայ որ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը 1950-է ետք Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան նահանջի կարեւորագոյն ազդակը եղած է։ Ան նաեւ նշեց որ իրենց միութիւնը անցեալին ալ այս բնոյթով դիմում մը կատարած էր, որ անպատասխան մնաց։ Իսկ վարչապետ Տաւութօղլու 5 Դեկտեմբեր 2014-ին հանդիպում մը ունեցած է միութեան վարիչներուն հետ Աթէնքի մէջ։ Յոյներու պահանջներուն մէջ ուշագրաւ են պատմական «Յունաց Գրականութեան Միութիւն»ի արխիւներուն Անգարայէն Իսթանպուլ ետ բերուիլը, Պէյօղլույի Աղջկանց Կեդրոնական Վարժարանին համալսարան ըլլալով վերաբացուելուն աջակցիլ, անհատական սեփականութիւններու մասին գործադրուած սահմանափակումներուն վերացումը եւ այլն։
Այս բոլորին մէջ ամենաուշագրաւ պահանջարկը կը մնայ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հրապարակաւ եւ պաշտօնապէս պախարակումը։ Երեւոյթ մը՝ որուն խորհրդանշական իմաստը շատ աւելի նշանակալից է, քան որեւէ նիւթական հատուցում։