ԷՄՄԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
ՀՀԿառավարութիւնը Օգոստոս 13-ին կայացած նիստին որոշում ընդունած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաշուեկշռին մաս կազմող եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութիւնը հանդիսացող «Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր» պետական ոչ առեւտրային կառոյցը վաճառելու մասին։ Որոշուած է այն ուղղակի վաճառքի ձեւով փոխանցել ՆՏԱԱ Ինվեստմենտ Գրուպ ՍՊԸ-ին։ Համալիրի վաճառքի գինը 30 մլն ԱՄն տոլար է։ Այն վաճառուած է 30 մլն դրամով կազմակակերպութեան մը, որն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ ստեղծուած է։ Գնորդը պարտաւորուած է վեց ամիս ժամկէտով ապահովել Մարզահամերգային համալիրի 99 աշխատողներու աշխատանքային պայմանագրերը՝ նուազագոյն աշխատավարձի պայմանով։
Նիստի ժամանակ Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանը ներկայացուցած է նախատեսուած ծրագիրը, որ իրականացուած է 4 տարուան ընթացքին։ Ըստ այդ ծրագրի ՆՏԱԱ Ինվեստմենտ Գրուպ ՍՊ ընկերութիւնը նպատակ ունի Կ. Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի ձեռք բերման եւ յարակից տարածքի կառուցապատման միջոցով իրականացնել խոշոր ներդրումային ծրագիր։
Մասնաւորապէս, նախատեսուած է վերանորոգել համալիրի շէնքը, իրականացնել կառուցապատում եւ ստեղծել ընտանեկան ուղղուածութեան համալիր կեդրոն, որն առաջինը կ՚ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ տարածաշրջանի մէջ։
Այն կը ներառէ հիւրանոցներ, փակ ջրաշխարհ, համերգային դահլիճներ, հանդիպումներու սրահներ, ճաշասրահներ, խանութներ եւ խաղատուն։
Ծրագրի ընդհանուր ծախսը՝ ներդրումներու չափը, կը գերազանցէ 100 մլն ԱՄՆ տոլարը։ Ծրագիրը կապահովէ առնվազն 250 նոր աշխատատեղ։
Համալիրի վաճառքը դժգոհութիւն առաջացուցած է քաղաքացիական շրջանակներու մօտ, քանի որ մարդիկ մտավախութիւն ունին, թէ այս տարածքն ալ շատ այլ տարածքներու նման նպատակին չի ծառայեր։ Բացի այդ գնորդը ոմն անյայտ Արման Գէորգեանն է, ով վստահութիւն չի ներշնչեր։