Ձեր կեանքի ամենաուրախ եւ զուարթ երեք քիլօմեթրերը
ՅԱՍՄԻԿ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Գունազարդ վազքը (The Color Run) աշխարի մէջ լայն արձագանգ գտած միջոցառում մըն է, որ առաջին անգամ կատարուած է 2011-ին ԱՄՆ-ի մէջ։ Այսօր արդէն աշխարհի աւելի քան 50 երկրներու մէջ 300-էն աւելի գունազարդ վազքի մրցոյթներ կատարուած են։ Վազքի հիմնադիրները նպատակ ունեցած են ամենաուրախ եւ զուարճալի մրցոյթը կազմակերպել, զերծ անհանգստութենէն ու մրցոյթներուն բնորոշ լարուածութենէն։ Գունազարդ վազքը ունի հիմնային մի քանի գաղափարներ.
Առողջ ապրելակերպ- Մրցոյթի մասնակցիներու մեծամասնութիւնը առաջին անգամ կը մասնակցին 5 քմ երկարութ-եամբ վազքի մը։ Սա խթան կը հանդիսանայ, որ մէկ անգամ մասնակցելէ յետոյ անոնք շարունակեն միշտ զբաղուիլ վազքով։
Երջանկութիւն– «Երկրագունդի ամենաուրախ 5 քմ» խորագիրը ամէն ինչ կ՚ըսէ վազքի՝ մասնակիցներուն բերած խինդին ու բերկրանքին մասին։
Անհատականութիւն- Գունազարդ վազքի մասնակիցները կու գան ամենատարբեր ընկերական ու տարիքային խմբերէն։ Անոնց մէջ կան ինչպէս արհեստավարժեր, այնպէս ալ վազքի կամ ուղղակի միջոցառումներու մասնակցելու սիրահարներ։
Համայնքային մասնակցութիւն- Վազքի կազմակերպման մտքին մէջ կայ նաեւ բարեգործութեան գաղափարը։ Մրցոյթի արդիւնքին հաւաքուած գումարը կ՚ուղղուի բարեգործութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւններուն
Այս տարի 15 Օգոստոս թուականին մրցոյթը հասաւ նաեւ Հայաստան։ Մրցոյթին մասնակցելու համար անհրաժեշտ էր նախապէս գնել 3.000 դրամ արժողութեամբ տոմս, որուն արդիւնքին մասնակցին կը տրուի վազքի համարանիշ, ռեզինէ թեւնոց, փոշեներկով փաթեթ եւ ջուր՝ վազքուղիի վերջը։ Հարկ է նշել, որ Երեւանեան վազգուղին կրճատուած էր, այսպէս մրցոյթի երեւանեան մասնակիցները հաստ 5 քմ-ի փոխարէն կը վազեն 3 քմ-ով։
Միջոցառման արդիւնքին գոյացած հասոյթի մէկ մասը կը փոխանցուի 9 տարեկան Գոռի վիրահատական ծախսերը հոգալու։ Գոռը ողնուղեղային բարդ վնասուածք ունի եւ չի կարողանար քայլել։
Միջոցառումը յատկապէս երիտասարդ շրջանակներու մօտ լայն արձագանգ գտած է։ Այն լիցքաթափուելու, ուրախանալու ու խենթութիւն ընելու հարթակ դարձած էր՝ հնարաւորութիւն տալով երգել, պարել եւ ինչու ոչ, նոր ծանօթութիւններ հաստատել։
-Ես վաղուց կը սպասէի, որ մրցոյթը անցկացուի Հայաստանի մէջ։ Տեսած եմ, թէ ինչպէս են արտերկրի մէջ անցկացրել, ու շատ կը սպասէի, որ այն Հայաստան եւս կազմակերպուի։ Շատ ուրախ ու դրական միջոցառում է,- կը պատմէ գունազարդ վազքի մասնակից Ճոն Մկրտչեանը։
Գոյներու այս տոնախմբութեան Երեւանի մէջ մասնակցած են շուրջ 1000 հոգի։ Վազքուղին առաջին աւարտող 3 տղայ եւ 3 աղջիկ պարգեւատրուած են մրցանակներով։